SBS Ձայնասփիւռը աւարտեց իր լեզուի ծառայութիւններու վերատեսութիւնը: Այս գործընթացը ձեռնարկուեցաւ ապահովելու համար, որ ծառայութիւնները կ'արտացոլան Աւստրալիոյ արագօրէն փոխուող և երթալով աւելի բազմազան հասարակութիւնը: 2012ին, մենք վերատեսութեան ենթարկեցինք SBS Ձայնասփիւռի ծառայութիւնները 18 տարուայ մէջ առաջին անգամը ըլլալով: Այն ժամանակ, յանձնառու եղանք կրկին վերատեսութեան ենթարկելու մեր ծառայութիւնները 2016 թուականի մարդահամարէն ետք:
2016 թուականի մարդահամարի տուեալներուն վրայ հիմնուած, 1,3 միլիոնէ աւելի մարդիկ գաղթած են Աւստրալիա անցած հինգ տարիներու ընթացքին և մոտաւորապէս 4,87 միլիոն մարդիկ անգլերենէ զատ ուրիշ լեզու մը կը խօսին տան մէջ: SBSի լեզուի ծառայութիւնները պիտի վերադասաւորուին ցոլացնելու համար այսօրուայ Աւստրալիան:
SBS Ձայնասփիւռի Ծառայութիւններու Վերատեսութիւնը նկատի առաւ ունկնդիրներու լսելու սովորութիւնները, թուային հարթակներու օգտագործումը և ժողովրդագրութիւնը:
Փոփոխութիւնները պիտի սկսին Երկուշաբթի Նոյեմբեր 20ին: