Ազգային խորհրդարանը, ի պատասխան Միացեալ Թագաւորութեան պսակաժահրի խիստ վարակիչ տարբերակի աճող սպառնալիքին, ՔՈՎԻՏ-19-ի պաշտպանութիւնը ուժեղացնելու համար նեցուկ կանգնած է նոր միջազգային եւ ներքին ճամբորդական միջոցառումներուն:
Մեծն Պրիզպէնը նոյնպէս պսակաժահրի «թեժ կէտ» հռչակուած է Հասարակապետութեան մակարդակին, երբ մաքրող մը նոր տարբերակի փորձարկման դրական արդիւնք ցոյց տուած է – քաղաքը եռօրեայ արգելափակման տանելով:
Փոփոխութիւններու համաձայն, դէպի Աւստրալիա թռչող ճամբորդներ նախ քան մեկնիլը պէտք է ՔՈՎԱԻՏ-19-ի փորձարկման բացասական արդիւնք արձանագրէ, եւ, վերադարձող ճամբորդներու սահմանափակումները եւս կրճատուած են:
Միացեալ Թագաւորութենէն եկող թռիչքներու ճամբորդները նախ քան տուն դառնալու համար օդանաւ բարձրանալը, նոյնպէս ենթակայ պիտի ըլլան պսակաժահրի նոր տարբերակի համար արագ քննութեան ենթարկուելու:
Դիմակները պարտադիր կը դառնան բոլոր ներքին եւ միջազգային թռիչքներու ժամանակ եւ Աւստրալիոյ ներքին օդակայաններուն մէջ – բացառութեամբ 12 տարեկանէն վար երեխաներու – եւ առաջարկուած արտասահմանեան օդակայաններու մէջ:
«Այս ժահրը կը շարունակէ գրել իր սեփական կանոնները, եւ այդ կը նշանակէ որ մենք պէտք է շարունակենք յարմարուիլ թէ ինչպէս պիտի շարունակենք պայքարել ատոր դէմ», ըսաւ Պրն. Մորիսըն:
Փորձարկման պահանջներու որոշ բացառութիւններ պիտի ըլլան, օրինակ, ժամանակաւոր աշխատողներ ցած վտանգաւոր երկիրներէ՝ ուր քննութեան ենթարկուելու սահմանափակ հնարաւորութիւն կայ, որոնք փոխարէնը «յարմարցուած» ստուգումներու պիտի ենթարկուին:
Միջազգային ժամանողներու սահմանափակումները կրճատուած են մինչեւ Փետրուար
Նիու Սաութ ՈՒէյլզի, Արեւմտեան Աւստրալիոյ եւ Քուինզլէնտի մէջ Աւստրալիա վերադարձող միջազգային ժամանողներու սահմանափակումները 50 տոկոսով կրճատուած են:
Նիու Սաութ Ուէյլզի մէջ վերանայուած սահմանափակումները կը նուազին շաբաթական 1505 անձի, Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ՝ շաբաթական 512-ի եւ Քուինզլէնտի մէջ՝ շաբաթական 500 անձի:
Վիքթորիան եւս պիտի շարունակէ ունենալ շաբաթական 490 անձի իրաւունք – նախապէս, նահանգին մէջ պսակաժահրի երկրորդ ալիքէն ետք, այդ թիւը կրճատուած էր:
Ազգային Խորհրդարանը Ուրբաթ օր Նահանգային եւ տարածաշրջանային ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումին, կրճատումի որոշումը հաստատեց մինչեւ 15 Փետրուար:
Պրն Մորիսըն յայտնեց որ արտասահմանի մէջ արձանագրուած Աւստրալիացիներուն 80 տոկոսը այժմ կը գտնուին այն երկիրներուն մէջ ուր պսակաժահրի նոր տարբերակը ակնյայտ է:
«Նոր փոփոխակի հետ կապուած շատ անյայտութիւններ եւ անորոշութիւններ կան, եւ այդ պատճառով կը կարծենք որ, այս նախազգուշական մօտեցումը շատ խելամիտ է», ըսաւ ան:
Գլխաւոր Բժշկական Պաշտօնեայ Բոլ Քելի ըսաւ որ «խիստ եւ արագ եւ ուժեղ» պատասխանը ուղղուած էր վերացնելու նոր խիստ փոխանցիկ պսակաժահրի վտանգները:
«Մեր հիմնական խնդիրը Աւստրալիացիները ապահով պահելն է եւ իսկապէս ապահովել որ այս տուեալ փոփոխակը Աւստրալիոյ մէջ շրջանառուողը չի դառնայ» ըսաւ ան:
«Պատճառը այն է որ վերահսկելը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ»:
Այժմ, բոլոր մեկուսացման աշխատաւորները եւս օրական քննութեան պիտի փորձարկուին:
Միջազգային օդային անձնակազմը պէտք է ՔՈՎԻՏ-19-ի քննութեան ենթարկուի Աւստրալիոյ մէջ ամէն եօթը օրը մէկ կամ ժամանելուն պէս, եւ թռիչքներու միչեւ պէտք է մեկուսանայ յատուկ որոշեալ յարմարութիւններու մէջ:
Ներկայիս շուրջ 38,000 մարդ արձանագրուած է Արտաքին Գործոց եւ Առեւտուրի Բաժանմունքին քով որոնք կ'ուզեն վերադառնալ արտասահմանէն: