Մարդիկ տակաւին կը վարակուին քորոնա ժահրով Աւստրալիոյ մէջ: Ինչ՞ պէտք է ընէք եթէ վարակուիք

Մինչ ընկերային հեռաւորութիւնը և փակումները կը գործեն, տակաւին կարեւոր է որ Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ գիտնան թէ ինչ պէտք է ընեն եթէ վարակուին ՔՈՎԻՏ-19-ով: Ամէն մարդ չէ որ պէտք է հիւանդանոց մնայ:

Civil liberties organisations warn tough measures to deal with COVID-19 must not outlast the pandemic

Source: Getty Images

ՔՈՎԻՏ-19-ով ախտաճանաչուիլը կրնայ ցաւալի և վախնալիք փորձառութիւն մը ըլլալ:

Ցարդ, աւելի քան 6,000 մարդոց պատահեցաւ Աւստրալիոյ մէջ:

Մինչ երկիրը կը նուազեցնէ վարակումներու բարձրացումի տոկոսը, հաւանական է որ շատ աւելի մարդիկ պիտի վարակուին մինչեւ որ համաճարակը հանդարտի:

Այս շատ կարեւոր կը դարձնէ որ անոնք որոնք վարակուած են ժահրով, գիտնան թէ ինչ պէտք է ընեն:

Ինչ՞ պէտք է ընէք եթէ վարակուիք ժահրով

Քրիս Մոյ բժիշկ մըն է և նախագահը Աւստրալիական Բժշկական Ընկերակցութեան Հարաւային Աւստրալիոյ մասնաճիւղին:

Ան կ'ըսէ որ առաջին բանը որ քորոնա ժահրով վարակուած անձ մը պէտք է ընէ տուն մնալն է: Իսկ անոնք որոնք իր հետ կը բնակին, պէտք է նոյնպէս ապահովական միջոցներ ձեռք առնեն:

“Ակներեւ է որ առաջին բանը որ պէտք է ընեն պէտք է տունը մնան որոպէսզի հիւանդութիւնը չտարածեն,” ըսաւ ան SBS News-ի:

“Պէտք է հեռու մնան տան մէջ այլ անձերէ: Իսկ տան մէջ գտնուող այս անձերը պիտի դառնան փաստուած կապեր և անոնք եւս պէտք է ինքնամեկուսանան:”

Իսկ անձերը որոնց կրնայ որ վարակած էք՞

Փաստուած կապեր գտնելու գործընթացը կը կոչուի կապի հետքերով երթալ:

Բժիշկ Մոյ կ'ըսէ որ անոնք որոնք կը յայտնաբերուին որ կապ ունեցած են ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած անձի մը հետ, տարբեր միջոցներ ձեռք պէտք է առնեն:

“Ներկայիս, թիւերը բաւական քիչ են և հանրային առողջութեան իշխանութիւններ տակաւին կրնան կապ հաստատել իւրաքանչիւր անհատի հետ և իրենց ըսել թէ ինչ պէտք է ընեն,” ըսաւ ան:

“Այսպէս, Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ օրինակի համար, իւրաքանչիւր անձ, որու հետ կապ հաստատուած է, իրենց ըսած են թէ ինչ պէտք է ընեն, և կախեալ է հանգամանքէն:”

“Այսպէս, որոշ անձեր, եթէ մի քանի ախտանիշներ ունին, իրենց պիտի ըսեն թէ որքան ժամանակ պէտք է մեկուսանան: Սակայն, ուրիշներ կան, օրինակի համար, առողջութեան աշխատողներ, որոնք ստուգումներէ պէտք է անցնին և հնարաւոր է աւելի երկար ժամանակ մեկուսանան գործի վերադառնալէ առաջ:”

Ինչ՞ կը պատահի եթէ վատառողջ էք

Բժիշկ Մոյ կ'ըսէ որ անոնք որոնք ինքնամեկուսացման մէջ են, պէտք է ինքզինքնին վերահսկեն և յաւելեալ բժշկական օգնութիւն հայցեն եթէ իրենց կացութիւնը վատթարանայ:

“Անկախ այն հանգամանքէն թէ տունը կը մնաք կամ ոչ այն ժամանակահատուածին մէջ որ խորհուրդ տրուած է, եթէ աւելի կը հիւանդանաք, պէտք է խնամք որոնէք և հեռաձայնէք կամ աճապարանքով կապ հաստատէք անձի մը հետ, խորհուրդ ստանալու համար եթէ խնամքը որ կը ստանաք պէտք՞ է աւելի բարձրացնել:”

“Այս կրնայ ընդգրկել հիւանդանոց մնալը եթէ երկիւղալի թոքաբորբ ունիք:”

Ուրեմն ամէն մարդ չէ որ հիւանդանոց՞ պէտք է երթայ

Քորոնա ժահրով վարակուած ամէն մարդ չէ որ պէտք է հիւանդանոց երթայ:

Բժիշկ Մոյ զգուշացուց որ մարդիկ որոնք լրջօրէն հիւանդ չեն, հիւանդանոց երթալով պիտի օգտագործեն հիւանդանոցի սակաւաթիւ անհրաժեշտ պաշարները:

"Կ'ուզեմ ըսել, սահմանափակ հնարաւորութիւն կայ” ըսաւ ան: “Եւ երկու խնդիրներ կան այստեղ: Առաջինը այն է որ հիւանդանոցի կարողութիւնը կը նուազեցնէ, որու պէտք պիտի ունենանք: Իսկ եթէ թիւերը աւելի շատնան, իրագործելի պիտի չ'ըլլայ:”

Իսկ Telehealth ծրագրի մասին՞

Քորոնավայրըս համաճարակի ճգնաժամային այս օրերուն, դաշնակցային կառավարութիւնը դրամագլուխ տրամադրեց ընդլայնելով Telehealth ծառայութիւնը, որ հնարաւորութիւն կ'ուտայ որ հեռաւոր կապ հաստատուի և խորհրդակցութիւն տեղի ունենայ բժիշկի մը հետ:

Բժիշկ Մոյ Կ'ըսէ որ այս լաւ է բժիշկներուն համար և ՔՈՎԻՏ-19 հիւանդներ, որոնք ինքնամեկուսացման մէջ են, պէտք է օգտագործեն այս ծառայութիւնը երբ որ կրնան:

“Telehealth մեզի հնարաւորութիւն կ'ուտայ յարաբերաբար լաւ աշխատելու: Իսկապէս այդչափ ալ դժուար չէ ստուգել, Telehealth-ի միջոցով, եթէ մէկուն վիճակը վատթարացած է: Երբեմն անոնք կարիքը պիտի ունենան իսկական քննութեան և X-Ray-ի կարիքը պիտի ունենան: Այն ժամանակ է որ կացութիւնը աւելի դժուար կը դառնայ: Սակայն կախեալ է հիւանդի դրութենէն և անհատի իրավիճակէն:”

Աւստրալիա որքան՞ յաջող կերպով կը հարթեցնէ կորութիւնը

Վերջին շաբաթներուն, “կորութիւնը հարթել” (flattening the curve) արտայայտութիւնը սովորական դարձաւ աւստրալիական բառապաշարին մէջ:

Այս արտայայտութիւնը կը վերաբերի ժահրի տարածումը նուազեցնելուն և վարակի աճի տոկոսին, պահելով այնպիսի մակարդակի վրայ որ գոյութիւն ունեցող պաշարներով հնարաւոր է բուժել հիւանդները:

Բժիշկ Մոյ կ'ըսէ որ կը թուի թէ ձեռք առնուած խիստ միջոցները որ կազդէ աւստրալիական կենցաղի իւրաքանչիւր երեւոյթի վրայ, վերջին շաբաթներուն, ազդեցութիւն կունենայ նաեւ որ կորութիւնը հարթուի: "Ընդհանուր առմամբ, յոյսով եմ որ ընկերային հեռաւորութեան և ընկերային մեկուսացումի ռազմավարութիւններու հետեւանքով, կը սկսինք տեսնել կորութեան հարթութիւնը:"

Սակայն բժիշկ Մոյ կը զգուշացնէ նաեւ որ աւստրալիացիներ իրաւունք չ'ունին չմտահոգուելու և տակաւին մարդիկ միշտ պէտք է ուշադիր ըլլան:

Յաւելեալ տեղեկութիւն թէ ինչ՞ պէտք է ընէք եթէ կը կարծէք որ ՔՈՎԻՏ-19 ունիք կամ եթէ քննութեան դրական արդիւնք ստացած էք, կարելի է գտնել՝ health.gov.au:  

Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռաւորութիւն պահեն ուրիշներէ և հաւաքոյթները սահմանափակուած են 2 անձերու բացի եթէ ձեր ընտանիքին կամ տնեցիներու հետ էք:

Եթէ կը կարծէք որ վարակուած էք ժահրով, հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին (մի այցելէք) կամ կապ հաստատեցէք Ազգային Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին (Coronavirus Health Information Hotline) 1800 020 080: Եթէ դժուարութիւն ունիք շնչելու կամ բժշկական արտակարգ իրավիճակի մէջ էք հեռաձայնեցէք՝ 000:

SBS յանձնառու կը մնայ Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները տեղեկացնելու ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւններ մատչելի են 63 լեզուներով՝ sbs.com.au/coronavirus:


Share
Published 24 April 2020 8:21pm
Updated 24 April 2020 8:37pm
By Sunil Awasthi
Presented by Vahe Kateb

Share this with family and friends