Պսակաժահրի (քորոնավայրըսի) սահմանափակումները արգելք հանդիսացան Աւստրալիացիներուն՝ 2021-ը սովորական Ամանորի Նախօրէի տօնակատարութիւններով դիմաւորել ցանկացողներուն:
ՆՍՈՒ-ի մէջ հիւանդութեան դէպքերու աճի հետեւանքով, իշխանութիւնները յորդորած են բնակիչներուն
Ահա թէ ի՞նչ կրնաք եւ չէք կրնար ընել Ամանորի Նախօրէին, երկրի տարածքին, ընկերային հեռացման օրէնքներուն համաձայն:
Հիւսիսային Ծովեզերք
Սիտնիի Հիւսիսային Ծովեզերքի շրջանին համար պսակաժահրի բռնկումի աճին մակակեդրոնը ( պսակաժահրի ամենախիստ սահմանափակումները կը գործեն:
Հիւսիսային Ծովեզերքի հիւսիսային գօտիին մէջ բնակողները, առնուազն մինչեւ Յունուար 9-ը, տունը- մնալու խիստ օրէնքին տակ կը մնան, սակայն, անոնք Ամանորի Նախօրէին բացառութիւն կը ստանան, ըստ որու անոնք կրնան իրենց տան մէջ, իրենց շրջանէն, հիւրասիրել մինչեւ հինգ հոգի, ներառեալ երեխաներ:
Հիսիսային Ծովեզերքի Հարաւային գօտիի բնակիչներուն պիտի թոյլատրուի իրենց տան մէջ հիւրընկալել, դարձեալ իրենց գօտիէն, մինչեւ հինգ հոգի (ներառեալ երեխաներ), բայց թոյլ պիտի չի տրուի հիւրեր ընդունիլ Մեծն Սիտնիէն:
Հիւսիսային Ծովեզերքի երկու գօտիներուն մէջ գտնուող գինետուները, ճաշարաններն ու վայրերը բաց պիտի մնան միայն տանելի (takeaway) սպասարկութեան համար:
Մեծն Սիտնի
ՆՍՈՒ-ի Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեան Չորեքշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Մեծն Սիտնիի համար Ամանորի Նախօրէի համար խստացուած սահմանափակումներու մասին յայտարարեց, երբ
Այսօր կէս գիշերէն սկսեալ, Մեծն Սիտնիի մէջ հաւաքոյթները սահմանափակուած պիտի ըլլան առաւելագոյնը հինգ հիւրերով:
«Մեծն Սիտնիի բոլոր ընտանիքները, այն կը ներառէ Wollongong, Central Coast-ը, Nepean եւ Blue Mountains, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ծովեզերքի Հարաւային գօտին, Ամանորի Նախօրէին այժմ պիտի սահմանափակուին իւրաքանչիւար տան համար հինգ հոգիով» ըսաւ Օր. Պերեճիկլեան:
Բացօթեան հաւաքոյթներու վերին սահմանը 30 անձ է, 50-էն պակաս:
Փոփոխութիւնները կը գործեն մինչեւ «հետագայ ծանուցում»:
Դէպքերու վայրերու եւ ներկայ սահմանափակումներու վերաբերեալ խորհուրդի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն կը գտնէք ՆՍՈՒ-ի Առողջապահութեան համացանցի էջէն. .
Վիքթորիա
Այս տարի Աւստրալիոյ մէջ ամենաերկար արգելափակմումէն տառապելէ ետք, Վիքթորիացիները 60 օր զէրօ տեղական փոխանցման դէպքերու շրջանէ մը ե,տք աւելը հանգիստ Ամանորի Նախօրէ մը պիտի ունենան:
Մինչեւ 30 հոգինոց ընտանեկան հաւաքոյթներ թոյլատրուած են, ինչպէս նաեւ մինչեւ 100 հոգի՝ բացօթեայ:
Գինետուներ, ճաշարաններ եւ այլ վայրեր, ինչպէս գիշերային ակումբնե,ր բաց են, բայց յաճախորդներու թիւի սահմանափակումով:
Եարրա Գետին վրայ Մելպուրնի տարեկան հրավարութիւնը չեղեալ յայտարարուած է եւ նահանգային կառավարութիւնը յորդորած է մարդոց հեռու մնալ Մելպուրնի CBD-էն ըսելով որ միայն անոնք որ քաղաքին մէջ վայրի մը համար պատուէր ունին պիտի թոյլատուին մուտք գործել:

آتشبازی شب سال نو بر فراز دریای یارا در ملبورن Source: AAP
Քուինզլէնտ
Քուինզլէնտի մէջ, այլ նահանգ մը որ երկար ժամանակ պսակաժահրի դէպքեր չէ արձանագրած, ընտանիքներ կրնան մինչեւ 50 հիւրեր ունենալ, ներառեալ տան անդամները:
Մինչեւ 100 հոգիով բացօթեայ հաւաքոյթները եւս կը թոյլատրուին:
Հարաւային Աւստրալիա
Հարաւային Աւստրալիայի մէջ մինչեւ 50 հոգիով տնային հաւաքոյթները արտօնուած են, պայմանով որ իւրաքանչիւր երկու քառակուսի մէթրի համար մէկ անձէն աւելի չըլլայ:
Մինչեւ 200 հոգի կրնան հաւաքուիլ վայրի մը մէջ անձնական ձեռնարկի մը համար, եթէ ենթարկուին նոյն՝ քառակուսի մէթրի օրէնքին:
Արեւմտեան Աւստրալիա
Արեւմտեան Աւստրալիան հաւաքուելու համար մարդոց առաւելագոյն թիւ չունի, պայմանով որ իւրաքանչիւր երկու քառակուսիմէթրիհամար մէկ անձէն աւելի չըլլայ:
Թասմանիա
Թասմանիան նոյն երկու քառակուսի մէթր օրէնքը ունի, բայց չբաժանուած փակ տարածքներու համար 250 հոգիի սահմանափակումով:
1000 հոգի թոյլարուած են հաւաքուելու բացօթեայ տարածքներու կամ շէնքերու մէջ:
Հիւսիսային Հողամաս կամ ԱՄՀ
Հիւսիսային Հողատարածքին մէջ սահմանափակում չկայ թէ քանի հոգի կը հաւաքուիլ ներսը կամ դուրսը, բայց դեռ խորհուրդ կը տրուի որ մարդիկ 1,5 մէթր հեռու մնան այն մարդոցմէ որոնց հետ մշտապէս չեն ապրիր:
ԱՄՀ-ը սահմանափակումներ չունի մարդոց իրենց տան մէջ ունենալիք այցելուներու թիւի վերաբերեալ: Մայրաքաղաք Քանպերայի մէջ բացօթեայ հաւաքոյթները սահմանափակուած են առաւելագոյնը 500 հոգիով, ուր երկու քառակուսի մէթր օրէնքը կը պահպանուի:
Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ իրարմէ առնուազն 1,5 մէթր հեռու պէտք է մնան: Հաւաքոյթներու սահմանափակումներու վերաբերեալ ստուգեցէք ձեր օրինական իշխանութեան սահմանափակումները: Եթէ հարբուխի կամ գրիպի ախտանշաններ ունիք, տունը մնացէք եւ քննութեան ենթարկուելու կարգադրութիւն ըրէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ կապուեցէք Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկատուութեան արագ գծին հետ 1800 020 080 հեռախօսահամարով:
Կը խնդրենք ստուգել ձեր նահանգի կամ հողատարածքի համապատասխան ուղեցոյցները. , , , , , , ,