ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
- Աւստրալիա խոցելի երեխաներու համար պատուաստումներ պիտի սկսի Սեպտեմբեր 5-ին
- Մասնագէտներու համաձայն ՔՈՎԻՏ կրնայ շատ ծանր ազդել երեխաներուն վրայ:
- Պատուաստումներու կողմնակի ազդեցութիւնները աւելի նուազ յաճախակի են երեխաներու քան չափահասներու մօտ
Այս տարուայ սկզբնաւորութեան, ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստները մատչելի դարձան 5-11 տարեկան բոլոր երեխաներուն համար:
Հակառակ այս իրողութեան, միայն 40 առ հարիւրը 2,3 միլիոն իրաւունք ունեցող այս տարիքի երեխաներուն, իրենց առաջարկուած երկրոդ դեղաչափը ստացած են:
Dr Brenden McMullan, մանկավարժական վարակումներու հիւանդութիւններու մասնագէտ մը Սիտնիի Երեխաներու Հիւանդանոցին մէջ, յայտնեց որ գուցէ ծնողքներ քիչ մը մտահոգուած են պատուաստի կողմնակի ազդեցութիւններէն և վստահ չեն եթէ իրենց երեխաները իսկապէս կարիքը ունին:
LISTEN TO

How safe are COVID-19 vaccines for children?
SBS English
14:21
Մանկաբոյժ և Փրոֆէսօր Nick Wood յայտնեց որ պատուաստումի ցած թիւի այլ պատճառներէն կրնայ ըլլալ նաեւ նիւթական ապահովումը և մարդիկ որոնք ժամանակ չեն գտնէր իրենց երեխաները պատուաստումի կեդրոն մը տանելու համար:
"ՔՈՎԻՏ-19 ունեցած վեց կամ եօթը տարեկան երեխայի մը ծնողքները կրնան մտածել որ քանի որ վարակումը շատ վատ չէր, իսկապէս կարիքը չկայ որ աճապարեն և պատուատը ստանան," յայտնեց Փրոֆէսօր Wood:
"Յանձնարարութիւն մը կայ որ, եթէ մէկը ՔՈՎԻՏ-19 ունեցած է, պէտք է նուազագոյնը երեք ամիս սպասէ պատուաստը ստանալէն առաջ: Գուցէ այդ կրնայ այլ պատճառ մը ըլլալ ցած վարակումներուն":
Երեխաներ կարիք ունին՞ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի մը
Զոյգ մասնագէտները կ'ըսեն որ քորոնաժահրի վարակումները թեթեւ կ'ազդեն երեխաներէն մեծամասնութեան համար, սակայն փոքրաթիւ երեխաներու համար, յատկապէս անոնք որոնք քրոնիկ հիւանդութիւններ ունին, ՔՈՎԻՏ-19 կրնայ բաւական ծանր ըլլալ:
"Որոշ երեխաներ բաւական ծանր կը հիւանդանան և հիւանդանոց մնալու կարիք կրնան ունենալ: Նաեւ յաւելեալ բուժումի կարիք կրնան ունենալ ինչպէս թթուածին կամ յեղուկներ, որովհետեւ անոնց շնչառութիւնը շատ լաւ չէ և անոնց բեռանային ներթողումը (ուտել և խմել) լաւ չէ" կ'ըսէ Փրոֆէսօր Wood:
Ան յայտնեց նաեւ որ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստները արգելք կը հանդիսանան որ երեխաներ շատ ծանր հիւանդանան:
"Նոյնիսկ եթէ նախապէս վարակուած էք, օգտակարութիւններ ունի վարակում ունենալը և պատուաստը: Վարակամերժութիւնը որ կը ստանաք հաւանաբար աւելի ընդարձակ է և կրնայ ձեզ պաշտպանել որ կրկին չվարակուիք" կ'ըսէ Փրոֆէսօր Wood:
Բժիշկ McMullan կ'ըսէ որ չպատուաստուած մարդիկ, ներառեալ երեխաներ, աւելի հաւանական է որ քորոնաժահրով վարակուին:
"Համաճարակի սկզբնաւորութեան, որոշ դերահասներ կը տեսնէինք հիւանդանոցներուն մէջ աւելի լուրջ հիւանդութիւններով: Այժմ, մենք աւելի փոքր երեխաներ կը տեսնենք հիւանդանոցի մէջ" ըսաւ ան:
Որքան՞ ապահով են պատուաստները
Մասնագէտներ կ'ըսեն որ այս պատուաստները ամբողջովին հետազօտուած են և տրամադրուած աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր երեխաներու:
Աւստրալիոյ մէջ, պատուաստները ստուգուած են Բուժական Ապրանքներու Վարչութեան կողմէ և յանձնարարուած Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբին կողմէ (ATAGI):
Փրոֆէսօր Wood գլխաւոր հեղինակն է նոր AusVaxSafety տեղեկագրին որ քննարկեց պատուաստի ապահովութեան տուեալները, 5-էն 15 տարեկան, 200,000-է աւելի աւստրալիացի երեխաներու մօտ:
Ան կ'ըսէ որ երեխաներու մօտ տարածուած կողմնակի ազդեցութիւններն են ցաւ և կարմրութիւն սրսկումի տեղը, որ ընդհանրապէս կը պատահի պատուաստը ստանալէն ետք առաջին 48 ժամերու ընթացքին և մի քանի օր կը տեւէ:
Ջերմութիւն, գլխացաւ և մկանի ցաւ այլ հասարակ կողմնակի ազդեցութիւններ են երեխաներու և չափահասներու մօտ:
"Սակայն նուազ յաճախակի են երեխաներու քան չափահասներու մօտ: Քիչ մը նուազ յաճախակի են 5-11 տարեկան երեխաներու մօտ քան 12-15 տարեկաններու մօտ," յայտնեց փրոֆէսօր Wood:
Փրոֆէսօր Wood և իր խումբը սրտամկանային բորբոքումի վտանգ չգտան 12 տարեկանէն վար երեխաներու մօտ:
"Քիչ մը աւելի յաճախակի է 15-25 տարեկաններու մօտ և ընդհանրապէս կը պատահի աւելի փոքր տղոց մօտ երկրորդ դեղաչափէն ետք: Երիտասարդ չափահասներ և դերահասներ կրնան գանգատիլ կուրծքի ցաւէ և սրտի բաբախումէ," ըսաւ ան:
"Եւ եթէ ցաւ զգան, պէտք է այցելեն իրենց ընտանեկան բժիշկին կամ արտակարգ դրութեան բժիշկին: Սակայն այս տարածուած չէ: Մօտաւորապէս հինգէն կամ տասը հազարէն մէկն է," աւելցուց ան:
Dr McMullan, որպէս վարակիչ հիւանդութիւններու մասնագէտ, կը խնամէ ծանր կողմնակի ազդեցութիւնները և կ'օգնէ վարակազերծումի հարցերով:
"Խնամած եմ շատ աւելի երեխաներ աւելի լուրջ ՔՈՎԻՏով քան պատուաստի կողմնակի ազդեցութիւններով," ըսաւ Բժիշկ McMullan:
Որ մէկ՞ պատուաստները կը յանձնարարուին երեխաներու համար
Ներկայիս, ATAGI խորհուրդ կ'ուտայ վեց ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան խոցելի երեխաներու համար երկու դեղաչափ Moderna-ի Spikevax պատուաստ:
"Այս տարիքի խումբը ՔՈՎԻՏ-19-ի պատճառով հիւանդանոց մնալու ամենաքիչ հաւանականութիւնը ունի: Իսկ քիչ թիւով հիւանդանոց մնացողները, որոնք կը մեռնին ՔՈՎԻՏ-19-ի պատճառով, յաճախ հիւանդութիւններ ունին կամ վարակամերժութիւննին խանգարուած է," տեղեկացուց ATAGI:
National Interoperable Notifiable Diseases Surveillance System տեղեկացուց աւելի քան 350,000 ՔՈՎԻՏ-19 վարակումներու և ութը ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին 0-5 տարեկան երեխաներու մօտ, 1 Դեկտեմբեր 2021-էն մինչեւ 17 Յունիս 2022:
5-11 և 12-15 տարեկան բոլոր երեխաները կրնան երկու դեղաչափ կամ Pfizer կամ Moderna պատուաստ ստանալ: Երրորդ դեղաչափ կ'առաջարկուի միայն խոցելի երեխաներու համար:
Երկար ՔՈՎԻՏ երեխաներու մօտ
Բժիշկ McMullan յայտնեց որ երկար ՔՈՎԻՏ աւելի տարածուած է չափահասներու քան երեխաներու մօտ:
"Երեխաներու մեծամասնութիւնը, որոնք ՔՈՎԻՏ ունին, բոլորովին կը բուժուին մի քանի շաբաթէն," ըսաւ ան:
SBS յանձնառու կը մնայ տրամադրելու բոլոր ՔՈՎԻՏ-19 թարմացումները Աւստրալիոյ բազմամշակութային և բազմալեզու համայնքներուն: Ապահով մնացէք և տեղեակ մնացէք յաճախակի այցելելով