Ինչպէս՞ քուէարկել 2023 NSW-ի ընտրութիւններուն

NSW-ի մէջ քուէարկողներ Շաբաթ, Մարտ 25-ին պիտի ընտրեն յաջորդ Խորհրդարանի իրենց ներկայացուցիչը: Քուէարկութիւնը պարտադիր է բոլոր անոնց համար որոնք կը գտնուին ընտրացուցակին վրայ:

ELECTION22 REID

5.4 միլիոնէ աւելի մարդիկ իրաւունք ունին ընտրելու NSW-ի մէջ: Source: AAP / DEAN LEWINS/AAPIMAGE

Գլխաւոր Կէտեր
  • NSW-ի մէջ, անոնք որոնք իրաւունք ունին ընտրելու, պէտք է արձանագրուին և քուէարկեն դաշնային և նահանգային բոլոր ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ տեղական կառավարական ընտրութիւններուն:
  • Անգլերէնէն բացի, NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովը ընտրութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւն կը տրամադրէ 20-է աւելի լեզուներով:
  • Առցանց քուէարկութեան դրութիւնը, iVote, պիտի չ'օգտագործուի այս ընտրութիւններուն:
Առաջնորդուած պաշտօնավարող նահանգապետ Dominic Perrottet-ի կողմէ, Համախոհական կառավարութիւնը կը փորձէ չորրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրել իշխանութեան գլուխ մնալու համար:

Գլխաւոր պաշտօնին համար Պարոն Perrottet-ի գլխաւոր ընդդիմադիրը Labor ղեկավար Chris Minns-ն է, որ ղեկավարի դիրքը ստանձնելէ ետք Յունիս 2021-ին, առաջին անգամ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի որպէս կուսակցութեան ղեկավար:

NSW-ի Խորհրդարանը երկպալատ կամ երկու պալատ դրութիւնը կը գործածէ, որ կազմուած է Օրէնսդիր Համագումարէն (Ներքին Պալատ) և Օրէնսդիր Խորհուրդէն (Վերին Պալատ):

Նահանգային ընտրութիւններուն քուէարկողները բոլոր պիտի ընտրեն անդամ մը որ զիրենք պիտի ներկայացնէ Օրէնսդիր Համագումարին մէջ:

Օրէնսդիր Խորհուրդը բաղկացած է 42 անդամներէ, և իւրաքանչիւր նահանգային ընտրութիւններուն, 21 անդամներ կ'ընտրուին ծառայելու Խորհրդարանին մէջ երկու ժամկէտով - որ առաւելագոյնը ութը տարի է:

Եթէ հանգամանքները կը դժուարացնեն որ քուէարկող մը իր քուէն տայ անձնապէս, իրաւունք կրնայ ունենալ

Թղթատարական քուէն պէտք է ստացուի NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովին կողմէ մինչեւ Մարտ 20 կէսօրէ ետք ժամը 5:

Լրացած քուէաթերթիկները և թղթատարական քուէարկութեան վկայականները NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովը պէտք է ստացած ըլլայ ոչ ուշ քան :
NSW LABOR POLICE KEY ELECTION ASKS
Chris Minns NSW-ի Labor ղեկավարութիւնը ստանձնեց Յունիս 2021-ին: Source: AAP / BIANCA DE MARCHI/AAPIMAGE
iVote, առցանց քուէարկութեան դրութիւնը պիտի չ'օգտագործուի այս ընտրութեան ժամանակ:

Քուէարկութիւն ընտրութեան օրը – Մարտ 25

2450 հազարէ աւելի քուէարկութեան կեդրոններ պիտի տեղադրուին եկեղեցիներու, դպրոցներու, համայնքային կեդրոններու և այլ վայրերու մէջ NSW-ի տարածքին:

Այս կեդրոնները պիտի բացուին քուէարկութեան օրը առտուայ ժամը 8-էն մինչեւ կ.ե. ժամը 6:

Մանրամասնութիւնները թէ ուր կարելի է քուէարկել կարելի է գտնել

Քուէարկութեան կեդրոն մը մտնելէ ետք, պաշտօնեայ մը պիտի հարցնէ քուէարկողի անունը, հասցէն և ընտրատարածքը և եթէ արդէն քուէարկած է նոյն օրը:

Ինքնութիւնը հաստատելէ ետք, անոնց պիտի տրուի քուէաթերթիկներ:

Եթէ պաշտօնեաներ չեն կրնար գտնել քուէարկողի տուեալները ընտրական ցանկին վրայ, պէտք է լրացնեն մը:
NSW Premier Dominic Perrottet
NSW-ի նահանգապետ Dominic Perrottet: Source: AAP / Bianca De Marchi

Քուէարկութիւնը պարտադիր է

NSW-ի մէջ, իրաւունք ունեցող և ցուցակագրուած քուէարկողներ պարտադիր պէտք է քուէարկեն բոլոր դաշնային, նահանգային և տեղական ընտրութիւններուն:

Անոնք որոնք կը թերանան կրնան

Քուէարկել եթէ անտուն, անկարող էք կամ կը գտնուիք այլ նահանգներու կամ արտասահմանի մէջ

Եթէ այս դասակարգերու մէջ գտնուող անհատներ անկարող են քուէարկելու, պիտի չտուգանուին:

Եթէ քուէարկողներ օգնութեան կարիք ունին, կրնան ընկեր մը կամ ազգական մը իրենց հետ տանիլ որ կրնայ իրենց օգնել որ քուէարկեն կամ կրնան օգնութիւն խնդրել ընտրութեան անձնակազմէն:

Եթէ անձնապէս քուէարկութիւն կատարելը դժուար է, մարդիկ կրնան ընտրել կանուխէն քուէարկութիւնը, թղթատարական քուէարկութիւնը, յայտարարութեան քուէարկութիւնը կամ հեռաձայնային քուէարկութիւնը:

Եթէ քուէարկողը կը գտնուի այլ մը մէջ, կրնայ անձնապէս քուէարկել մը մէջ կամ թղթատարական քուէարկութեամբ:

Քուէարկողներ որոնք արձանագրուած են NSW-ի մէջ և ընտրութեան ժամանակ կամ , պէտք է թղթատարական քուէարկութիւն կատարեն:

Տեղեկութիւն բազմաթիւ լեզուներով

NSW-ի Ընտրական Յանձնախումբը տեղեկութիւն կը տրամադրէ գրանցումի, քուէարկութեան և թեկնածուներու մասին :

Կանուխէն քուէարկութեան կեդրոններու և քուէարկութեան օրը ընտրական տեղամասերուն մէջ պիտի գտնուին բազմալեզու անձնակազմ, որոնք կը կրեն կրծքանշաններ ուր նշուած է թէ քանի լեզուներով օգնութիւն կրնան տրամադրել:

Յանձնախումբը կը տրամադրէ ձրի հեռաձայնի թարգմանութեան ծառայութիւն լեզուներու համար որոնք ընդգրկուած չեն ցանկին վրայ:

Ընտրական անձնակազմը կրնայ քուէարկողները միացնել Թարգմանութեան Ծառայութեան հետ (Translating and Interpreting Service) եթէ յաւելեալ լեզուներով օգնութեան կարիք կայ ընտրական կեդրոնին մէջ:

Նուազեցնելու համար ընտրութիւններու մասին սխալ տեղեկութիւնները, որոնք կը շրջին համայնքին մէջ, NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովը կը վարէ մը որ կը հետեւի և կը հերքէ սխալ և մոլորեցնող յայտարարութիւնները ընտրական գործընթացի մասին:

Յաւելեալ տեղեկութիւն կրնաք գտնել թէ ինչպէս կարելի է քուէարկել կայքէն կամ հեռաձայնել 1300 135 736.

Share
Published 16 March 2023 2:03pm
By Nikki Alfonso-Gregorio
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends