Key Points
- • “Stop it at the Start” արշաւը նպատակ ունի կտրելու բռնութեան օղակը քաջալերելով չափահասները որ դրական ազդեցութիւն ունենան երիտասարդներու վրայ:
- • Պէտք է դադրեցնենք արդարացումները և կրթենք երեխաները յարգալիր վերաբերմունքի վերաբերեալ:
- • Միջոցներ մատչելի են օգնելու որ խօսակցութիւնը սկսիք
Յաճախ արդարացումի արտայայտութիւններ կը լսենք, ինչպէս՝ տղայ են և նման բաներ կ'ընեն, երբ ականատես կը դառնանք, աղջիկներու կամ կանանց դէմ, անյարգալիր կամ բռնութեան վերաբերմունքի:
Մասնագէտներ կ'ըսեն որ տղոց վերաբերմունքի արդարացումները, հակառակ որ առ երես վտանգաւոր չեն, սակայն անգիտակցաբար կը բնականոնացնեն յարձակողական վարքը որ իբր բան մըն է որ յատուկ է տղոց կամ բան մըն է որ աղջիկները սադրած են:
Անարգական վերաբերմունքի բոլոր ձեւերը չէ որ բռնութեան կ'առաջնորդեն, սակայն կանանց դէմ բռնութիւնը առաջ կ'ուգայ անարգական վերաբերմունքէն:
Ինչ՞ է “Կեցուր Սկզբնաւորութեան” արշաւը
Աւստրալիական Կառավարութիւններու Խորհուրդի ձեռնարկ մըն է, որու նպատակն է կեցնել սեռի վրայ հիմնուած ամէն տեսակի բռնութիւն:
Արշաւը սկսաւ 2016-ին երբ մատչելի դարձան երեխաներու և կանանց դէմ բռնութեան վրդովեցուցիչ վիճակագրական տուեալները:
- Երեք կիներէն մէկը, 15 տարեկանէն ֆիզիքական կամ սեռային բռնութեան զոհ դարձած է ծանօթ անձի մը կողմէ:
- Գրեթէ չորս կիներէն մէկը, 15 տարեկանէն, հոգեկան բռնութեան ենթարկուած է իր կողակիցին կողմէ:
Գիտենք որ միջին հաշուով, տասը օրը մէկ, կին մը կը սպաննուի իր ներկայ կամ նախկին կողակիցին կողմէ:Ընկերային Ծառայութիւններու և Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման նախարար, Ճասթին Էլիըթ
“Շարունակական նուազում մը տեսնելու միակ միջոցը, սեռային անհաւասարութեան և խտրականութեան այլ ձեւերու հարցը յաղթահարելն է ազգային զօրաւոր ջանքերով,” Ընկերային Ծառայութիւններու և Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման նախարար Ճասթին Էլիըթ ըսաւ SBS-ի:
Ճանչնալով որ երիտասարդներու վատ վարքագիծը կ'ազդուի և կը կերտուի զիրենք շրջապատող չափահասներու, խնամողներու կողմէ, արշաւը կը թիրախաւորէ 10-17 տարեկան զաւակներ ունեցող ծնողքները և ընտանիքի միւս անդամները որպէսզի անդրադառնան իրենց վարուելակերպին վրայ:
Ճանչնալ կրկնուող բռնութիւնը
“Բռնութիւնը չի սկսիր, կայլ 'աճի” կ'ըսէ Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն, ծնողք ըլլալու մասնագէտ մը և Ոգեշնչուած Երեխաներ գիրքի հեղինակը:
Մեծցած ըլլալով տան մը մէջ ուր բռնութիւնը անցած էր անոր մեծ հօրմէն իր հօրը, Բժիշկ Մքալբայն անձնապէս զգացած էր կրկնուող բռնութիւնը:
“Մեր հայրը կը պատկանէր սերունդի մը որ կը հաւատար որ լաւ երեխաներ մեծցնելու միջոցը կարգապահութիւնը և մարմնական պատիժն էր:"

Անցած սերունդներ կը հաւատային որ կարգապահութիւնը և մարմնական պատիժը լաւ երեխաներ մեծցնելու միջոց է Credit: FluxFactory/Getty Images
Ան կը յիշէ որ ամառը դպրոց կ'երթար հագնելով տաբատ և զուգագուլպաներ ծածկելու համար կապտուկները:
“Բայց այդ օրերուն ոչ ոք բան մը կ'ըսէր, և մեզի համար բաւական սովորական էր մեր համայնքին մէջ:
“Կրնաք սորվիլ շատ մը չգործող բաներ և շատ մը մարդիկ այդ կ'ընեն այդ միջավայրին մէջ: Որպէս երեխայ կը սորվինք ընտանեկան կեանքի մասին, ինչ որ ընդունելի է և ինչ որ ընդունելի չէ, որն՞ է շիտակը և որը ոչ:”
Կրկնուող վարուելակերպի հերթականութիւնը կտրելը դժուար է որովհետեւ, ինչպէս Բժիշկ Րոզինա Մքալբայնի հայրը, շատեր որ նման բռնութիւն կը գործադրեն, կը հաւատան որ շիտակ բանը կը կատարեն:
Այս պատճառով, կանանց հանդէպ անյարգալից վերաբեմունքը կը շարունակուի որովհետեւ իրագործողները այլ ճամբայ չեն գիտէր:
Երբ աւելի երիտասարդ էի, կը մտահոգուէի որ հօրս պէս պիտի ըլլամ: Երկար տարիներ անցուցի հետազօտելով և ես կտրեցի իմ ընտանիքի մէջ բռնութեան կրկնութիւնը:Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն ծնողք ըլլալու մասնագէտ մը և Ոգեշնչուած Երեխաներ գիրքի հեղինակը:
Դադրեցուցէք արդարացումները
Կանանց հանդէպ անյարգալից կամ բռնութեան վարքագիծի արդարացումը, կրնայ երիտասարդ մարդոց մօտ այն տեսակէտը կազմել թէ ինչը՞ ընդունելի է:
Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն կ'ըսէ որ պէտք չէ թոյլ տանք արդարացումներ և կրթենք մեր զաւակները թէ ինչ՞ է յարգալից վերաբերմունքը:

Ծնողքներ և խնամողներ պատասխանատուութիւն ունին կրթելու երեխաները յարգանքի մասին: Credit: MoMo Productions/Getty Images
Արդիւնաւէտ, բաց և շարունակական խօսակցուիւն ունեցէք
Արշաւի նպատակներէն է “քաջալերել, արդիւաւէտ, բաց և շարունակական խօսակցութիւն մը սեռային հաւասարութեան և յարգալից յարաբերութիւններու վերաբերեալ,” կ'ըսէ Տիկին Էլիըթ:
“Կարեւոր է սկսիլ այդ խօսակցութիւնը:"
Երեխաներու հետ անյարգալից և բռնութիւն գործածելու մասին խօսակցութիւնները երբէք դիւրին չեն: Սակայն ծնողքներ և խնամողներ պէտք է պատրաստ ըլլան խօսելու և յաճախ խօսելու:
Երբէք փոքր չէ կամ երբէք ուշ չէ խօսելու ձեր զաւակներուն հետԲժիշկ Րոզինա Մքալբայն
Արշաւին տրամադրած նիւթերէն մէկը : Միջոց մըն է որ ձեզի կ'օգնէ խօսակցութիւն մը սկսելու պատասխանելու և կողմնորոշուելու երեխաներու պատասխաններուն մէջէն:
Որպէս ուսուցիչներ, որպէս ծնողքներ, իւրաքանչիւր հանգրուանին, կարեւոր է արդարացումներ չկատարել, փոխարէնը կենալ և կրթել և խօսակցութիւններ ունենալ թէ ինչ՞ է յարգալից վերաբերմունքը:Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն
Ուրեմն, եթէ եղբայրներ և քոյրեր կը կռուին, փոխանակ անտեսելու կացութիւնը “արդարացումներ” օգտագործելով , կանգ առ և հարց տուր իրենց, “այդ՞ էր շիտակ վերաբերմունքը,” “այդ վարուելակերպը յարգալից՞ էr,” “ինչպէս՞ պիտի զգայիր եթէ դուն ըլլայիր” Բժիշկ Մքալբայն կը թելադրէ:
Կայ նաեւ որ թոյլ կ'ուտայ ծնողքներուն և ընտանիքի անդամներուն որ ճանչնան և հասկնան երեխայի մը տեսակէտը յարգանքի վերաբերեալ, ձեզի առիթը տալով որ սկսիք խօսակութիւնը:
Հարցը դիմագրաւել մշակութայն զգայուն կերպով
Կանանց և երեխաներու դէմ բռնութեան տոկոսը յաճախ աւելի բարձր է որոշ Մշակութային և Լեզուական Տարբեր համայնքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու խումբերուն մէջ, ըսաւ Տիկ Էլիըթ:
Մշակութային և Լեզուական Տարբեր համայնքներու ղեկավարներ էական դեր ունին խաղալիք, այս հարցերուն դէմ միջոցներ ձեռք առնելով մշակութային զգայուն կերպով:
Մարիա Տիմոփուլոս Վիքթորիայի մէջ տնային բռնութեան մասնագէտներու ծառայութիւններու գլխաւոր մարմնին, Ապահով և Հաւասար (Safe and Equal), վարչութեան ղեկավարն է:
Ան յայտնեց որ երբ կը դիմագրաւենք կանանց և երեխաներու բռնութեան կանխարգիլումը այս համայնքներուն մէջ, այնպէս պէտք է ընենք որ “կը ճանչնայ մշակոյթի դերը և թէ ինչպէս բազմամշակութիւնը կազդէ այս փորձառութիւններուն վրայ”:
Փոխանակ դիտելու մեր մշակոյթը կամ հաւատքը որպէս թերութիւն մը, ինչպէս՞ կրնանք այս կառուցուածքը օգտագործել կերտելու համար զօրաւոր և իմաստալից յանձնառութիւններ մեր համայնքներուն մէջ:Maria Dimopoulos, Safe and Equal-ի ատենապէտ
Stop it at the Start արշաւը ունի անգլերէնէ զատ այլ լեզուներով և բնիկներու աղբիւրներ որոնք կարելի է գտնել վրայ:
Արշաւը դրական արդիւնքներ կ'արձանագրէ
Կեցուր Սկիզբէն իր չորրորդ հանգրուանը մտաւ այս տարի և մինչեւ օրս կատարուած գնահատականը ցոյց կ'ուտայ որ արշաւը դրական արդիւնք կ'ուտայ:
"Մարդոց 82 առ հարիւրը, որոնք տեսան արշաւը հասկցան և ընդունեցին իրենց դերը ցոյց տալով երիտասարդներուն ինչպէս յարգանքով վերաբերիլ" ըսաւ Տիկին Էլիըթ:
Ուրեմն, կրթենք մեր զաւակները յարգալից վերաբերմունքի վերաբերեալ: Գիտակցելով թէ բռնութեան հերթականութիւնը ինչպէս կը գործէ, կրնանք սկիզէն կեցնել և դառնալ դրական օրինակներներ:
Օգնութիւն և Ծառայութիւններ
Եթէ դուք կամ որեւէ մէկը որ կը ճանչնաք ենթարկուած է կամ կ'ենթարկուի սեռային բռնութեան կրնաք հեռաձայնել 1800RESPECT հեռաձայնելով 1800 737 732 թիւին կամ այցելելով . Արտակարգ դրութեան մը պարագային հեռաձայնել 000: