Feature

Ծայրայեղ եղանակ, ՔՈՎԻՏ-19 և Ընտանեկան բռնութիւն. Ուր՞ հեռաձայնել եթէ արտակարգ դրութեան մէջ կը գտնուիք

Կարեւոր է գիտնալ թէ ուր՞ պէտք է հեռաձայնել արտակարգ դրութեան իրավիճակի մէջ, ներառեալ մտային առողջութեան օգնութիւն ստանալու և ընտանեկան բռնութեան ծառայութիւններու համար: Այստեղ գտէք որոշ կազմակերպութիւններ և անոնց հեռաձայնի թիւերը եթէ տօնական օրերուն կարիքը ունենաք:

AAP

Source: AAP

Մինչ ՔՈՎԻՏ-19 վարակումներու թիւերը կը բազմանան երկրի տարածքին, նահանգային առողջապահական կազմակերպութիւններ կ'աշխատին ապահովելու համար որ անոնք որոնք բժշկական օգնութեան կարիքը ունին, պէտք եղած խնամքը կը ստանան:

Սակայն համաճարակը միակ խնդիրը չէ որ պիտի դիմագրաւենք այս տօնական օրերուն:

Ծայրայեղ եղանակի դէպքերը, ինչպէս անտառային հրդեհներ և ջրհեղեղներ, պատճառ կրնան դառնալ որ կապ հաստատենք արտակարգ դրութեան ծառայութիւններուն հետ:

Այս շրջանին նաեւ վճռական կը դառնան մտային առողջութեան և ընտանեկան բռնութեան ծառայութիւնները:

Ահաւասիկ որոշ ծառայութիւններ և անոնց կապի տուեալները:

Եռապատիկ Զէրօ և ծայրայեղ եղանակ

Հեռաձայնել Եռապատիկ Զէրօ (000) հրդեհի, բժշկական կամ ոստիկանական արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ: Ջրհեղեղի, փոթորիկներու և ցունամիի ժամանակ հեռաձայնել Նահանգի Արտակարգ Դրութիւններու Ծառայութիւն (SES) 132 500:

Եռապատիկ Զէրօ թարգմանիչներ չ'ունի և եթէ անգլերէն չէք խօսիր, ձեր զանգը կը փոխանցուի ձեր մայրաքաղաքի ոստիկանութեան և երբ կապը հաստատուած է, թարգմանիչ մը կը կարգադրուի ձեզի համար:

Աւստրալիա ունի նաեւ երկու այլ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան թիւեր, սակայն անոնք կը գործեն միայն որոշ ծառայութիւններու վրայ.

  • 112 կարելի է զանգել միայն շրջուն հեռաձայնով:
  • 106 կարելի է օգտագործել միայն teletypewriter-ով (TTY) կամ խուլերու համար սարքով մը: 106-ը, գրաւոր արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւն մըն է մարդոց համար որոնք խուլ են կամ լսելու և խօսակցութեան անկարողութիւն ունին:

ՔՈՎԻՏ-19 կապեր և պատուաստում

ՔՈՎԻՏ-19-ի և պատուաստներու վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութեան համար հեռաձայնել Ազգային Քորոնաժահրի Թէժ Գիծ (National Coronavirus Hotline) 1800 020 080:

Այս գիծը կը գործէ օրական 24 ժամ, շաբաթական 7 օր և յաւելեալ հնարաւորութիւններ ունի առաջնութիւն ունեցող խումբերուն համար:

Թէժ գիծը կրնայ օգնել  յայտնաբերելու համար պատուաստի բուժարան մը և կապի տուեալները տրամադրել ժամադրութիւն առնելու համար, սակայն անոնք որոնք հեռաձայնին կը պատասխանեն, չեն կրնար ուրիշի անունով ժամադրութիւն առնել:

Ժամադրութիւն առնելու համար ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի համար, գործածել .

Beyond Blue ունի օգնելու մարդոց որ յաղթահարեն համաճարակի ազդեցութիւնները – անոնց հեռաձայնի թիւն է 1800 512 348:

Կապուելու համար թարգմանիչի մը հետ ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19-ի մասին տեղեկութիւններու համար (ATIS) միջոցով, հեռաձայնել  1800 131 450:

Ձեր նահանգին մէջ ներկայ սահմանափակումներու վերաբերեալ թարմացուած կրնաք մնալ միջոցով:

ՔՈՎԻՏ-19-ի դէմ ձեռք առնուած առողջութեան և օգնութեան միջոցներու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելել՝ :

Ոչ-արտակարգ իրավիճակներու ոստիկանութեան և հրդեհի դէպքեր

Ոստիկանութեան Օգնութեան Գիծ - 131 444: Արտակարգ իրողութիւններէ դուրս դէպքերու վերաբերեալ կապ հաստատել ոստիկանութեան հետ:

​Crime Stoppers - 1800 333 000: Հեռաձայնել եթէ տեղեկութիւն ունիք որ կրնայ ոճիռ մը լուծել: ​

Ոչ-արտահերթ հրդեհի դէպքի պարագային :

Մտային առողջութեան աջակցութիւն և թարգմանութեան ծառայութիւններ

 - 131 114: Ազգային այս բարեգործական կազմակերպութիւնը անձնական ճգնաժամի մէջ գտնուող աւստրալիացիներուն կը տրամադրէ 24 ժամական ճգնաժամի օգնութիւն: Օգտագործել գտնելու համար ձեր շրջանի ծառայութիւնները:

 - 1800 551 800: Այս ձրի հեռաձայնի և առցանց խորհրդատուական ծառայութիւն մըն է երիտասարդներուն համար որոնք 5-էն 25 տարեկան են և որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին:

131 450: Այս թարգմանական ծառայութիւնը կը տրամադրուի Տնային Հարցերու Գերատեսչութեան կողմէ մարդոց, որոնք անգլերէն չեն խօսիր և գործակալութիւններու և ձեռներէցութիւններու համար որոնք պէտք ունին հաղորդակցելու ոչ-անգլիախօս իրենց յաճախորդներուն հետ:

 - 1300 789 978: Յատուկ 24 ժամական խորհրդատուական ծառայութիւն մըն է մարդոց համար որոնք յարաբերութիւններու և ընտանեկան մտահոգութիւններ ունին:

 - 1300 224 636: 24 ժամական օգնութիւն կը տրամադրէ անձերու որոնք ընկճուածութեան, անձնասպանութեան, անցկութեան խանգարումներ և մտային այլ  հիւանդութեան հարցեր կը դիմագրաւեն:

 – 1300 659 467: 24 ժամական խորհրդատուական ծառայութիւն անձնասպանութեան կանխարգիլման և մտային առողջութեան վերաբերեալ հեռաձայնով, առցանց և տեսակապի միջոցով:

 - 1300 364 277: Յարաբերութիւններու օգնութեան ծառայութիւններ կը տրամադրէ անհատներու, ընտանիքներու և համայնքներուն:

 - 1800 007 007: Այս ձրի և գաղտնի խորհրդատուական ծառայութիւն մըն է մասնագէտ ֆինանսական խորհրդատուներու կողմէ:

Ընտանեկան բռնութեան աջակցութիւն

 -1800 737 732: Այս 24 ժամական ազգային սեռային յարձակումի, ընտանեկան և տնային բռնութեան խորհրդատուական գիծ մըն է:

 - 1300 381 581: Ազգային բարեգործութիւն մը որ նախընտրութիւն կ'ուտայ երեխաներու ապահովութեան և բարօրութեան, անոնց տրամադրելով խորհուրդ, շահերու պաշտպանութիւն, կրթութիւն, երեխաներու չարաշահումի կանխարգիլումի ծրագիրներ և հետազօտութիւն:

 - 1300 766 491: Սոյն կազմակերպութեան գլխաւոր մտահոգութիւնն է կանանց և երեխաներու բարեկեցութիւնը:

 - 1800 937 638: Ջատագովական մարմին մըն է որ կ'աշխատի կանանց և երեխաներու օգտին, որոնք ենթակայ են կամ ենթարկուած են տնային կամ ընտանեկան բռնութեան:

1800 353 374: Ձրի տեղեկութիւն և աջակցութեան ծառայութիւններ կը տրամադրէ մարդոց, որոնք կ'ենթարկուին կամ ականատես կ'ըլլան տարեց անձի մը չարաշահութեան:

Տնային բռնութեան նահանգային յաւելեալ ծառայութիւններու համար :  


Share
Published 22 December 2021 9:13pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends