Կարեւոր կէտեր
- Բարի Գալուստ Երկիր արարողութիւնը կը տարբերի Երկրի Ճանաչում արարողութենէն
- Միայն որոշ շրջանի մը Աւանդական Խնամակալները կրնան կատարել Բարի Գալուստ Երկիր արարողութիւնը
- Միջոցներ կան օգնելու ձեզի որ պատրաստէք Ճանաչում մը ձեր ձայնով
Բարի Գալուստ դէպի Երկիր ընդհանրապէս ճառի, պարի կամ ծխելու արարողութեան մը ձեւով կը կատարուի ձեռնարկի մը սկզբնաւորութեան: Բարի գալուստի ծիսակարգը կը կատարուի միայն այն հողին Աւանդական Խնամակալներուն կողմէ, որու վրայ ձեռնարկը տեղի կ'ունենայ:
Ինչ՞ կը նշանակէ Բարի Գալուստը
Բարի Գալուստ Երկիրը հոգեկան անվտանգութիւնը ապահովելու մասին է կ'ըսէ Ճուտ Պարլո, Նկունավալ Երէց մը Քանպերա շրջանէն:
“Դէպի Երկիր Բարի Գալուստով դիմաւորումը կը նշանակէ որ կը խօսիք ձեր հոգեկան նախնիներուն հետ և դուք կ'ըսէք «Ձգեցէք որ այս մարդը անցնի: Կը հաւատանք որ որեւէ վնաս պիտի չհասցնէ այս Երկրին որով իրեն վնաս մի հասցնէք», կ'ըսէ ան:
Երբ կը մտնեմ ուրիշ Առաջին Ազգի մը Երկիրը, կը սպասեմ որ բարի գալուստով դիմաւորուիմ որպէսզի զգամ որ հոգիները խնդիր չ'ունին ինծի հետ որ այնտեղ կը գտնուիմ, որովհետեւ անոնք տակաւին մեզի հետ են կենդանիներու մէջ են, ծառերու մէջ են:
Ինչ՞ է Երկիրը
‘Երկիր’ եզրը բարդ գաղափարներ կը ներկայացնէ: Կը գործածուի նկարագրելու համար հող, ջրուղի, և երկինք, բայց կը մարմնացնէ նաեւ կեանքի, ընտանիքի և կապակցութեան գաղափարը, կ'ըսէ Ճուտ Պարլո:
“Ուժ մըն է որ կը զգամ երբ Երկրի մը մէջ եմ: Երբ այստեղ չեմ բան մը պակաս է իմ կեանքէս: Կապ մըն է նաեւ իմ նախնիներուն հետ որովհետեւ Ապօրիճին մարդիկ բերանացի պատմութիւն ունին և Երկիրը կը պարունակէ այդ պատմութիւնները”:
Որեւէ մէկը կրնայ՞ Բարի Գալուստ դէպի Երկիր արարողութիւնը կատարել
Բարի Գալուստ արարողութիւնը միայն կը կատարուի Աւանդական Խնամակալներու կողմէ հողին վրայ ուր կը հանդիպիք:

Welcome to Country performed at Big Bash League, Perth Source: Paul Kane/Getty Images
Յաճախ, Խնամակալները պաշտօնապէս ճանչցուած են որպէս Աւանդական Տէր խումբը յատուկ շրջանի մը, կ'ըսէ Փօլ Բադոն, Կուննայ և Մոնարօ մարդ մը հարաւ-արեւելեան Աւստրալիայէն: Ան Գործադիր տնօրէնն է Վիքթորիայի Աւանդական Սեփականատէրերու Ընկերակցութիւններու Դաշնութեան:
“Աւանդական Տէրեր կապուած են յատուկ տեղի մը կամ Երկրի մը հետ և իսկապէս կարեւոր է յարգել այդ կապը այդ կտոր մը հողին հետ, կամ այդ մշակութային բնավայրին հետ - այդ հազարաւոր սերունդներու երկարատեւ կապը” կ'ըսէ ան:
Աւստրալիոյ որոշ մասերուն մէջ, Աւանդական Խնամակալները լաւ ճանչցուած են: Սակայն, տարբեր մասերու մէջ, Պահապանի մը ինքնութիւնը պարզելը որոշ հետազօտութեան կը կարօտի, յատկապէս եթէ անոնք պաշտօնապէս ճանչցուած չեն:
Կառավարական կազմակերպութիւններ և տեղական քաղաքապետարաններ յաճախ ձեզ կրնան կապել Աւանդական Տէրերուն հետ: Կապ հաստատելով ձեր տեղական Ապօրիճին Հողի Խորհուրդին հետ կամ Ապօրիճին առողջապահական կազմակերպութիւններուն հետ, անոնք եւս կրնան ձեզի շիտակ ուղղութիւն տալ:
‘Երկրի Ճանաչումը’ տարբեր՞ է?

Welcome to Country performed before Super Netball, Melbourne 2022 Source: AAP Image/James Ross
Առ ի յարգանք, ‘Երկրի Ճանաչում’ նմանապէս կը տրուի հանդիպումի մը կամ ձեռնարկի մը սկզբնաւորութեան: Տարբերութիւնը այն է որ Աւանդական Խնամակալի մը կողմէ պարտադիր չէ որ տրուի:
“Երկրի Ճանաչում կրնանք բոլորս ալ տալ, սեւամորթ թէ ճերմակ, ուրտեղէն ալ որ կ'ուգանք,” կ'ըսէ SBS-ի Երէց, Րոտա Րոպըրթս:
“Ճանաչումը, ճանչնալն է որ կ'աշխատիք կամ կ'ապրիք հողի մը վրայ որ այդտեղէն չէք, սակայն խնդիր չկայ: Տակաւին կը պատկանիք այդ հողին և պիտի ճանչնաք և շնորհակալութիւն յայտնէք Խնամակալներուն և Երէցներուն”:
Պատրաստել Ճանաչում մը
Սահմանուած բառեր չկան Ճանաչումի մը համար, որով մտադրութիւն և անկեղծութիւն էական են: Հնարաւորութիւն մըն է սրտէն խօսելու փոխանակ օգտագործելու գոյութիւն ունեցող գրութիւն մը:
Առցանց միջոցներ կան օգնելու որ պատրաստէք ձեր Ճանաչումը:
“Վերջին վայրկեանին մի ձգէք այլ ծրագրեցէք որպէս ձեր ձեռնարկի մէկ մասը և ոչ թէ յաւելում մը” կ'ըսէ Ճուտ Պարլօ:
"Այդ յարգանքի նշան մըն է":
Ուշադիր եղէք նշելու Երկրի անունը, որու հողին վրայ կը հանդիպիք և օգտագործեցէք աւանդական անունը:

Acknowledgement of Country given by Aunty Yvonne Weldon during the First Nations Fashion + Design show, Sydney 2022 Source: Stefan Gosatti/Getty Images
Միշտ անունը տուէք Աւանդական Խնամակալներուն եթէ պաշտօնապէս ճանչցուած են և յարգանքի տուրք մատուցէք Երէցներուն, անցեալ, ներկայ և նոր յայտնուող:
Եթէ Աւանդական Խնամակալները յայտնի չեն, կամ բազմաթիւ խումբեր հետաքրքրութիւն ներկայացուցած են յատուկ Երկրի մը համար, աւելի նախընտրելի է աւելի ընդհանուր ճանաչում տալ «Աւանդական Խնամակալներուն» կ'ըսէ Փօլ Բադոն:
“Եթէ վէճի ենթակայ Երկիր մըն է, այդ նաեւ պէտք է ճանչցուի”: