ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Նահանգներ կը դիմադրեն դիմակները վերապարտադրելու կոչերը, Coral Princess պիտի ժամանէ NSW

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 12 Յուլիս 2022-ի թարմացումն է:

The Coral Princess with COVID-19 infected passengers and crew is currently en route to the Port of Eden on the South Coast of NSW.

The Coral Princess with COVID-19 infected passengers and crew is currently en route to the Port of Eden on the South Coast of NSW. Source: AAP/AP Photo/Lynne Sladky

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 55 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 20 Նիու Սաութ Ուելսի (NSW), 16 Վիքթորիայի և 15 Քուինզլանտի մէջ:

Հիւանդանոց մնացողներու և Օրական դէպքերու թիւերը բարձրացան Աւստրալիական բոլոր նահանգներուն և հողամասերուն մէջ:  

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Զբօսանաւ մը ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած ճամբորդներով և անձնակազմով, ներկայիս կ'ուղղուի դէպի Port of Eden, NSW-ի հարաւային Ծովեզերայ շրջանը Brisbane-էն (Queensland): Կը նախատեսուի որ նաւը Սիտնի ժամանէ Չորեքշաբթի օր:

NSW Health տեղեկացուց որ ճամբորդներու փոքր թիւ մը վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19-ով Coral Princess զբօսանաւին վրայ: Ճամբորդները կրնայ ըլլալ որ վարակուած էին նաւը մտնելէն առաջ և ապա դրական արդիւնք տուին:

NSW Health տեղեկացուց նաեւ որ վարակումներու մեծ մասը անձնակազմի անդամներ են: Իշխանութիւններ յայտնեցին որ ճամբորդներ, որոնք նաւէն նահանգ կը փորձեն մտնել, նախ պէտք է բացասական RAT արդիւնք տան: Անձնակազմը նաւէն դուրս պիտի չ'ելլէ:

NSW և Victoria ընդունեցին Australian Health Protection Principal Committee յանձնախումբի խորհուրդը և կրկին վարակումի շրջանը 12 շաբաթէն նուազեցուցին 28 օրուայ: Western Australia և Australian Capital Territory առաջիններն էին որ ընդունեցին խորհուրդը Երկուշաբթի օր:

Բնակիչներ որոնք դրական արդիւնք կ'ուտան ՔՈՎԻՏ-19-ի իրենց նախկին վարակումէն 28 օր անց, այլեւս նոր դէպք պիտի համարուին այս նահանգներուն մէջ:

NSW-ի Գլխաւոր Առողջապահական Պաշտօնեայ Dr Kerry Chant յայտնեց որ BA.4 և BA.5, Օմիքրոնի երկու ենթա-տարբերակները, կրնան խուսափիլ պատուաստի և նախորդ վարակումի վարակամերժութենէն, նախորդ վարակումէն մի քանի շաբաթ անց:

Victoria տեղեկացուց, որ անցած երկու շաբաթներուն, 53 առ հարիւր յաւելում արձանագրած է ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդանոց մնացողներու թիւը: Առողջապահութեան նախարար Mary-Anne Thomas տեղեկացուց նաեւ որ ենթա-տարբերակները կը նախատեսուի որ նոր վարակումներու, հիւանդանոց մնացողներու և կրկին վարակումներու գլխաւոր պատճառը դառնան:

Նահանգային կառավարութիւնը տեղեկացուց որ կրկին դրամագլուխ պիտի տրամադրէ փոքր ձեռներէցութիւններուն որ օդափոխիչ սարքեր գնեն իրենց գործաւորները և յաճախորդները ապահով պահելու համար փակ վայրերուն մէջ:

Նախարար Thomas յայտնեց որ երեսի դիմակներու ներկայ օրէնքները ուժի մէջ կը մնան նահանգին մէջ առանց փոփոխութիւններու: Սակայն ան խորհուրդ տուաւ գործատէրերուն որ կարգադրութիւններ տեսնեն որ իրենց գործաւորները կարենան տունէն աշխատիլ: Ան խորհուրդ տուաւ նաեւ բնակիչներուն որ ներսը, ծածքի տակ երեսի դիմակ կրեն:

ACT Գլխաւոր Առողջապահական Պաշտօնեայ Kerryn Coleman յայտնեց որ կը նախատեսուի որ օրական դէպքերու ամենաբարձր վարակումները տեղի ունենան Յուլիսի վերջաւորութեան կամ Օգոստոսի սկզբնաւորութեան: Ան յայտնեց որ ACT կրնայ մինչեւ 3,000 օրական դէպքեր ունենալ:

Տիկ Coleman յայտնեց որ ծրագիր չ'ունին կրկին պարտադրելու դիմակ կրելը:

Աւստրալիոյ Գլխաւոր Բժշկական Պաշտօնեան, Prof Paul Kelly, ABC TV-ին յայտնեց որ որոշ նահանգներ կրնան հետաձգել ոչ կարեւոր գործողութիւնները ՔՈՎԻՏ-19-ի և տենդախառն հարբուխի աճող դէպքերու հետեւանքով:
Կարդացէք վերաբերեալ

Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .

 


Share
Published 12 July 2022 7:30pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends