Մինչ նահանգը եօթը ՔՈՎԻՏ-19-ի «տեղական-ստացուած» դէպքեր կ'արձանագրէ, ՆՍՈՒ-ի նահանգապետը կը հրահանգէ Մեծն Սիտնիի մէջ դիմակներ կրել:

Կիրակի օրուընէ սկսեալ Մեծն Սիտնիի բնակիչները որոշ փակ վայրերու մէջ պիտի պահանջուին դիմակներ կրել, յայտարարեց նահանգի ղեկավարը:

People wear masks as they walk past Woolworths in Sydney's CBD on 2 January, 2021.

Source: AAP

Շաբաթ կէս գիշերէն սկսեալ Մեծն Սիտնիի բնակիչներէն կը պահանջուի որոշ փակ շրջանակներու մէջ դիմակ կրել :

ՆՍՈՒ-ի Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեան, պսակաժահրի այլ սահմանափակումներու շարքին, այդ միջոցառման մասին յայտարարեց Շաբաթ առաւօտ, որովհետեւ նահանգը արձանագրեց եօթը նոր տեղական-ստացուած ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքեր:

Մեծն Սիտնիի մէջ մարդիկ ստիպուած են դիմակ կրել հանրախանութներու, առեւտուրի կեդրոններու, շարժանկարասրահներու եւ  փակ ժամանցի վայրերու մէջ, հանրային փոխադրամիջոցներու վրայ, գեղասրահներու եւ վարսավիրանոցներու մէջ, պաշտամունքի եւ խաղային վայրերու մէջ:
«Ասոնցմէ ոչ մէկը անակնկալ մը պիտի ըլլայ» ըսաւ նահանգապետը:

«Մենք արդէն խստօրէն խորհուրդ տուած ենք դիմակ կրել այս շրջանակներուն մէջ, բայց այն ինչ որ մենք կ'ուզենք ընել, վստահ ըլլալն է որ մենք այնպիսի կացութեան մը մէջ չենք ուր մենք կը սահմանափակենք մարդոց իրենց գործով զբաղուելու կարողութիւնը»:

Օրէնքին ենթարկուիլը պիտի սկսի Երկուշաբթի 4 Յունուարին, երբ անհատներ տեղւոյն վրայ $200 տուգանքի պիտի ենթարկուին եթէ դիմակ չի կրեն, ինչպէս որ կը պահանջուի:

12 տարեկանէն վար երեխաները զերծ են, բայց, ուր որ կարելի է, կը քաջալերուին դիմակ կրել:

Նահանգի ընդդիմադիր ղեկավար Ճոտի ՄքՔէյ ողջունեց դիմակ կրելու հրահանգը եւ ըսաւ որ նահանգապետը «քաշուած» էր որոշումին մէջ «առողջապահութեան  մասնագէտներու, համաճարակաբաններու, բժիշկներու եւ առաջին գծի առողջապահական աշխատողներու կողմէ ճնշումերուն պատճառով»:

Աւստրալիական Բժշկական Ընկերակցութիւնը, որ վաղուց կոչ կ'ընէր այս քայլին, ըսաւ որ կարեւոր որոշում մըն էր:

« Սա ճանաչում մըն է որ դէմքի դիմակներ կրելը մեր ամենապարզ զէնքերէն մէկն է պսակաժահրի տարածման դէմ», ըսաւ AMA-ի Նախագահ Տր Օմար Խորշիտ:

Գիշերային ակումբներ արգիլուած, մարզասրահներ եւ հարսանիքներ սահմանափակուած

Մեծն Սիտնիի բնակիչները – Wollongong-ի, Central Coast-ի եւ Blue Mountains-ի մէջ – նոյնպէս պիտի ունենան շարք մը այլ սահմանափակումներ կէս գիշշերէն ետք:
Մարզանքի դասարանները 30 անձէն կրճատուած են 50-ի, մինչ պաշտամունքի վայրերը, հարսանիքները եւ յուղարկաւորութիւնները պիտի սահմանափակուին 100 անձի, եւ չորս քառակուսի մէթրի համար մէկ անձ օրէնքը պիտի պարտադրուի:

Գիշերային ակումբները ամբողջութեամբ արգիլուած են:

Բացօթեայ ներկայացումները եւ բողոքները պիտի կրճատուին առաւելագոյնը 500 անձի, եւ նստած՝ տոմսակով եւ շրջապատուած բացօթեայ հաւաքոյթները կրճատուած են 2000 անձի:

SCG—ի մէջ երրորդ գրիգեթի խաղին առնչութեամբ Օր Պերեճիկլեան յայտնեց որ առողջապահութեան պաշտօնեաները, ոստիկանութիւնը եւ միջոցառման կազմակերպողները պիտի քննեն միջոցառման ՔՈՎԻՏ-Ապահով ծրագիրը, եւ NSW Health-ը ճշդումներ պիտի ընէ՝ եթէ որեւէ ճշդումներ անհրաժեշտ են:
Սահմանափակումները չեն ազդեր տարածաշրջանային ՆՍՈՒ-ին վրայ, միայն Մեծն Սիտնիին, բայց Օր Պերեճիկլեան կը յորդորէ որ նահանգի տարածքին, բոլոր բնակիչներուն եւ այցելուներուն «ՔՈՎԻՏ ապահով վերաբերմունք ունենալ եւ քննութեան ենթարկուիլ եթէ նոյնիսկ թեթեւ ախտանշաններ ունենան»:

Հիւսիսային Ծովեզերքի Հարաւային կէսի բնակիչները եւս այժմ, կէս գիշերէն սկսեալ Մեծն Սիտնիի մաս կը նկատուին, մինչ Narrabeen Bridge-ի հիւսիսային կողմի բնակիչներուն համար տունը-մնալու օրէնքները կը շարունակուին մինչեւ առնուազն 9 Յունուար:

Այս տեղի կ'ունենայ մինչ նահանգին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի համայնքային փոխանցման եօթը նոր դէպքեր արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ պանդոկներու մէջ մեկուսացուած 12 վերադարձած ճամբորդներու դէպքեր:
Տեղական ստացուած դէպքերուն հինգը արեւմտեան եւ հարաւ արեւմտեան Սիտնիէն են եւ կապուած են Berala փունջին, որունընդհանուր թիւը ներկայիս եօթն է, եւ որուն վարակի սկզբնական աղբիւրը 40 տարեկան մարդ մըն է:

.Ուրբաթ օր, մինչեւ երեկոյեան ժամը ութը 24 ժամուան ընթացքին կատարուած 32,000 քննութիւններէն ետք մէկ նոր վարակ դեռ հետաքննութեան տակ է:

Համայնքային փոխանցման երեք դէպքերու մասին տեղեկացուած էին Ուրբաթ օր, մինչ նահանգային կառավարութիւնը դեռ եւս կը յորդորէ Սիտնիի արեւմտեան շրջանէն Greystanes-ի, Auburn-ի, Berala-ի եւ Lidcombe-ի բնակիչներուն քննութեան ենթարկուիլ եթէ նոյնիսկ ամենաթեթեւ ախտանշանները ունին:

NSW Health-ը Ուրբաթ իրիկուն իր վայրերու ցուցակը ընդլայնեց, ըսելով որ ոեւէ մէկը որ 22 – 31 Դեկտեմբեր այցելած է  BWS Berala-ի մէջ, պէտք է անմիջապէս քննութեան ենթարկուի եւ մեկուսանայ:

Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ իրարմէ առնուազն 1,5 մէթր հեռու պէտք է մնան: Հաւաքոյթներու սահմանափակումներու վերաբերեալ ստուգեցէք ձեր օրինական իշխանութեան սահմանափակումները:  .

Եթէ հարբուխի կամ գրիպի ախտանշաններ ունիք, տունը մնացէք եւ քննութեան ենթարկուելու կարգադրութիւն ըրէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ կապուեցէք Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկատուութեան արագ գծին հետ 1800 020 080 հեռախօսահամարով:

Լուր եւ տեղեկութիւն մատչելի է 63 լեզուներով  համացանցէն՝  


Share
Published 4 January 2021 9:26am
By Rashida Yosufzai
Presented by Marie Evanian
Source: SBS News


Share this with family and friends