ՎՍՏԱՀ ՉԷՔ՞ ԵԹԷ Կ'ՈՒԶԷՔ ՏԵՂԱԴՐԵԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ COVIDSAFE APP-Ը: ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՐ ԳԻՏԵՆՔ:

Աւստրալիացի մասնագէտները փորձեցին գիտնալ թէ COVIDSafe app-ը ինչպէս կ'աշխատի և եթէ մտահոգուելու առիթներ կան: Ահաւաստիկ թէ ինչ յայտնաբերեցին:

COVIDSafe 19 App

COVIDSafe 19 App Source: Government of Australia

Իր թողարկումէն մինչեւ օրս, կառավարութեան նոր COVID-19 յայտնաբերումի  app-ը ներբերուեցաւ  միլիոնաւոր աւստրալիացիներու կողմէ:

App-ը, որ կառավարութիւնը կը քաջալերէ հանրութիւնը որ շտապ ներբերէն, պիտի օգնէ որ առողջապահութեան պաշտօնեաներ արագօրէն ինքնութիւնը հաստատեն որեւէ անձի որ շփում ունեցած է քորոնավայրըսի հաստատուած դէպքի մը հետ:

Այս տեղի կ'ունենայ Bluetooth-ի միջոցով որ կ'արձանագրէ ամէն անգամ որ  app-ը գործածող երկու անձեր 15 վայրկեան կ'անցնեն իրար հետ մինչեւ 1,5 մեդր իրարմէ հեռու: Եթէ app-ը գործածող մը կ'ախտաճանաչուի քորոնավայրըսով, անոնք կրնան թոյլ տալ որ իրենց վերջին շփումները կիսուին առողջապահութեան պաշտօնեաներու հետ:

Եթէ բաւական թիւով աւստրալիացիներ ներբերեն app-ը, առողջապահութեան մասնագէտներ կ'ըսեն որ հսկայական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ քորոնավայրըսի դէմ պայքարին մէջ: Մինչայն՝ գաղտնիութեան մասնագէտներ մտահոգութիւն յայտնեցին app-ի հաւաքելիք տուեաներու վերաբերեալ:

Համակարգիչի ծրագրաւորներ հետեւեալ կարծիքը ունին COVIDSafe app-ի մասին:

COVIDSafe-ի թողարկումէն առաջ, մասնագէտներ կոչ ուղղեցին Աւստրալիոյ կառավարութեան որ հրապարակէ ամբողջական սկզբնաղբիւր ծածկագիրը, որ թոյլ պիտի տայ անկախ մասնագէտներու որ գտնեն խնդիրներ, լուծումներ առաջարկեն, և հաստատեն որ app-ը կը գործէ այնպէս ինչպէս կառավարութիւնը կը խոստանայ:

Կառավարութիւնը տակաւին չթողարկեց այդ ծածկագիրը, թէեւ առողջապահութեան նախարար Կրեկ Հանդ ABC-ին ըսաւ որ :

Մինչ կը սպասենք սկզբնաղբիւր ծածկագրին, աւստրալիացի ծրագրաւորողներ սկսան հակաշրջել app-ը, կիսելով իրենց գտածները ընկերային լրատուամիջոցներու վրայ:

Համակարգչային ծրագրաւորող Մաթիու Ռոպինզ  յաջողեցաւ ներբերել և կարդալ Android-ի app-ի սկզբնաղբիւր ծածկագիրը:

Ռոպինզ համակարգչային ծրագրաւորումով կը զբաղի մոտ 10 տարի և կեդրոնացած է app-երու զարգացումին վրայ անցած 8 տարիները: Ինքը և ուրիշներ, աշխատեցան COVIDSafe app-ի վրայ գիտնալու ինչ որ կրնան ծածկագիրի մասին:

Յայտնաբերած տեղեկութիւններու շատերը բաւական դրական են: Ռոպինզ հաստատեց որ app-ը կը գործէ ինչպէս որ կը նախատեսուէր, տուեալները ապահով կերպով կը պահէ գործածողի հեռախօսին վրայ, միայն արձանագրելով ազդանշաններ այլ հեռախօսերէ որոնք նմանապէս app-ը տեղադրած են և բոլոր արձանագրութիւնները կը չնչէ 21 օրէն, և առողապահութեան իշխանութիւններուն տուեալներ կը տրամադրէ միայն եթէ հեռաձայնի տէրը թոյլտուութիւն տայ:

App-ը նմանապէս չ'արձանագրէր գործածողի վայրը:

Ռոպինզ, The Feed -ին ըսաւ որ գոհ է իր տեսածէն և վստահութիւն յայտնեց app-ի կառուցուածքի վերաբերեալ:

Մինչ տակաւին կը փափաքի որ կառավարութիւնը թողարկէ սկզբնաղբիւր ծածկագիրը, Ռոպինզ ըսաւ որ առհասարակ չտեսաւ վտանգաւոր կէտեր և խորհուրդ տուաւ որ կ'արժէ ներբերել և տեղադրել app-ը:

Որոշ թիւով այլ փորձառու համակարգչային ծրագրաւորողներ նոյնպէս ուսումնասիրեցին ծածկագիրը և քաջալերեցին աւստրալիացիները որ տեղադրեն app-ը:

Եթէ հետաքրքրուած էք ծրագրաւորումի նրբութիւններուն, Ճէֆ Հանդլի կ'արձանագրէ աւստրալիացի համակարգչային ծրագրաւորողներու ուսումնասիրութիւնները՝ :

Մտահոգութիւններէն մէկը այն էր թէ օգտագործողներ ինչպէս վստահ կրնան ըլլալ որ app-ը կը գործէ իրենց հեռախօսին վրայ: Որպէսզի app-ը աշխատի պէտք է միշտ բաց պահել: Որոշ մասնագէտներ մտահոգութիւն յայտնեցին որ  որոշ պարագաներու, :

Երբ iPhone-ի մը մարտկոցը տկար է կամ շատ տարբեր app-եր կը գործածեն Bluetooth-ը, հնարաւոր է որ COVIDSafe դադրի աշխատելէ:

Մինչեւ օրս, կառավարութիւնը հակասական խորհուրդներ տուաւ թէ օգտագործողներ ինչ պէտք է ընեն գիտնալու համար եթէ app-ը կ'աշխատի: Ներկայիս կառավարութեան խորհուրդ կ'ուտայ iOS օգտագործողներուն որ եթէ իրենց app-ը նուազագոյնը 24 ժամ է որ չ'աշխատիր, ծանուցում մը պիտի ստանան տեղեկութիւններով թէ ինչ պէտք է ընեն խնդիրը ուղղելու համար:

Դժուար է ըսել նաեւ թէ app-ի մշտական բաց մնալը, որքան արագ պիտի դատարկէ շարժուն հեռախօսերու մարտկոցները:

Այս խնդիրները ապահովութեան մտահոգութիւններ չեն յառաջացնէր բայց կրնան ազդել app-ի արդիւնաւետութեան վրայ: Մասնագէտներ կրկին կոչ կ'ուղղեն որ թողարկուի սկզբնաղբիւր ծածկագիրը որպէսզի կարենան քննել կատարումի հարցերը և ուր որ հնարաւոր է լուծումներ առաջարկեն:

Ապահովութեան մասնագէտներ տակաւին մտահոգութիւններ ունին՞ COVIDSafe app-ի մասին

Ապահովութեան մասնագէտներ տակաւին մտահոգութիւններ ունին COVIDSafe app-ի վերաբերեալ: Այն հարցին եթէ այս ապահովութեան մտահոգութիւնները պէտք է կեցնեն մարդիկ որ տեղադրեն app-ը, կախեալ է անհատի հանգամանքներէն: Ահաւասիկ թէ ինչու:

Անցեալ շաբաթ, app-ի թողարկումէն առաջ, The Feed  խօսեցաւ գաղտնիութեան մասնագէտ Փրոֆէսօր Տալի Քաֆարի հետ որ Գործադիր Տնօրէնն է Optus Macquarie Համալսարանի Cyber Security Hub-ին: Փրոֆէսօր Քաֆար ամփոփեց գաղտնիութեան վերաբերեալ որոշ մտահոգութիւնները՝  :

Քաֆարի բարձրացուցած կարեւոր հիմնական մտահոգութիւնը այն է որ հաւաքուած տուեալները պիտի տեղափոխեն կեդրոնական տեղեկատուական շտեմարան մը: Ինչպէս Փրոֆէսօր Քաֆար ըսաւ The Feed-ին, ով որ  օգտուելու իրաւունք ունի, հսկայական քանակութեամբ տեղեկութիւն կայ և եթէ մէկը վատ նպատակներով կարենայ օգտուիլ այդ տեղեկութիւններէն, շատ բաներ կրնան ընել այս տուեալներով:

App-ի թողարկումէն ետք, գաղտնիութեան այլ մասնագէտներ ինչպէս՝ Աւստրալիական Ազգային Համալսարանի Փրոֆէսօր Վանեսսա Թիկ նշեցին այլ մտահոգութիւններ : Օրինակի համար, աւստրալիական app-ը կը պահէ հեռախօսերու տարբեր տեսակները:

Փրոֆէսօր Քաֆար մտահոգուած է նաեւ որ կեդրոնական իշխանութիւնը աւելի տեղեկութիւններ կրնայ ստանալ քան օգտագործողը կ'ենթադրէ: Ինչպէս Քաֆար կը բացատրէ, եթէ Ա անձը ախտաճանաչուած է քորոնա ժահրով և կը համաձայնի իր հեռախօսի տուեալները տրամադրել իշխանութիւններուն, վերջիններս կրնան բացայայտել որ ան վերջերս հանդիպած է Բ և Գ անձերուն հետ: Կեդրոնական իշխանութիւնը այժմ գիտէ որ Բ և Գ անձերը իրար հետ հանդիպած են: Սակայն այս մարդիկ տեղեակ չեն որ տեղեկութիւնը կիսուած է իշխանութիւններուն հետ:

Փրոֆէսօր Քաֆար կ'ըսէ որ  այս տեղեկութիւնը կրնայ ըլլալ որ զգայուն չէ շատերուն համար, սակայն կրնայ իսկապէս կարեւոր ըլլալ ուրիշներու համար: Օրինակի համար երկու քաղաքական այրեր երկու տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններէ կը հանդիպին, կամ թղթակից մը և քաղաքական անձ մը կը հանդիպին:

Փրոֆէսօր Քաֆար կ'ըսէ որ գաղտնիութեան շատ մը այս հարցերը կարելի է ուղղել յարաբերաբար փոքր փոփոխութիւններու ենթարկելով app-ը: Միջազգային մասնագէտներու միութիւն մը տեղեկացուց նաեւ որ հնարաւոր է ստեղծել յայտնաբերումի app մը որ :

Մինչեւ որ այս փոփոխութիւնները չկատարուին, Փրոֆէսօր Քաֆար The Feed -ին ըսաւ որ անձնապէս ինք պիտի չտեղադրէ app-ը, սակայն չի գիտեր թէ ինչ խորհուրդ կրնայ տալ աւստրալիացիներու:

Պէտք՞ եմ տեղադրել COVIDSafe?

COVIDSafe app-ը աճապարանքով տեղադրուեցաւ մէկ պատճառով, որովհետեւ համաճարակի մը մէջտեղը կը գտնուինք: Եթէ կ'ուզենք բանալ հասարակութիւնը և տեղաշարժի սահմանափակումները վերցնել, բեկումնային է առագօրէն յայտնաբերել անձ մը որ շփում ունեցած է COVID-19-ով վարակուած անձի մը հետ:

Եթէ բաւական թիւով աւստրալիացիներ ներբերեն այս app-ը և ճշգրիտ կերպով օգտագործեն, հնարաւոր է որ իսկապէս օգնէ: Սակայն որպէսզի app-ը արդիւնաւէտ ըլլայ, կառավարութիւնը կ'ըսէ որ նուազագոյնը 40 առ հարիւրը, եթէ ոչ աւելին, պէտք է օգտագործեն: Այդ մոտ 10 միլիոն մարդ է որ պէտք է արձանագրուի: Արդեն 4 միլիոն մարդիկ ներբերած և տեղադրած են COVIDSafe app-ը:

Եթէ որոշէք որ COVIDSafe app-ը ձեզի համար չէ, յիշեցէք որ տակաւին հնարաւորութիւն կայ որ շատ բան փոխուի մինչ app-ը կը թարմանայ և կը բարեփոխուի: Ձեզի տեղեակ կը պահենք երբ տեղի ունենայ:



Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ և հաւաքոյթները սահմանափակուած են երկու անձերու բացի եթէ ընտանիքի կամ տնեցիներու հետ են:

Եթէ կը կարծէք որ վարակուած էք ժահրով, հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին  (մի՛ այցելէք) կամ կապ հաստատեցէք ազգային Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին (Coronavirus Health Information Hotline) 1800 020 080: Եթէ դժուարութիւն ունիք շնչելու կամ բժշկական արտակարգ իրավիճակի մէջ էք հեռաձայնեցէք՝ 000:

SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝ .

ԱՂԲԻՒՐ՝ SBS NEWS, ԱՒՍՏՐԱԼԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 


Share
Published 4 May 2020 11:25am
Updated 4 May 2020 12:01pm
By Sam Langford
Presented by Vahe Kateb

Share this with family and friends