Feature

Մտահոգուած՞ էք սիրած անձի մը խաղամոլութեան խնդիրէն, ահա թէ ինչպէս կրնաք օգնել իրեն

Խաղամոլութեան բացասական հետեւանքները տարբեր ձեւերով կը յայտնուին, ազդելով ոչ միայն խաղամոլին այլ նաեւ անոր ընտանիքին և ընկերներուն վրայ: Անկախ այն իրողութենէն թէ ձեր սիրած անձը կը փորձէ ձերբազատուիլ խաղամոլութենէ կամ ապաքինումի մէջ է, աջակցութիւն ստանալը կարեւոր է: Աւստրալիոյ մէջ, օգնութիւն կը տրամադրուի տարբեր լեզուներով:

slot machines.jpg

Pokies present more risk of harm than any other form of gambling, according to an NSW Responsible Gaming Fund report. Credit: Getty Images/Alina555

ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
  • Խաղամոլութեան հնարաւոր վնասները կը տարածուին ֆինանսական խնդիրներէն մինչեւ մտային առողջութիւն:
  • Ընտանիք և ընկերներ կ'ազդուին մէկու մը խաղամոլութենէն, սակայն հնարաւոր է աջակցութիւն ստանալ:
  • Մշակութային դիւրազգացողութիւններ կրնան արգիլել որ մարդիկ օգնութիւն խնդրեն:
  • Արդիւնաւոր կերպով սիրած անձի մը օգնելը կը պահանջէ որ ընտանիք և բարեկամներ եւս օգնութիւն ստանան:
Առցանց և արտցանցային բախտախաղի հետեւանքով ստացած վնասը ամէն անգամ չէ որ տեսանելի է, կ'ըսէ Սիտնի Համալսարանի Հոգեբանութեան Փրոֆէսօր Sally Gainsbury:
Յաճախ կը կոչուի ծածուկ կախուածութիւն որովհետեւ եթէ մէկը խաղամոլութեան խնդիր ունի, այդ չի տեսնուիր անոր աչքին մէջ կամ հոտը կարելի չէ քաշել շունչէն... սակայն վնասները նոյնն են և ֆինանսական ծախսերը եւս նոյնն են:
Sally Gainsbury, Հոգեբանութեան Փրոֆէսօր Սիտնի Համալսարանին մէջ
Փրոֆէսօր Gainsbury Տնօրէնն է համալսարանի Խաղամոլութեան Բուժումի և Հետազօտութեան Կեդրոնին:

Ան կ'ըսէ որ խաղամոլութենէ ապաքինումի ճամբան բարդ գործընթաց մըն է, թէ անհատին և թէ զինք շրջապատող անձերուն համար:

Շատ յաճախ կրկին կը մոլորին, կ'ըսէ ան:
Tama ma lana kate talatupe.jpg
Online wagering tends to appeal to a different cohort than that of poker machines, but the harms are the same Credit: Getty Images/becon
համաձայն, չափահասներու 7,2 առ հարիւրը խաղամոլութեան վտանգի մէջ կը գտնուին:

Մշակութային և Լեզուական Տարբեր համայնքներ աւելի բախտախաղ չեն խաղար քան ընդհանուր հասարակութիւնը, սակայն հետազօտութիւնը ցոյց կ'ուտայ որ անոնք աւելի խոցելի են խաղամոլութեան պատճառած վնասներէն: 

Natalie Wright, Տնօրէնը New South Wales-ի Պատասխանատու Բախտախաղի Գրասենեակին, ըսաւ որ այլազան համայնքներէ մարդիկ, որոնք խաղամոլութեան խնդիրներ կը դիմագրաւեն, հնարաւոր է որ նաեւ խուսափին օժանդակութիւն խնդրելէ ամօթի պատճառով:
Շատ մը համայնքներու մէջ խորհրդատուութիւնը իսկապէս խորթ, արեւմտեան գաղափար մըն է: Ուրեմն, յաճախ այն ըմբռնումը կայ որ մարդիկ կ'ուզեն խնդիրները ընտանիքին մէջ պահել:
Natalie Wright, Տնօրէնը New South Wales-ի Պատասխանատու Բախտախաղի Գրասենեակին
Sad family.jpg
Խաղամոլութեան վնասը ոչ միայն կ'ազդէ անձին վրայ որ բախտախաղով կը զբաղի Credit: Getty Images/uniquely India
Խաղամոլութեան խնդիրներ ունեցող մարդոց հարազատները և ընկերները եւս կրնան ազդուիլ:

Անոնք յաճախ կը զգան ֆինանսական վնաս որ կապ ունի խաղամոլութեան խնդիրներու հետ: Անոնք հնարաւոր է որ ճնշում զգան իրենց յարաբերութեան մէջ և պէտք է յարմարին կապ ունեցող ժխտական հետեւանքներուն հետ:

“Ուրեմն, այս մարդիկ պէտք է օժանդակութիւն ստանան իրենք իրենց համար անկախ այն իրողութենէն եթէ անձը կը փորձէ ապաքինուիլ խաղամոլութենէն: Օգտակար է նաեւ եթէ անոնք կը փորձեն մէկու մը օգնել որ կը փորձէ ապաքինուիլ” կը բացատրէ Փրոֆէսօր Gainsbury:
Concerned man with bill.jpg
Մէկու մը ֆինանսական բարօրութեան Փոփոխութիւնները կրնայ նշան մը ըլլալ որ խաղամոլութիւնը հարց մը դարձած է Credit: Getty Images/Narisara Nami
Ադամ*, արաբական ծագումով արեւմտեան Սիտնիի բնակիչ մը, 2014 թուականէն կը փորձէ ձերբազատուիլ խաղամոլութենէ: 

Ան կ'ըսէ որ իր անմիջական ընտանիքը եւս ազդուեցաւ և իր ապաքինումի ընթացքին անոնք միշտ իրեն նեցուկ կանգնեցան: 

Ան յիշեց որ իր ապաքինումի ընթացքին մօտիկ ազգական մը ինքն իրեն համար օգնութիւն խնդրեց խորհրդատուութեան միջոցով:

“Անոնք աւելի լաւ կրցան օգնել իմ ապաքինումի պահանջներուն, որ երբեմն շատ դժուար կրնայ հասկցուիլ եթէ մէկը մոլի չէ”:

“Կը կարծեմ որ մասնագիտական օգնութիւն խնդրելը զիրենք աւելի կարող դարձուց հասկնալու որ իրենք պատասխանատու չեն պատահածին և իրենց յանցանքը չէ”:

Ադամի համար, իր ապաքինումի բեկումնային կէտը եկաւ -ի միջոցով, որ կանանց և մարդոց խմբակցութիւն մըն է որոնք իրենց փորձառութիւններու մասին կը խօսին և ուրիշներուն կ'օգնեն որ ապագինուին խաղամոլութեան խնդիրներէն:

Սակայն Ադամ կը հաւատայ որ ամէն մարդ տարբեր ձեւերով կրնայ ապաքինուիլ խաղամոլութեան խնդիրէն:
[Որոշ] մարդիկ կը յաջողին միայն ամէն շաբաթ խորհրդատուութեան երթալով, գործ փոխելով կամ աւելի մարզանք ընելով: Որոշ բաներ կան որ կրնան օգտակար ըլլալ բոլորին:
Ադամ*, կ'ապագինուի խաղամոլութեան խնդիրներէն
support group.jpg
Peer-to-peer support and online forums can be helpful for some. Credit: Getty Images/Marco VDM
Օգնութեան որեւէ ճամբայ կրնայ օգտակար ըլլալ, որքան ժամանակ որ օգնութիւն կը տրամադրուի, կ'ըսէ Փրոֆէսօր Gainsbury:

Ան կը նմանեցնէ խաղամոլութեան հետ զործ ունենալը օդանաւի մը մէջ արտակարգ դրութեան կացութեան մը հետ, ուր ճամբորդներուն խորհուրդ կը տրուի որ թթուածինի դիմակները դնեն ուրիշերուն օգնելէ առաջ:
Կարեւոր է որ մարդիկ իմանան որ օգնութիւն կը տրամադրուի իրենց և իրենք առանձին չեն:
Փրոֆէսօր Gainsbury.
Doctor with patient.jpg
Որոշ մարդիկ աւելի հանգիստ կը զգան հարցնելով իրենց բժիշկին որ իրենց ուղղութիւն տայ դէպի մասնագիտացած ծառայութիւններ: Credit: Getty Images/nahsoon
Նահանգային ծառայութիւնները միջոցներ և խորհուրդ կը տրամադրեն հեռաձայնով, առցանց կամ անձնապէս:

New South Wales-ի կառավարութեան՝ (The Number that Changed our Life) ծանուցումի արշաւը, նպատակ ունի օգնելու բազմազան համայնքներէ մարդոց, որոնք խաղամոլութեան խնդիրներ կը դիմագրաւեն բայց չեն գիտէր թէ ինչպէս օգնութեան դիմեն:

New South Wales-ի մէջ օգնութեան առաջին կէտը -ն է կ'ըսէ Natalie Wright (հեռախօսի թիւը 1800 858 858): Անոնց կայքը թարգմանուած է հինգ համայնքային լեզուներով ներառեալ արաբերէն, պարզեցուած և աւանդական չինարէն, հինտի, քորէերէն և վիեթնամերէն:

Կը տրամադրուի նաեւ ֆինանսական խորհրդակցութիւն:

Եթէ կուտակուող պարտքեր կան ձեր հարազատի խաղամոլութեան հետեւանքով կամ ֆինանսական հարցեր կան, կրնաք ֆինանսական խորհուրդ ստանալ կ'առաջարկէ Տիկ Wright:
Շատեր ոչ պաշտօնական օգնութեան պիտի դիմեն, ինչպէս առողջապահական մասնագէտներու կամ համայնքին մէջ օգնութեան, ինչպէս համայնքի ղեկավարներու կամ կրօնական ղեկավարներու կամ իրենց ընտանիքին մէջ օգնութեան:
Փրոֆէսօր Gainsbury.
“50 լեզուներէ աւելի խորհրդատուութիւն կը տրամադրուի որեւէ անձի նահանգի տարածքին,” կ'ըսէ Տիկին Wright:

*Իր իսկական անունը չէ

Օգնութեան համար հեռաձայնել կամ սեղմել վարի կապերը


Share
Published 25 August 2022 10:04am
By Zoe Thomaidou
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends