NAIDOC կարեւոր շաբաթ մըն է աւստրալիական տոմարին մէջ և յատկապէս կարեւոր շաբաթ մը բազմաթիւ Բնիկ համայնքներու համար Աւստրալիոյ տարածքին: Շաբաթ մըն է տօնելու Ապօրիճիններու մշակոյթը և ժառանգութիւնը, նշելու պատմութիւնը, միացնելու համայնքները: NAIDOC Շաբաթը տեղի կ'ունենայ ամէն տարի Յուլիսի առաջին և երկրորդ Կիրակիներու միջեւ:
LISTEN TO

Ի՞նչ է NAIDOC-ը
SBS Armenian
09:08
Այս տարի, Covid-19-ի պատճառով NAIDOC Խորհուրդը նոր թուական մը նշանակեց տարեկան տօնակատարութեան համար, պաշտպանելու համար առողջութիւնը և ապահովութիւնը համայնքներուն և անոնց տարեցներուն Covid-19 համաճարակի վտանգէն:
Նոյեմբեր 8էն-15ը տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական 2020 տօնակատարութեան շաբաթը:
NAIDOC Շաբաթուայ միջոցառումները տեղի կ'ունենան երկրի տարածքին և յաճախ կը ներառեն երաժշտական ելոյթներ, մշակութային արտադրամասեր, խօսակցութիւններ, և երեխաներու համար գործունէութիւններ:
2016 թուականի հարցազրոյց Ճուտիդ Քրիսբինի հետ որ համադրեց հայերու և Ուարբիրի ժողովուրդի միջեւ հանդիպումը:
LISTEN TO
The Warlpiri people welcomed their brothers and sisters from the Armenian tribe
SBS Armenian
13:10
2017 թուականին Մատիանայի կատարած հարցազրոյցը Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանի հետ Աւստրալիոյ բնիկ Ուալփիրի ցեղախումբի հրաւէրով Լաճամանու գիղը այցելութեան առիթով