Ճամբորդութեան սահմանափակումները կը փոխուին Սիտնիի վերջին բռնկումէն ետք: Ահա թէ ի՞նչ պէտք է իմանաք:

Այս արձակուրդի օրերուն ոեւէ մէկը որ կը յուսայ միջ-նահանգային ճամբորդութիւն կատարել, ահա թէ ի՞նչ պէտք է իմանայ ճամբորդութեան սահմանափակումներու մասին:

Just a week before Christmas, state and territory leaders have rushed to impose new travel restrictions on travellers from Sydney's Northern Beaches.

Just a week before Christmas, state and territory leaders have rushed to impose new travel restrictions on travellers from Sydney's Northern Beaches. Source: Getty Images AsiaPac

Ս. Ծննդեան տօներէն միայն շաբաթ մը առաջ, Նահանգային եւ հողամասային առաջնորդներ շտապած են ճամբորդութեան նոր սահմանափակումներ պարտադրել Սիտնիի Հիւսիսային Ծովեզերքէն եւ Մեծն Սիտնիէն ճամբորդողներուն համար, ուր պսակաժահրի (քորոնավայրըսի) պարագաները կը շարունակուին աճիլ:  

 Բռնկումի պարագաներու ընդհանուր գումարը 70-ի բարձրացաւ Կիրակի օր երբ քննութեան 30 նոր դրական արդիւնքներ արձանագրուեցան մէկ գիշերուայ ընթացքին, իսկ վարակներու աղբիւրը դեռ եւս յայտնի չէ իշխանութիւններուն:     

«Ըստ էութեան, մենք պիտի վերադառնանք այն սահմանափակումներուն որոնք կը գործէին Մարտ ամսուայ ընթացքին՝ միայն Հիւսիսային Ծովեզերքի տեղական կառավարման տարածքին համար» ըսաւ ան:   
Պարագաներու ցնցումային աճը, արձակուրդի համար միջ-նահանգային ճամբորդութիւններ կատարել յուսացող Սիտնիի եւ Նիու Սաութ Ուէյլզի բնակիչներուն համար նոր օրէնքներու դրդապատճառ դարձած է: Ահա թէ ի՞նչ պէտք է գիտնաք:      

Վիքթորիա

Կիրակի կէս գիշերէն սկսեալ Մեծն Սիտնիի բնակիչներուն, ներառեալ Central Coast -ի եւ Blue Mountains- ի բնակիչներուն, կ'արգիլուի դէպի Վիքթորիա ճամբորդութիւնը: Վարչապետ Դանիէլ Էնտրուզ ամբողջ տարածաշրջանը «կարմիր գօտի» յայտարարեց:  

Այդ ժամանակէն յետոյ նահանգ մուտք գործող ոեւէ անհատ 14 օրուայ պանդոկային մեկուսացման պիտի ենթարկուի:

Վերադարձող Վիքթորիացիները յաւելեալ 24 ժամ ունին ետ տուն վերադառնալու համար, ուր անոնցմէ կ'ակնկալուի 14 օր ինքնամեկուսանալ իրենց տան մէջ:

Երկուշաբթի կէս գիշերէն ետք վերադարձողները նոյնպէս պիտի ենթարկուին պանդոկային մեկուսացման պայմաններուն:

Պրն. Էնտրուզ յայտնեց որ նշանակալի նոր քայլը «դժուար որոշում է, բայց այդ պատշաճ որոշումն է»:

Ան ըսաւ որ սահմաններու փակումը կը շարունակուի «այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է» եւ պիտի չի վերցուի երբ Չորեքշաբթի կէս գիշերին Հիւսիսային Ծովեզերքի արգելափակումը կը վերջանայ:

Մարդիկ որոնք արդէն Վիքթորիայի մէջ են եւ Դեկտըմբեր 11-ին կամ անկէ վերջ Հիւսիսային Ծովեզերք եղած են, պէտք է մեկուսանան եւ քննութեան ենթարկուին:

Քուինզլէնտ

Քուինզլէնտի առողջապահութեան մարմինները եւս յայտարարած են որ Նահանգը կը գոցէ իր սահմանը Մեծն Սիտնիի բնակիչներուն համար:

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր առաւօտեան ժամը 1-էն սկսեալ Մեծն Սիտնին վտանգաւոր կէտ (hotspot) կը յայտարարուի:

Ոեւէ մէկը որ Դեկտեմբեր 11-էն իվեր Սիտնի, Blue Mountains, Central Coast եւ Illawarra-Shoalhaven գտնուած է, պիտի չթոյլատրուի  նահանգ մուտք գործել առանց բացասումի: Եթէ բացասում շնորհուի, անոնցմէ պիտի պահանջուի 14 օր պանդոկային մեկուսացման ենթարկուիլ:

Քուինզլէնցիները տուն վերադառնալու համար 24 ժամ եւս ունին - մինչեւ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 1-ը - բայց պէտք է քննութեան ենթարկուին եւ 14 օր ինքնամեկուսանան:

«Եթէ դուք Մեծն Սիտնիէն էք, այժմ Քուինզլէնտ ճամբորդելու ժամանակը չէ» ըսաւ Քուինզլէնտի Նահանգապետ Անաստասիա Բալաչուք Կիրակի օր:

Նոր օրէնքները կիրարելու համար, Քուինզլէնտը նաեւ պիտի վերականգնէ ՆՍՈՒ-ի սահմանային անցակէտերը:

 Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողատարածք

Կիրակի կէս գիշերէն սկսեալ ACT-ն կը պահանջէ որ Սիտնիէն, Central Coast-էն, Illawarra-Shoalhaven-էն եւ Nepean Blue Mountains-էն եկող ոեէ մէկը 14 օր մեկուսանայ:

«Եթէ դուք ACT-ի բնակիչ չէք եւ այս վայրերէն որեւէ մէկուն մէջ եղած էք, մեր պատգամը պարզ է ... մի՛ ճամբորդէք դէպի ACT» Կիրակի օր լրագրողներուն ըսաւ ACT-ի Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Քերին Քոլմէն: 

Ճամբորդողին հետ նոյն տան մէջ եղողը եւս կը պահանջուի մեկուսանալ, ըսաւ ան:

ACT Health-ը այս շրջաններէն եկող ոչ բնակիչներէն բացասման հայցեր պիտի չի քննարկէ, բացառութեամբ ծայրայեղ պատճառաբանութեան պարագաներու, աւելցուց Տր. Քոլմէն:

«Ես կը հասկնամ որ սա շատերուն համար դժուար պիտի ըլլայ, եւ մենք, հաստատ այս որոշումները թեթեւօրէն չենք առներ:

«Թէեւ սահմանափակումները անհրաժեշտ եղածէն աւելի երկար պիտի չպահենք, մենք կ'ուզենք որ համայնքը պատրաստ ըլլայ, սա կրնայ շարունակուիլ Ս. Ծնունդէն անդին եւ հնարաւոր է մինչեւ Նոր Տարի»:

ACT Health- ի նախնական խորհուրդը կ'ըսէր որ սահմանափակումները կը վերաբերին նաև անոնց որոնք այցելած էին  NSW- ի Shoalhaven շրջանը, բայց աւելի ուշ իշխանութիւնները պարզեցին, որ այդ ուժի մէջ չէ:

Արեւմտեան Աւստրալիա

Արեւմտեան Աւստրալիան կը վերականգնէ ՆՍՈՒ-ի հետ իր խիստ սահմանը նկատի ունենալով Հիւսիսային Ծովեզերքի բռնկման ծաւալը, յայտարարեց Նահանգապետ Մարք ՄքՔաուըն:

Շաբաթ կէս գիշերէն սկսեալ նահանգին «ցած վտանգաւոր» չափանիշը ՆՍՈՒ-ի համար բարձրացուած է «միջին վտանգաւոր»-ի ինչ որ կը նշանակէ թէ պիտի վերականգնէ միեւնոյն խիստ միջոցները որոնք տեսնուած էին տարուան սկիզբը:

Դեկտեմբեր 20-էն յետոյ միակ մարդիկը որոնք պիտի կարենան թռչիլ դէպի նահանգ, պիտի ըլլան բացառութիւններ ունեցողները:
Պրն. ՄքՔաուըն ըսաւ որ «դժուար որոշում» մը եղած է, նկատի ունենալով տարուան ժամանակը:

«Կը հասկնամ որ սա աւերիչ լուր պիտի ըլլայ մարդոց համար որոնք հաճոյքով կը սպասէին Ս. Ծնունդին ՆՍՈՒ-ի մէջ հանդիպիլ իրենց ընտանիքին» ըսաւ ան:

Հիւսիսային Հողամաս

Հիւսիսային Հողամասը փաստօրէն փակած է իր սահմանը Մեծն Սիտնիի ճամբորդներուն համար որը ուժի մէջ կը մտնէ անմիջապէս, Կիրակի օր, յայտնեց  Գլխաւոր Նախարարի Տեղակալ Նիքոլ Մէնիսըն:

Սիտնիէն, Blue Mountains-էն, Central Coast-էն եւ Illawarra-էն ՀՀ ժամանող մարդիկ 14 օրուայ մեկուսացման պիտի ենթարկուին:

«Մենք ըսած ենք որ մեր թիւ մէկ նախապատուութիւնը Հողամասայիններուն կեանքերը պաշտպանել է, եւ եթէ ստիպուած ըլլայինք, խիստ պիտի գործէինք, լայն եւ կանուխ» լրագրողներուն ըսաւ Տկն, Մէնիսըն: «Եւ մենք արագօրէն պիտի գործէինք եւ  մենք այսօր դարձեալ այդ ըրած ենք»:

Ան յայտնեց որ սահմանափակումները անմիջապէս ուժի մէջ են, Սիտնիէն եկող թռիչքի մը ուղեւորներուն դժուարին ընտրութեան մատնելով:

Անոնք երբ վայրէջք կատարեն, իրենց առիթը պիտի տրուի ընտրելու՝ 14 օր մեկուսանալ կամ ուղղակի ետ Սիտնի վերադառնալ:

Թասմանիա

Առողջապահութեան մարմինները Հիւսիսային Ծովեզերքի Տեղական Կառավարման Տարածքը  անուանած են բարձր-վտանգի շրջան, արգիլելով Դեկտեմբեր 11-էն իվեր այդ տեղէն անցած ոեւէ ճամբորդի մուտք գործել Թասմանիա, բացի եթէ անհրաժեշտ ճամբորդներ են:  

Դեկտեմբեր 20-էն Թասմանիան Մեծն Սիտնիի տարածքը կը յայտարարէ «միջին վտանգաւոր»: Այդ տարածքէն ոեւէ մէկը որ կը ճամբորդէ դէպի նահանգ, ստիպուած է 14 օր մեկուսանալ:

Ոեւէ մէկը որ արդէն Թասմանիոյ մէջ է եւ այդ թուականէն տարածքին մէջ կը գտնուէր, կը խնդրուի անմիջապէս ինքնամեկուսանալ եւ քննութեան ենթարկուիլ:

Սիտնիէն դէպի Հոպարթ զբօսանաւի մրցումը իր  պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով չեղեալ յայտարարուած է, եւ կազմակերպիչները խոստովանած են որ Սիտնիի քորոնավայրըսի բռնկումը անկարելի դարձուցած էր կազմակերպելը:

Հարաւային Աւստրալիա

Հարաւային Աւստրալիոյ նահանգապետ Սթիվըն Մարշըլ Կիրակի օր յայտարարեց որ իր նահանգը Կիրակի կէս գիշերէն սկսեալ կը փակէ Մեծն Սիտնիի հետ իր սահմանը, եւ անցակէտեր պիտի հաստատուին ՆՍՈՒ-ի ճանապարհային սահմանային անցակէտերուն եւ Ատըլէյտի օդակայանին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի քննութիւն կատարելու համար:

Մեծն Սիտնիէն ժամանող բոլոր մարդիկը ՀԱ ժամանելուն պէս պարտադիր 14 օրուայ մեկուսացման պիտի ենթարկուին մինչ Հիւսիսային Ծովեզերքի բոլոր բնակիչները ետ պիտի ուղարկուին:

Յաւելեալ տեղեկութիւն AAP-էն

Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է իրարմէ առ նուազն 1,5 մէթր հեռու մնան: Ստուգեցէք ձեր իրաւասութեան սահմանափակումները հաւաքոյթներու սահմանափակումներու վերաբերեալ:

Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք, տունը մնացէք եւ քննութիւն մը կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ կապուեցէք Քորոնավայրըսի Առողջապահութեան Տեղեկատուութեան Արագ Գիծ 1800 020 080 հեռախօսահամարով:

Լուր եւ տեղեկատուութիւն հասանելի է 63 լեզուներով sbs.com.au/coronavirus կայքէջէն: Կը խնդրենք ստուգել ձեր նահանգի կամ տարածքի համապատասխան ուղեցոյցները. NSW, Victoria, Queensland, Western Australia, South Australia, Northern Territory, ACT, Tasmania:

 

  

 


Share
Published 20 December 2020 9:25pm
Updated 22 December 2020 10:09am
By SBS News
Presented by Marie Evanian
Source: SBS


Share this with family and friends