Մտային առողջութեան ծառայութիւններ մատչելի են Աւստրալիոյ տարածքին տարբեր լեզուներով և մեծամասնութեամբ կը ղեկավարուին նահանգներու և հողամասերու կողմէ:
Տարբեր բազմաթիւ կացութիւններ կան ուր մտային առողջութեան օգնութեան կարիգը կը զգացուի, որոնց պատճառը քորոնա ժահրն է ինչպէս՝ ընկճախտ և անձկութիւն և մտային հիւանդութիւններ ինչպէս երկբեւեռ հիւանդութիւն, հետվնասուածքային ճնշում, անձնաւորութեան կամ հոգեկան խանգարումներ:
Մեծամասնութեամբ, այս կազմակերպութիւնները չ'ունին իրենց թարգմանիչները, որով կ'օգտագործեն դաշնակցային կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ազգային Թարգմանութեան և Բանաւոր Թարգմանութեան ծառայութիւնը, , որ կը տրամադրէ հեռաձայնով կամ տեղւոյն վրայ թարգմանութեան ծառայութիւններ 150-է աւելի լեզուներով:
ծրագիր մըն է որ կը կառավարէ Mental Health Australia-ն և կը կեդրոնանայ մարդոց մտային առողջութեան վրայ որոնք մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունին:
Forum of Australian Services for Survivors of Torture and Trauma (FASSTT) Աւստրալիոյ ութը մասնագիտական վերականգնումի գործակալութիւններու կապի համակարգ մըն է: Այս գործակալութիւնները կ'աշխատին տանջանքներու ենթարկուած և վերապրած անձերու հետ, որոնք Աւստրալիա ժամանած են արտասահմանէն: FASSTT գործակալութիւններու յաճախորդներու մեծամասնութիւնը Աւստրալիա եկած են որպէս գաղթականներ կամ մարդասիրական պատճառներով: Աւստրալիոյ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ կայ մէկ FASSTT անդամ գործակալութիւն.
Ազգային մտային օգնութիւն Lifelines և ծառայութիւններ
- Lifeline - 13 11 14
- Mission Australia -
- Beyond Blue - 1300 22 4636
- Headspace -
- Անձնասպանութեան Հետ-Կանչի Ծառայութիւն Suicide Call Back Service - www.suicidecallbackservice.org.au 1300 659 467
- Երեխաներու Թէժ Գիծ Kids Helpline - 1800 55 1800
- MensLine Australia - 1300 78 99 78
Beyond Blue կը դիւրացնէ տեղեկութիւնը տարբեր լեզուներով.
Առողջապահութեան Գերատեսչութիւնը թարգմանեց մտային առողջութեան երեք քարոզարշաւներ տասնեակ լեզուներով.

GP visit Armenian Source: SBS
Նիու Սաութ Ուելսի Մտային Առողջութեան Գիծ
Մտային Առողջութեան Գիծը (Mental Health Line) մատչելի է Նիու Սաութ Ուելսի մէջ բոլորին համար և կը գործէ օրական 24 ժամ, շաբաթական 7 օր՝ 1800 011 511
Transcultural Mental Health Centre (TMHC)
Նահանգային այս ծառայութիւնը կ'օգնէ որ մարդիկ, որոնք լեզուական և մշակութային տարբեր ծագում ունին, մտային առողջութեան ծառայութիւններէն օգտուին, կը տրամադրէ նաեւ դարմանական խորհրդակցութիւն, մտային առողջութեան խթանում, կը մշակէ միջոցներ և կը տրամադրէ կրթութիւն և մարզում՝
Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Կեդրոնը (TMHC), օգտագործելով երկլեզու բժիշկներ, ձրի ծառայութիւն կը մատուցէ անհատներու և ընտանիքներու, որոնք միացած են NSW Health մտային առողջութեան ծառայութեան: Մտային առողջութեան տեղական խումբէն ուղեգիր մը հարկաւոր է ծառայութենէն օգտուելու համար: Թարգմանութիւն մատչելի է՝ / լեզուներու համար որոնք Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Կեդրոնի անդամները չեն խօսիր:
Service for the Treatment and Rehabilitation of Torture and Trauma Survivors, STARTTS
STARTTS կը տրամադրէ մշակութայնօրէն պատշաճ հոգեբանական բուժում և աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ համայնքային միջամտութիւններ օգնելու համար մարդոց և համայնքներու որ բուժեն գաղթականութեան սպիները և վերակառուցեն իրենց կեանքերը Աւստրալիոյ մէջ:
Թարգմանութիւն մատչելի է՝ լեզուներու համար որոնք չեն խօսիր STARTTS անձնակազմը:
Վիքթորիա

Face mask Armenian Source: SBS
Foundation House for Survivors of Torture
Այս կազմակերպութիւնը տարբեր լեզուներով ձրի ծառայութիւն կը տրամադրէ գաղթականներու կամ գաղթականներու նման անցեալ ունեցողներուն ՝
Տեղեկացէք այստեղ եթէ կրնաք օգտուիլ այս ծառայութենէն՝
Թարգմանութիւն մատչելի է՝ / լեզուներու համար որ Տանջանքը վերապրածներու Տուն Հիմնարկիանձնակազմը չի խօսիր:
Վիքթորիա նմանապէս մտային առողջութեան վերաբերեալ տեղեկագիրք մը ունի տարբեր լեզուներով: Վիքթոիայի կառավարութեան նախաձեռնութիւն մըն է այս և կը ղեկավարուի Մշակոյթի համար Կեդրոնին կողմէ, տրամադրելով ընդարձակ հաւաքածոյ մը առողջութեան վերաբերեալ թարգմանուած տեղեկութիւններու:
Վիքթորիայի եւս երկու կազմակերպութիւններ մտային առողջութեան մարզում կը տրամադրեն, սակայն անհատներու ուղղակի աջակցութիւն չեն տրամադրեր:
Action on Disability in Ethnic Communities (ADEC)
ADEC կը ներառէ Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Մատչելիութեան Ծրագիր մը, բարելաւելու համար մտային առողջութեան ծառայութիւններու մատչելիութիւնը բազմամշակութային ծագում ունեցող մարդոց համար: Անոնք կ'աշխատին ոչ անգլիախօս համայնքներու հետ տեղեկացնելու համար մտային առողջութեան խնդիրներու մասին և թէ ինչպէս կարելի է մտային առողջութեան ծառայութիւններէն օգտուիլ:
Անոնք կ'օգնեն նաեւ մտային առողջութեան ծառայութիւններուն կազմելով ռազմավարութիւններ էթնիք համայնքներու հետ զբաղելու համար
Victorian Transcultural Mental Health (VTMH)
VTMH Վիքթորիայի այս կազմակերպութիւնը կ'աջակցի դարմանական մտային առողջութեան ծառայութիւններու և հոգեբանական անկարողութեան աջակցող ծառայութիւններու մասնագէտներուն, որոնք կ'աշխատին մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող հիւանդներու և խնամողներու հետ:
Քուինզլանտ
Queensland Transcultural Mental Health Centre (QTMHC)
QTMHC մասնագիտական նահանգային ծառայութիւն մըն է որ կ'աշխատի ապահովելու համար որ մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող մարդիկ ստանան մշակութայնօրէն զգայուն մտային առողջութեան օգնութիւն:
Կը տրամադրէ թարգմանուած տեղեկութիւն: ինչպէս նաեւ մասնագէտներէ օգտուելու իրաւունք, տեղական մտային առողջութեան համակարգողներու միջոցով՝
Queensland Program of Assistance to Survivors of Torture and Trauma (QPASTT)
QPASTT ճկուն և մշակութայնօրէն զգայուն ծառայութիւններ կը տրամադրէ խթանելու համար առողջութիւնը և բարօրութիւնը մարդոց որոնք, Աւստրալիա գաղթելէ առաջ, չարչարանքներու ենթարկուած կամ գաղթական եղած են:
Անոնք վերապրողներուն կը տրամադրեն ձրի հոգեբանական և ընկերային աջակցութիւն, ներառեալ խորհրդատուութիւն՝
World Wellness Group
Պրիզպընի մէջ իր կեդրոնը ունեցող կազմակերպութիւնը շարք մը ծրագիրներ ունի ոչ անգլիախօս համայնքներուն համար:
- Multicultural Psychological Therapies ծրագիրը կը տրամադրուի մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող մարդոց Հիւսիսային և Հարաւային Պրիզպընի շրջաններուն մէջ: Անոնք կը տրամադրեն մշակութայնօրէն ապահով և զգայուն հոգեբանական օգնութիւն մարդոց համար որոնք ունին թեթեւէն չափաւոր մտային հիւանդութիւն:
- Գաղթականներու և ապաստան բնտրողներու առողջութիւն - կը տրամադրէ մշակութայնօրէն ապահով, ամբողջական խնամք խոցելի մարդոց, նուազեցնելու համար երկարաժամկէտ առողջութեան խնդիրները:
- Առողջապահութեան ծառայութիւններ միջազգային ուսանողներու համար - կրնայ օգտագործուիլ ուսանողներու կողմէ որոնք ունին Արտասահմանի Ուսանողի Առողջութեան Ապահովագրութիւն (Overseas Student Health Cover), որոնք մշակութային տարբեր ծագում ունին՝
- Մշակոյթը Մտքին մէջ (Culture In Mind) համայնքային ծրագիր մըն է որ կը տրամադրէ հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող 18 տարեկանէն վեր մարդոց համար, որոնք կը բնակին Greater Brisbane շրջանին մէջ
Ներդաշնակութեան Տեղ (Harmony Place)
Harmony Place ոչ-կառավարական համայնքային բազմամշակութային կազմակերպութիւն մըն է որ մշակութայնօրէն զգայուն մտային առողջութեան ծառայութիւն կը տրամադրէ մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող մարդոց: Անոնք կ'աշխատին 12 տարեկանէն վեր անձերու հետ ներառեալ ներգաղթողներ և անոնց զաւակները, գաղթականներ, ապաստան բնտրողներ, արհեստաւոր ներգաղթողներ և անոնց կողակիցները: Անոնք կը գործեն Քուինզլանտի տարածքին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով մշակութայնօրէն այլազան Հարաւ-արեւելեան Քուինզլանտի՝ Պրիզպըն, Լոկան, Իբսուիչ և Կոլտ Քոստ շրջաններուն մէջ:
Մտային առողջութեան գիծ (Mental health line)
1300 MH CALL (1300 642255) մտային առողջութեան հեռախօսի ծառայութիւն մըն է քուինզլանտցիներուն համար
MHACA (Կեդրոնական Աւստրալիա)
MHACA ծառայութիւնները մատչելի են 18 տարեկանէն վեր անձերու համար որոնք ախտաճանաչուած են մտային առողջութեան հիւանդութեամբ: Թարգմանութեան ծառայութիւնները կարելի է օգտագործել ժամադրութեամբ՝
TeamHealth (Darwin)
TeamHealth, ծառայութիւններ կը տրամադրէ Հիւսիսային Հողամասի տեղացի բնակչութեան որոնք մտային առողջութեան մտահոգութիւններ ունին կամ խոցելի են և անբարենպաստ պայմաններու մէջ կը գտնուին: Թարգմանութեան ծառայութենէն հնարաւոր է օգտուիլ: Կայքը անմիջական թարգմանութեան հնարաւորութիւն ունի 80 լեզուներով:
Melaleuca Գաղթականութեան Կեդրոն
Այս ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւնը մարդասիրական ծառայութիւններ կը տրամադրէ գաղթական և ներգաղթող անհատներու և ընտանիքներու: Անոնք ձրի ծառայութիւններ կը մատուցեն ընտանիքներու, չափահասներու, երեխաներու և երիտասարդներու՝
Northern Territory Mental Health Coalition (NTMHC)
NTMHC, Հիւսիսային Հողամասի համայնքի կողմէ ղեկավարուած մտային առողջութեան ծառայութիւններու գլխաւոր մարմինն է:
Հիւսիսային Հողամասի Մտային Առողջութեան Գիծ - 1800 682 288
Նահանգային մտային առողջութեան ծառայութիւններէն կարելի է օգտուիլ հեռաձայնելով Մտային Առողջութեան Օգնութեան թէժ գիծին (Mental Health Helpline) և այս ծառայութիւնները կ'օգտագործեն թարգմանութեան ծառայութիւններ երբ կարիքը զգացուի:
s
Արեւմտեան Աւստրալիա

JobKeeper Armenian Source: SBS
Association for Services to Torture and Trauma Survivors (ASeTTS)
ASeTTS կը տրամադրէ ամբողջական ծառայութիւններ օգնելու համար չարչարանքներէ վերապրած գաղթականներուն որպէսզի կարենան վերակերտել իրենց կեանքերը:
Արեւմտեան Աւստրալիական Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Կեդրոն West Australian Transcultural Mental Health Centre
Այս ծառայութիւնը կարելի է օգտագործել միայն Royal Perth Hospital հիւանդանոցին մէջ և դուրս դրուած հիւանդներ կրնան օգտուիլ այս ծառայութենէն միայն երեք անգամ: Թարգմանիչներ մատչելի են անձնապէս կամ հեռաձայնի վրայ:
Թազմանիա
Phoenix Centre
Phoenix Centre, կը գործէ Migrant Resource Centre կեդրոնին մէջ և կը մատուցէ մասնագիտական ծառայութիւններ տանջանքներէ ողջ մնացած անձերուն: Կը տրամադրէ խորհրդատուութիւն և տարբեր մարզումներ և ծրագիրներ որոնք կ'օգնեն անհատներու և համայնքներու առողջութեան և բարօրութեան: Phoenix Centre կեդրոնը աշխատակիցներ ունի Հոպարդի և Լոնսեսթընի մէջ և ծառայութիւններ կը տրամադրէ նահանգի տարածքին՝
Թազմանիայի կառավարութեան մտային առողջութեան ծառայութիւնները խնամք կը տրամադրեն մտային ծանր հիւանդութիւն ունեցող բնակիչներուն: Յաւելեալ տեղեկութեան համար թէ ինչպէս կարելի է օգտուիլ Մտային Առողջութեան Ծառայութիւններէն այցելել՝ թէժ գիծի համարն է՝ 1800 332 388
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային հողամաս (ACT)
Companion House, Assisting Survivors of Torture and Trauma
Խորհրդատուութեան ծառայութիւններ կը տրամադրէ ապաստան բնտրողներուն և գաղթականներուն: Companion House-ի նպատակն է օգնել մարդոց որ վերակերտեն իրենց կեանքերը Աւստրալիոյ մէջ:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի կառավարութիւնը մտային առողջութեան ճգնաժամի ծառայութիւն ունի որմէ կարելի է օգտուիլ հեռաձայնով (1800 629 354 կամ 02 6205 1065) կամ այս կայքէն՝
Հարաւային Աւստրալիա
Relationships Australia
Personal Education and Community Empowerment (PEACE) ծառայութեան գլխաւոր նպատակն է սպասարկել բազմամշակութային համայնքներուն: Չնայած անոնց այցագիրի վիճակին, PEACE կը տրամադրէ ծառայութիւններ անհատներու, ընտանիքներու և համայնքներու
Survivors of Torture and Trauma Assistance and Rehabilitation Service, STTARS
STTARS մասնագիտացած ծառայութիւն մըն է որ խորհրդատուական ծառայութիւն կը մատուցէ գաղթականներու և գաղթականներու նման անցեալ ունեցողներուն, օգնելու իրենց որ կազդուրուին և բուժուին: Ծառայութիւնները ձրի են և կարելի է օգտագործել չնայած թէ անձ մը որքան երկար ժամանակէ կը գտնուի Աւստրալիոյ մէջ: Սպասումի ցանկ կայ STTARS-ի ծառայութիւններուն համար, սակայն նախապատուութիւն կը տրուի անոնց որոնք աւելի կարիքը ունին:
STTARS-ի ծառայութիւնը ձրի է, կամաւոր, գաղտնի, և կը կատարուի որակեալ խորհրդատուներու և թարգմանիչներու կողմէ:
Յաւելեալ ծրագիրներ ունին մասնագիտացած երեխաներու և երիտասարդներու, ընտանինքերու և ապաստան բնտրողներու կարիքներուն համար՝
Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ: Քննեցէք ձեր նահանգի սահմանափակումները հաւաքոյթներու վերաբերեալ:
Քորոնա ժահրի ստուգումը այժմ մատչելի է Աւստրալիոյ տարածքին: Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք, ստուգում կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին 1800 020 080.
Դաշնակցային կառավարութեան քորոնա ժահրը յայտնաբերող COVIDSafe հաւելուածը կարելի է ներբեռնել ձեր հեռաձայնի app store-էն:
SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝ sbs.com.au/coronavirus