Սոյն տեղեկութիւնը շարունակաբար կը թարմացուի, սակայն նաեւ կը յանձնարարենք, որ քննէք իւրաքանչիւր նահանգի իշխանութիւններու կապը ամբողջական մանրամասնութիւններու և բացառութիւններու համար:
Վիքթորիա - Սահմանափակումները կը մեղմանան
Երկրորդ քայլ Մելպըրնի համար
19 Հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ կարգ մը սահմանափակումներ կը մեղմանան: Փոփոխութիւնները կը ներառեն՝
- Մայրաքաղաքային Մելպըրնի մէջ այժմ կարող էք ճամբորդել ձեր տունէն կամ արտօնեալ գործատեղիէն մինչեւ 25 քմ: Այս կը փոխարինէ 5 քմ. օրէնքը:
- Ճամբորդութիւնը դէպի շրջանային Վիքթորիա դեռ եւս արտօնուած է՝ միայն եթէ 25 քմ. հեռաւորութեան սահմանին մէջ է:
- Տունէն դուրս կրնաք գալ որեւէ ժամանակի տեւողութեամբ, դուրսը մարզանքի կամ բարեկամներ եւ ընտանիքի անդամներ տեսնելու համար: Տունէն դուրս ելլելու թիւի կամ քանակի սահմանափակումներ չկան:
- Բացօթեայ հանրային վայրի մը մէջ, ընկերական համդիպումի համար, կրնաք հանդիպիլ առաւելագոյնը երկու տարբեր ընտանիքներէ՝ մինչեւ 10 հոգիէ բաղկացած խումբի մը հետ (12 ամիսէն փոքր երեխաները չեն ներառուած սահմանափակման մէջ):
- Բացօթեայ հանրային վայրի մը մէջ կրնաք մարզանք ընել, առաւելագոյնը երկու տարբեր ընտանիքներէ՝ մինչեւ 10 հոգիէ բաղկացած խումբի մը հետ (անձնական մարզումը սահմանափակուած է երկու անձի՝ առաւել մէկ մարզիչ):
- Որոշ բացօթեայ գործողութիւններ կրնան տեղի ունենալ բացօթեայ մարզավայրերու կամ խաղավայրերու մէջ:
- Բացօթեայ աշխատող աւելի շատ մարդիկ պիտի կարենան աշխատանքի վերադառնալ:
- Վարսայարդարներ եւ սափրիչներ պիտի կարենան վերսկսիլ աշխատանքի: Այս կը ներառէ շարժուն եւ տնային գործառւթիւններ՝ եթէ արձանագրուած են, ունին առանձին մուտքեր եւ ՔՈՎԻՏ Ապահով (COVIDSafe) աշխատանքի վայրեր:
- Նոյնանման առողջապահական ծառայութիւններ մատուցողներ որոնք ներկայիս նշուած են թոյլատրուած աշխատանքի առաջադրուած ցուցակին վրայ, պիտի կարենան վերադառնալ սովորական խնամքի մատուցման:
- Ջրաբուժութիւնը կրնայ վերսկսիլ մէկ առողջապահութեան հոգատար մասնագէտի եւ մէկ յաճախորդի միջեւ՝ փակ լողաւազաններու մէջ: Ոչ-խմբային ջրաբուժութիւն, եւ, միաժամանակ առաւելագոյնը 10 անձ մէկ լողաւազանի մէջ ջրաբուժութեան համար (հինգ առողջապահական մասնագէտ եւ հինգ յաճախորդ):
- Առաւելագոյնը 30 հոգի կրնան օգտագործել բացօթեայ լողաւազանները մարզանքի համար:
- Անշարժ գոյքի աճուրդներ, բնակարանային եւ առեւտրային, թոյլատրելի են բացօթեայ, 10 հոգիի սահմանափակումով, առաւել, աճուրդը վարելու համար անհրաժեշտ նուազագոյն թիւով մարդիկը:
- Առեւտրային անշարժ գոյքի նախապէս պայմանաւորուած ստուգումներ՝ 1 գործակալի եւ 1 հաւանական գնորդի կամ վարձակալի հետ:
Երրորդ քայլ
19 Հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ կարգ մը սահմանափակումներ կը մեղմանան: Փոփոխութիւնները կը ներառեն՝
- Ընկերային պղպջակը վերացուած է:
- Ընտանիքներ կրնան երկու հոգի, առաւել անոնց երեխաները հրաւիրել իրենց տունը:
- Ընտանիք մը նաեւ արտօնուած է այցելել հիւանդ մը կամ խնամքի հաստատութեան մէջ գտնուող բնակիչ մը, մինչեւ երկու ժամ:
- Հիւրընկալութեան հատուածը, 19 Հոկտեմբերէն սկսեալ փակ վայրի մէջ կրնայ հիւրընկալել մինչեւ 40 յաճախորդներ, եւ մինչեւ 70 յաճախորդներ՝ բացօթեայ վայրի մէջ:
- 19 Հոկտեմբերէն սկսեալ շրջանային գրադարաններ եւ խաղալիքներու գրադարաններ բաց պիտի ըլլան առաւելագոյնը 20 անձի համար՝ ներսը:
- Մարդիկ կրնան բացօթեայ կրօնական հաւաքոյթներ ունենալ՝ մինչեւ 20 հոգի, առաւել կրօնական առաջնորդ մը:
- Բացօթեայ կրօնական հաւաքոյթները կրնան աւելնալ 20 անձի:
- Փակ լողալը բաց է միայն 18 տարիքի եւ անկէ ցած անձերու համար: Լողաւազանին մէջ 20 յաճախորդի սահմանափակում կայ, կամ, իւրաքանչիւր չորս քառակուսի մէթրի համար մէկ անձ օրէնքը (ուր որ մարդոց աւելի քիչ թիւ է):
- Մէկ երեխայի համար մէկ ծնող / խնամակալ / խնամող արտօնուած է վերահսկողութեան նպատակներով եւ ներառուած չէ սահմանափակման մէջ: Լողի դասերը կրնան վերսկսիլ:
- Փակ լողաւազանները կրնան բացուիլ մէկով մէկ ջրաբուժութեան համար, լողաւազանին մէջ միաժամանակ 10 հոգիի սահմանափակումով:
- Արտօնագրուած զբօսաշրջութեան սպասարկութիւններ որոնք միայն վրան բաց մեքենաներ կ'օգտագործեն՝ արտօնուած են գործելու:
Հոկտեմբեր 12-էն Նախակրթարանէն մինչեւ 6րդ դասարանի, VCE (11-12րդ կարգի կամ անոնց համար որ VCE կամ VCAL նիւթեր կը սերտեն) եւ մասնայատուկ դպրոցներու համար տեղւոյն վրայ ուսանելու փուլային վերադարձ սկսաւ:
Յաւելեալ տեղեկութիւն այստեղ.
Կը վերաբերի բոլոր Վիքթորիային
Տուգանքներ
Դիմակ չկրողը կրնայ 200 տոլարով տուգանուիլ:
Վիքթորիացիներ որոնք չեն մեկուսանար դրական արդիւնք տալէ ետք, կամ երբ կը յայտնաբերուի, որ մոտիկ շփում ունեցած են պէտք է $4957 տուգանք վճարեն:
Նայած դէպքին, տուգանք մը կրնայ մինչեւ 20,000 տոլարի բարձրանալ:
Դիմակներ
Բոլոր Վիքթորիացիները պարտադիր դիմակներ պիտի կրեն իրենց տունէն դուրս: Դիմակ չկրելու տուգանքը 200 տոլար է: Դիմակներ պարտադիր չեն 12 տարեկանէն վար երեխաներուն համար:
Մարդիկ դեռ կրնան կրել վահան, որը կը ծածկէ ճակատն ու դէմքի կողմերը, բայց այն պէտք է օգտագործուի դիմակի մը հետ:
Ֆինանսական օժանդակութիւն
- Համաճարակային Արձակուրդի Աղէտի Վճարումը կը փոխարինէ Վիքթորիայի Կառավարութեան Քորոնավայրըսի (Քովիտ-19) Աշխատաւորի Աջակցութեան $1500 վճարումը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւն
- Մէկ անգամուայ 300 տոլարի վճարում պիտի կատարուի Վիքթորիայի գործաւորներուն, ներառեալ ծնողքներու և խնամողներու, որոնցմէ կը պահանջուի, որ ինքնամեկուսանան մինչ կը սպասեն արդիւնքներուն:
Գործատէր
Եթէ իրագործելի է, պէտք չէ թոյլ տայ, որ գործաւորներ աշխատին աշխատավայրին մէջ:
Աշխատատեղերու վերաբերեալ փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն Չորեքշաբթի Օգոստոս 5-ին:
Դպրոցներ
- Նահանգի տարածքին բոլոր ուսանողները տունէն սորվելու պիտի սկսին:
- Չորեքշաբթի 5 Օգոստոսէն ճկուն և հեռաւոր ուսում պիտի տրամադրուի բոլոր ուսանողներուն Վիքթորիայի տարածքին:
- Այս կը ներառէ VCE ուսանողներ, որոնք դպրոցին մէջ կը սորվէին:
- Յատուկ դպրոցներ բաց պիտի մնան:
- Ուսանողներ որոնց ծնողքները իրենց տուներէն դուրս պէտք է աշխատին, հնարաւորութիւն ունին դպրոց յաճախելու:
- General Assessment Test (GAT), որ ընդհանրապէս տեղի կ'ունենայ 3րդ եռամսեակի վերջաւորութեան, յետաձգուեցաւ մինչեւ 4րդ եռամսեակի սկզբնաւորութիւն:
Մանկապարտէզներ
Միայն խոցելի երեխաներ և անհրաժեշտ գործաւորներու երեխաներ թոյլտուութիւն ունին յաճախելու մանկապարտէզներ Մելպըրնի 4րդ աստիճանի սահմանափակումներու ժամանակ:
Մնացեալ ընտանիքներուն համար, կայ երեխաներու խնամքի «փրկութեան ծրար մը»:
Կոչուեցաւ նաեւ «եռեակի ապահովութիւն», որովհետեւ նպատակ ունի ապահովութիւն մը ըլլալու ծնողքներուն, երեխաներու խնամքի ծառայութիւններուն և մանկապարտվզի աշխատողներուն:
Ընտանիքներու համար, որոնք պէտք ունին, որ իրենց երեխաները տունը մնան, ծրարը կը նշանակէ՝
- 30 օր յաւելեալ բացակայութիւններ՝ առանց կորսնցելու իրենց տեղը:
- Երեխան, բացակայ եղած ժամանակ, արձանագրուած պահել առանց ծախսի ծառայութեան։
Երեխաներու խնամք մատակարարողներուն համար կը նշանակէ՝
- Յաւելեալ վճարումներ կառավարութենէն բացը փակելու համար
Յաւելեալ տեղեկութիւն –
Աղէտի իրավիճակ
- Ոստիկաններուն աւելի իշխանութիւն կ'ուտայ և թոյլ կ'ուտայ իշխանութիւններուն, որ կասեցնեն Խորհրդարանի օրէնքներ:
- Որոշուեցաւ, որ ապահովուի որպեսզի կառավարութիւնը յստակ իշխանութիւն ունենա պարտադրելու և ստիպելու պարետային ժամ մը:
- Ոստիկանները նշանակէ որպէս լիազօրուած պաշտօնեաներ:
- Վիքթորիայի արտակարգ դրութեան և աղէտի իրավիճակը երկարաձգուեցաւ:
Յաւելեալ տեղեկութիւն այստեղ.
Նիու Սաութ Ուէյլզ
ՔՈՎԻՏ-19-ի վայրերը Նիու Սաութ Ուելսի մէջ -
Ուրբաթ 24 Յուլիսէն (յաւելեալ տեղեկութիւն)-)
Համաճարակային Արձակուրդի Աղէտի Վճարում
· Նիու Սաութ Ուէյլզի աշխատաւորները, եթէ ինքնամեկուսացման կամ քառասունքի ենթարկուելու պատճառով չեն կրնար աշխատիլ, այժմ իրաւասու են ստանալու $1,500 Համաճարակային Արձակուրդի Աղէտի Վճարում:
· Աշխատաւորներուն, իրենց 14 օրուայ ինքնամեկուսացման ժամանակաշրջանին օգնելու համար միանգամայն ամբողջական վճարում մըն է այդ:
· Յաւելեալ տեղեկութիւն.
Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ
- 20 հիւրեր տան մէջ, եւ, 23 Հոկտեմբերէն սկսեալ մինչեւ 30 հոգի կրնան հաւաքուիլ դուրսը՝ հանրային վայրի մը մէջ:
- 1 Դեկտեմբեր 2020-էն սկսեալ հարսանիքներուն մասնակցողներուն թիւը պիտի աւելնայ 300 հոգիի, ենթակայ չորս քառակուսի մէթր կանոնին՝ ներսը, եւ երկու քառակուսի մէթր կանոնին՝ դուրսը:
- 24 Հոկտեմբերէն սկսեալ 300 հոգի կրնան ներկայ ըլլալ պաշտամունքի վայրեր, ենթակայ ՔՈՎԻՏ ապահովութեան ծրագրին:
Ձեռներէցութիւններ և զուարծացուցիչ գործունէութիւններ
-Ձեռնարկը վարողներ պէտք է մը ունենան և արձանագրութիւն մը պահեն բոլոր անոնց որոնք տեղ կը մտնեն:
- Երեխաներու համայնքային մարզական և չափահասներու մարզումները կրնան վերսկսան եւ, Նիու Սաութ Ուէյլզի մէջ համայնքային մարզախաղերու համար սահմանափակումները թեթեւցած են: Շաբաթ 26 Սեպտեմբերէն սկսեալ մէկէ աւելի ծնողներ / խնամողներ կրնան դիտել իրենց երեխայի մարզախաղը:Հանդիսատեսները այլ տնեցիներէ պէտք է 1.5 մէթր հեռու մնան, կամ, եթէ այդ կարելի չէ՝ դիմակ հագնին:
Աւելին իմանալ. - Մարդոց թիւը որոնք կը թոյլատրուին փակ վայրերու մէջ պիտի որոշուի 'մէկ անձ 4 քառակուսի մեդր' օրէնքով, առանց սահմանափակումի (միայն նստած), ներառեալ թաղումները:
- Գարեջրատուներ- Շաբաթ 18 Յուլիսէն, Նիու Սաութ Ուելսի մէջ գարեջրատուներ պիտի սահմանափակեն խումբով տեղեր ապահովելը առաւելագոյնը 10 անձի և յաճախորդներու թիւը 300-ի : Յաւելեալ տեղեկութիւն-
- Հիմնուելով թարմացուած առողջապահական խորհրդատուութեան, 1 Հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ, Սիտնիի որոշ մարզադաշտերուն մէջ գլխաւոր մարզական իրադարձութիւններուն բազմութեան ներկայութիւնը կրնայ աւելցուիլ 25%-էն 50%-ի (առաւելագոյնը մինչեւ 40,000 հանդիսատեսներ):
ՔՈՎԻՏ-19 գարեջրատուներու սահմանափակումները պիտի ընդարձակուի և ընդգրկէ ճաշարաններ, խմիչքատուներ, ճաշարաններ և ակումբներ:
Շաբաթ 1 Օգոստոս 2020-էն, Նիու Սաութ Ուելսի մարզասրահները պէտք է արձանագրուին և ունենան ՔՈՎԻՏ Ապահովութեան Ծրագիր մը (COVID Safety Plan):
23 Հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ ՔՈՎԻՏ-19 ապահովութեան պաշտօնեաներ պիտի պահանջուին միայն մարզասրահներու մէջ՝ երբ միանգամայն 20 հոգիէն աւելի մարդիկ կը գտնուին վայրին մէջ:
Սիտնի CBD-ի սրճարանները, ըմպելարանները, ճաշարանները եւ պանդոկները կրնան դիմել բացօթեայ ճաշի արտօնագիր ստանալու, առանց ծրագրաւորման հաստատում ստանալու անհրաժեշտութեան: Ասիկա 12 ամսուայ փորձ մըն է որ կը սկսի 16 Հոկտեմբեր 2020-ին «The Rocks» -ի մէջ, եւ 1 Նոյեմբեր 2020-ին Սիտնի CBD-ի մէջ:
Գարեջրատուներ, ճաշարաններ, խմիչքատուներ, սնունդի և խմիչքի վայրեր, փոքր գարեջրագործարաններ, քազինոներ, գրանցուած ակումբներ, փոքր ըմպելարաններ:
- 23 Հոկտեմբերէն, հիւրընկալութեան վայրերու մէջ իւրաքանչիւր պատուէրի համար 30 յաճախորդ, եւ 30 յաճախորդ (նախապէս առաւելագոյնը 10) իւրաքանչիւր սեղանի համար:
- Թուային արձանագրութիւն մը պէտք է ստեղծուի 24 ժամուայ ընթացքին:
- Հարսանիքներ սահմանափակուած 150 անձերու (300 1 Դեկտեմբերէն) ենթակայ չորս քառակուսի մէթր օրէնքին:
- 23 Հոկտեմբերէն, մինչեւ 300 հոգիով ընկերութիւններու ձեռնարկներ կարելի է ունենալ որեւէ յարմար վայրի մէջ, ներառեալ ճաշարաններ, ենթակայ ՔՈՎԻՏ-Ապահով ծրագրին (նախապէս՝ միայն ընդունելութեան կեդրոններ):
- Հարսանիքներ և ընկերութիւններու ձեռնարկներ նմանապէս պիտի սահմանափակուին 150 անձերու, ենթակայ չորս քառակուսի մեդր օրէնքին:
- Թաղումներ և պաշտամունքի վայրեր պիտի սահմանափակուին 100 անձերու:
Ճամբորդութիւն
Անդր-Թասմանեան ճամբորդութեան պղպջակ.
- 16 Հոկտեմբերէն սկսեալ Նոր Զելանտայէն մարդիկ կրնան Ճամբորդել դէպի Նիու Սաութ Ուէյլզ առանց մեկուսացման ենթարկուելու:
- Ճամբորդողներ նախորդ 14 օրերուն Նոր Զելանտայի մէջ ՔՈՎԻՏ-19 վտանգաւոր կէտի մը մէջ պէտք չէ գտնուած ըլլան:
Նիու Սաութ Ուելս ժամանակաւորապէս իր սահմանները փակեց Վիքթորիայի հետ:
Մարդիկ որոնք Վիքթորիայէն Նիու Սաութ Ուելս կը թռչին Ուրբաթ Օգոստոս 7-էն սկսեալ պիտի ստիպուին երկու շաբաթ պանդոկի մեկուսացումի իրենց ծախսերով: Նոյն օրէնքը կը վերաբերի անոնց որոնք արտասահմանէն կը վերադառնան. (Աւստրալիական 3000 տոլար):
Յատուկ նախատեսութիւններ կան՝
-Սահմանային համայնքներու բնակիչներուն համար
-Մարդոց համար, որոնք կը կատարեն կենսական ծառայութիւններ
-Միջնահանգային բնակիչներ, որոնք Նիու Սաութ Ուելսի մէջէն կ'անցնին:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար՝
- Միջնահանգային ճամբորդներ կրնան Նիու Սաութ Ուելս այցելել արձակուրդի համար բայց պէտք է ենթարկուին իրենց նահանգի օրէնքներուն երբ վերադարնան:
- Սահմանափակուած է տարեցներու խնամքի հաստատութիւն մը կամ առողջապահութեան կեդրոն մը այցելութիւնը:
- Անհատներ որոնք կը թերանան ենթարկուիլ նոր օրէնքներուն, կրնան 6 ամիս բանտարկութեան դատապարտուիլ, կամ մինչեւ $11,000 տոլարի տուգանք, կամ երկուքը միասին:
- Շատ մը ճամբարակայաններ և բանակումի ճամբարներ բաց են
- Կարաւանի ճամբարներ և ճամբարատեղիներ վերաբացուեցան: Ճամբորդներ որոնք կը ծրագրեն այցելել ազգային զբօսայգիներ պէտք է ստուգեն յաւելեալ տեղեկութեան համար:
Դպրոցներ
- Նիու Սաութ Ուելսի աշակերտներ ետ դպրոց վերադարցան:
- Արտաքին աշխատակիցներ ինչպէս երաժշտութեան և թատերախաղի ուսուցիչներ կրնան իրենց ծառայութիւնները մատուցել դպրոցներու մէջ:
- Համայնքին համար օգտագործուող գործունէութիւններ, ինչպէս պարի դպրոցներ կրնան վերսկսիլ օգտագործել դպրոցներու տարածքը:
- Օգնութեան ծառայութիւններ ինչպէս կանուխէն միջամտութեան ծրագիրներ և արտաքին խորհրդատուական ծառայութիւններ կրնան տեղւոյն վրայ կատարուիլ:
- Դպրոցական մարզական գործունէութիւններ, ներառեալ միջ-դպրոցական մրցումներ և հպումի մարզանքներ, կրնան վերսկսիլ կիսամեայ տարեշարջանի սկզբնաւորութեան 20 Յուլիս 2020-ին, համայնքային մարզանքներու սկզբնաւորութեան հետ միատեղ:
Նիու Սաութ Ուելսի յաւելեալ տեղեկութիւններ՝
Քուինզլանտ
Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ
Քուինզլէնտի ճանապարհային քարտէսի 5րդ Հանգրուանը պիտի սկսի Նոյեմբեր 1-ին, ըստ որու 40 հոգի արտօնուած պիտի ըլլայ անձնական հաւաքոյթներու ժամանակ եւ 40 հոգի արտօնուած պիտի ըլլայ պարելու՝ հարսանիքներուն:
25 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան 1-էն սկսեալ Տեղական Կառավարման Տարածքներ չկան արձանագրուած որպէս Քուինզլէնտ ՔՈՎԻՏ-19 սահմանափակուած տարածքներ:
Որոշ սահմանափակումներ կը շարունակուին կիրարուիլ հետեւեալ հրահանգներու համաձայն:
- Շարժում եւ հաւաքոյթ. (Մինչեւ Հոկտեմբերի վերջը)
- Ձեր տան մէջ առաւելագոյնը 30 անձ, ներառեալ ձեր տան անդամները: Այցելուները կրնան տարբեր ընտանիքներէ ըլլալ:
- Հանրային հաւաք ունենալ առաւելագոյնը 30 անձերով, ներառեալ ձեր անձը եւ ձեր տան անդամները:
- Տարեցներու խնամք.
- Նոր պահանջներ տարեցներու խնամքի հաստատութիւններ կառավարողներուն համար:
- Բնակիչները կրնան միաժամանակ ունենալ մինչեւ երկու այցելուներ: Օրուայ ընթացքին թոյլատրուած այցելուներու թիւի կամ իւրաքանչիւր այցի տեւողութեան սահմանափակում չկայ:
· Հիւանդանոցի այցելուներ.
- Հիւանդանոցին մէջ, այցելութեան ժամերու ընթացքին, մինչեւ երկու այցելուներ կրնան հիւանդ մը տեսնել որեւէ ժամանակ եւ որքան տեւողութեամբ որ կը փափաքին: Երկու այցելուէ աւելի կը շարունակուի թոյլատրուիլ հիւանդին կեանքի աւարտի աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
· Անկարողութեան Բնակարանային Ծառայութիւններ
Յաւելեալ տեղեկութիւն.
Ձեռներէցութիւններ և զբօսանք
Յունիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր 2020 պատահական գործաւորներ, որոնք չ'ունին վճարուած հիւանդութեան արտօնութիւն, $1,500 տոլարի գումար մը պիտի ստանան Քուինզլանտի կառավարութենէն, եթէ ախտաճանաչուին քորոնա ժահրով: Այս կը վերաբերի նաեւ գործաւորներուն, որոնք իրաւունք չ'ունին ստանալու JobKeeper նպաստը, որ կը սահմանափակուի երկարաժամկէտ ժամանակավոր գործաւորներուն:
Մէկ մարդ 4 քառակուսի մեդր օրէնքը կը վերաբերի.
- Ձեռներէցութեան մը մէջ յաճախորդներու թիւին (աւելի փոքր վայրերու մէջ 200 քառակաուսի մեդրէն պակաս, մէկ անձ 2 քառակուսի մեդրի վրայ մինչեւ 50 անձեր)
- Թանգարաններ, պատկերասրահներ, գրադարաններ և պատմական վայրեր:
- Մարզական, զբօսանքի և տոկունութեան կազմակերպութիւններ երբ կը հետեւին COVID Safe Industry Plan ծրագրի մը:
- Մրցումներ և ֆիզիքական հպում խաղի դաշտին վրայ:
- Փակ մարզական վայրեր:
- Մինչեւ 25,000 հանդիսատեսներ, կամ տարողութեան 50%-ը (որը որ աւելի քիչ է) Քուինզլէնտի գլխաւոր մարզական վայրերուն մէջ, COVID Safe Plan ծրագրով:
- Համերգասրահներ, թատրոններ և հանդիսասրահներ (կամ տարողութեան 50%-ը) COVID Safe Plan ծրագրով մը:
Հեռաւոր վայրեր
50 անձերու թոյլ կը տրուի, որ ներսը ճաշեն. (ՔՈՎԻՏ Ապահով ստուգացանկով)
- Ճաշարաններ, սրճարաններ, գարեջրատուներ, արձանագրուած և արտօնագրուած ակումբներ, RSL ակումբներ և պանդոկներ տեղացիներուն համար միայն (պէտք է ցոյց տան բնակութեան ապացոյց) - ոչ ըմպելարան կամ բախտախաղ
- Զբօսանքի ճամբորդութիւն հեռաւոր վայրերու մէջ միայն եթէ հեռաւոր վայրեր կը բնակիք:
Բնիկ համայնքներ – կենսաապահովական շրջաններ
Նահանգային կառավարութիւնը և բնիկ ղեկավարներ համաձայնեցան երեք հանգրուաններով ծրագրի մը շուրջ Դաշնակցային Կառավարութեան նշանակած կենսաապահովութեան շրջաններուն մէջ սահմանափակումները մեղմացնելու համար:
Նշանակուած համայնքներ ներկայ դաշնակցային արտակարգ դրութեան կենսա-ապահվութեան սահմանափակումներէն պիտի անցնին նահանգային կարգադրութիւններու:
Փուլ 1. Մարդիկ որոնք կը մտնեն կամ կը վերամտնեն համայնք մը պէտք է ինքնա-մեկուսանան, երբ ապահով է այդ ընելը: Սակայն, մեկուսացումի բացառութիւնները պիտի մնան անհրաժեշտ գործաւորներուն համար, անոնց համար, որոնք կը ճամբորդեն համայնքներուն մէջէն առանց կենալու և անոնց, որոնց արտօնութիւն տրուած է:
Փուլ 2. Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեան պիտի հրապարակէ ուղեցոյց մը, որ հնարաւորութիւն կ'ուտայ համայնքներուն դառնալու “ապահով ճամբորդութեան շրջաններու” մասը, որով բնակիչներ կրնան դիւրութեամբ ներքին ճամբորդութիւն կատարել հիմնուած հանրային առողջապահութեան խորհուրդին վրայ:
Փուլ 3. Հեռաւոր բնիկ համայնքներ մուտքի մեկուսացումի սահմանափակումները պիտի վերցուին և Burke and Cook Shires Քուինզլանտի այլ շրջաններու նոյն պայմաններուն պիտի ենթարկուի Սահմանափակումները Մեղմացնելու Ուղեցոյցին համաձայն՝
Ճամբորդութեան սահմանափակումներ
- Հոկտեմբեր 1-էն սկսեալ Քուինզլէնտի սահմանային գօտին ընդլայնաուած է ընդգրկելով Byron, Ballina, Lismore, Richmond Valley and Glen Innes Թաղական խորհուրդի շրջաններ:
- Քուինզլէնտը կը պատրաստուի Նոյեմբեր 1-էն սկսեալ բանալ իր սահմանները բոլոր Նիու Սաութ Ուէյլզի համար, եթէ ՆՍՈՒ-ը արձանագրէ 28 օր շարունական զէրօ համայնքային փոխանցում:
Դպրոցներ
Բոլոր աշակերտները կը յաճախեն դպրոց:
Յաւելեալ տեղեկութիւն Քուինզլանտի դպրոցներու վերաբերեալ՝
Յաւելեալ տեղեկութիւն՝
Հարաւային Աւստրալիա
Հարաւային Աւստրալիա 3րդ հանգրուանը մտաւ, պարզուած սկզբունքի վրայ հիմնուած մոտեցում մը, բացի որոշ վտանգաւոր գործունէութիւններէ:
- Ընկերային հեռաւորութեան պահանջները պիտի նուազին 1 անձ երկու քառակուսի մեդրի:
- Ձեռնարկութիւններ և սահմանուած հանրային գործունէութիւններ, որոնք ներկայիս ունին COVIDSafe Plan ծրագիր մը, պէտք չ'ունին լրացնելու նոր ծրագիր մը և իրենց պիտի ուղարկուի իրենց ծրագրի թարմացուած տարբերակը Յունիս 29-էն առաջ:
- Անոնք, որոնք չ'ունին COVIDSafe Plan ծրագիր մը պէտք է լրացնեն ծրագիր մը առաջ որ կարենան սկսիլ գործել:
Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ
Տան հաւաքոյթներ - 50-է աւեքի անձեր չեն կրնար հաւաքուիլ տան մը մէջ:
- Անձնական վայրի մը մէջ, բացի անձնական բնակարանէ (ներսը կամ բացօթեայ) հաւաքուած մարդոց թիւը այժմ աւելցած է 100-էն ոչ աւելի քան 150 անձի:
- Պարելը այժմ թոյլատրուած է անձնական միջոցառումներուն՝ հիւրերու սահմանուած ցուցակով:
- Շաբաթ 3 Հոկտեմբերէն սկսեալ գարեջրատուներու, ակումբներու եւ ըմպելարաններու մէջ մարդիկ այժմ իրաւունք ունին ոտքի կանգնած խմելու, բայց միայն բացօթեայ վայրերու մէջ: Փակ արտօնեալ վայրերու մէջ, յաճախորդները, ալքոհլ օգտագործելու ժամանակ պէտք է նստած ըլլան:
Գարեջրատուներ, խմիչքատուներ և ճաշարաններ - կրնան միայն ոգելից խմիչք տրամադրել յաճախորդներուն որոնք նստած են:
Ձեռներէցութիւններ և զբօսանք
3րդ հանգորւանին տակ թոյլատրուած բոլոր ձեռներէցութիւնները, գործունէութիւնները և հաւաքոյթները նշուած են Հանրային գործունէութիւններու ուղղութեան թիւ 3ին տակ՝
Յաջորդ ամսուայ դպրոցականներու փառատօնէն առաջ, Շաբաթ 3 Հոկտեմբերէն սկսեալ յաւելեալ սահմանափակումներ յայտարարուած բնակարանային հատուածէն: Փոփոխութիւնները կ'ընդգրկեն՝
- Հիւրանոցներու, պանդոկներու, եւ բնականաւերու մէջ գտնուող անձերու թիւը պէտք չէ գերազանցէ յայտարարուած մահճակալներու թիւը, առաւել վեց այլ անձ:
- Քարավաններու կառավայրի եւ ճամբարային վայրերու մէջ 16 տարեկանէն վեր միայն վեց անձ արտօնուած է տեղւոյն վրայ: 16 տարեկանէն վար երեխաներու թիւի սահմանափակումներ չկան:
- Ձեռնէրեցութիւններ և սահմանուած հանրային գործունէութիւններ որոնք ունին COVID-Safe Plan ծրագիր մը պէտք չ'ունին նոր ծրագիր մը լրացնելու
- Եթէ ունիք ներկայ COVID-Safe Plan ծրագիր մը, բայց աւելի տեղեր կը բանաք կամ շրջաններ, նոր ծրագիր մը պէտք է ստեղծէն
- Ձեռներէցութիւններ և սահմանուած հանրային գործունէութիւններ որոնք չ'ունին COVID-Safe Plan ծրագիր մը, պէտք է ամբողջացնեն ծրագիր մը առաջ, որ կարենան գործի սկսիլ
Ճամբորդութեան սահմանափակումներ
- Շաբաթ 24 Հոկտեմբերէն Հարաւային Աւստրալիոյ եւ Վիքթորիայի միջ-սահմանային համայնքները այժմ կրնան ճամբորդել ահմանէն 70 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ առանց որեւէ անհրաժեշտ պատճառ մը ունենալու:
- Շաբաթ 24 Հոկտեմբերէն մարդիկ Վիքթորիայէն պիտի կարենան հաստատուիլ Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ՝ մշտապէս կամ աշխատանքային նպատակներով, պայմանաւ որ ՀԱ-ի տեղաւորման եւ / կամ աշխատանքային չափանիշները բաւարարուին, եւ անոնք մեկուսանան 14 օր:
- Ներքին ճամբորդութիւնը կը թոյլատրուի Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ:
- Հիւսիսային շրջանէն, Քուինզլանտէն, Թազմանիայէն և Արեւմտեան Աւստրալիայէն ճամբորդներուն թոյլ կը տրուի, որ Հարաւային Աւստրալիա մտնեն ուղղակի առանց սահմանափակումներու:
- ՆՍՈւ-էն ճամբորդողներուն այժմ կը թոյլատրուի մուտք գործել ՀԱ, եւ 14 օր ինքնամեկուսացման կարիքը չունին:
- Մարդիկ կրնան Նիու Սաութ Ուէյլզէն, մեքենայով մուտք գործել Հարաւային Աւստրալիա Վիքթորիայի ճամբով, եթէ Վիքթորիայի մէջէն ճամբորդեն առանց մեքենան թողելու, եւ, միայն Sturt Highway-ի միջոցով՝ Միլտուրայէն Եամպա, կամ, Calder Highway եւ Meridian Road-ով՝ Abbotsford Bridge-ի եւ Sturt Highway-ի միջեւ, եւ ապա՝ Sturt Highway-ով դէպի Եամպա:
- Հարաւային Աւստրալիոյ սահմանները բաց են Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի բնակիչներուն առջեւ:
- Արտասահմանէն ճամբորդողներ (բացի Նոր Զելանտայէն) պէտք է ինքնամեկուսանան:
Անդր-Թասմանեան ճամբորդութեան պղպջակ:
- 20 Հոկտեմբերէն Նոր Զելանտայէն մարդիկ կրնան ճամբորդել դէպի ՀԱ առանց մեկուսացման ենթարկուելու:
- Ճամբորդողներ նախորդ 14 օրերուն Նոր Զելանտայի մէջ ՔՈՎԻՏ-19 վտանգաւոր կէտի մը մէջ պէտք չէ գտնուած ըլլան:
- Եթէ կը ծրագրէք Հարաւային Աւստրալիա ճամբորդել, լրացուցէք Սահմանի Անցումի Ճամբորդութեան Արձանագրութիւնը (Cross Border Travel Registration) նուազագոյնը ձեր ճամբորդութենէն երեք օր առաջ, չնայած թէ ձեր ճամբորդութիւնը ուրտեղէն կը սկսի
- 14 օրերուն ընթացքին պէտք է տունը մնաք (կամ պանդոկի սենեակ մը) և չլքել բացի անմիջական շտապ բժշկական խնամքի համար:
- Ինքնամեկուսացումի յաւելեալ տեղեկութիւններու համար Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ.
Դպրոցներ
Հարաւային Աւստրալիական դպրոցներ բաց են երկրորդ դպրոցական շրջանի սկզբնաւորութենէն սկսեալ և ուսանողներ կը քաջալերուին, որ յաճախեն հետեւելով, ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի առ ի պատասխան, Հարաւային Աւստրալիոյ հանրային դպրոցներու 2րդ դպրոցական շրջանի գործողութեան ուղեցոյցերուն՝
Յաւելեալ տեղեկութիւն՝
Արեւմտեան Աւստրալիա
Արեւմտեան Աւստրալիոյ ուղեցոյցը Յունիս 27-ին մտաւ 4րդ հանգրուան
Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ:
- Գոյութիւն ունեցող բոլոր սահմանափակումները և 100/300 օրէնքը վերցուեցան:
- Հաւաքոյթներու սահմանափակումները կը որոշուին միայն Արեւմտեան Աւստրալիոյ նուազած 2 քառակուսի մեդր օրէնքով:
- 2 քառակուսի մեդր օրէնքը պիտի ներառէ միայն որոշ տեղերու աշխատողները, որ կրնան 500-է աւելի յաճախորդներ ունենալ:
- Արտօնագրուած վայրերու և սնունդի ձեռնարկութիւններու նստած ծառայութեան պահանջներու ջնջում:
- Սնունդի ձեռնարկութիւններու և արտօնագրուած վայրերու մէջ, պահանջ չկայ որ պահպանուի յաճախորդներու տուեալներու գրանցումը:
- Ոոգելից ըմպելի կարելի է հիւրասիրել որպէս չնստած ծառայութիւններու կարգադրութիւն:
- Բոլոր ձեռնարկները կը թոյլատրուին բացի մեծաթիւ, բազմա-բեմ երաժշտական փառատօներէ:
- Չնստած ներկայացումները կը թոյլատրուին վայրերու մէջ ինչպէս համերգասրահներ, կենդանի երաժշտութեան վայրեր, ըմպելարաններ, գարեջրատուներ և գիշերային ակումբներ:
- Մարզական սրահներ կրնան գործել առանց գործաւորի, սակայն սովորական մաքրութիւնը պէտք է պահպանուի:
- Խաղատունի բախտախաղի սրահը կը վերաբացուի համաձայնած ժամանակաւոր սահմանափակումներով:
Արեւմտեան Աւստրալիոյ գլխաւոր մարզական և երաժշտական ներկայացումներու վայրերուն համար, 50 տոկոսի տարողութեան օրէնքը պիտի գործէ: Այսպէս, 4րդ հանգրուանին տակ, Optus Stadium մարզադաշտի ժամանակաւոր տարողութիւնը 30,633 պիտի ըլլայ մարզական եղելութիւններու համար, (35,00 համերգներու համար), HBF Park կրնայ 10,150 հանդիսատես ունենալ (16,500 համերգներու համար), RAC Arena կրնայ 7150 (8250 համերգներու համար):
Optus Stadium
Սփորդ: 30,633
Համերգներ: 35,000
HBF Park
Սփորդ: 10,150
Համերգներ: 16,500
RAC Arena
Սփորդ: 7150
Համերգներ: 8250
Արեւմտեան Աւստրալիոյ ձեռնարկութիւններ պէտք է ապահովեն, որ իրենց COVID Safety Plans ծրագիրները թարմացուած են և կը շարունակեն իրագործուիլ:
Յաւելեալ տեղեկութիւն 4րդ հանգրուանի համար՝
4րդ հանգրուան
Արեւմտեան Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 սահմանափակուները մեղմացան և ներկայիս նահանգի ճանապարհի ուղեցոյցի 4րդ հանգրուանին մէջ են (6 հանգրուաններէն):
Քովիտ-19 աղէտի վճարում
16 Սեպտեմբեր 2020-էն սկսեալ Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ կը գործէ Հասարակապետութեան Համաճարակային Արձակուրդի Աղէտի Վճարումը իրաւասու աշխատաւորներու համար որոնք ազդուած են Քովիտ-19 – էն եւ չեն կրնար աշխատիլ:
Իրաւասու Արեւմտեան Աւստրալիացիներ միանգամայն $1,500 պիտի ստանան իւարաքանչիւր 14 օրուան համար որ չեն կրնար աշխատիլ: Վճարումը կարելի է ստանալ բազմաթիւ անգամներ եթէ առողջապահական պաշտօնեաներ յանձնարարեն անոնց 14 օրէն աւելի, կամ մէկէ աւելի անգամներ մեկուսանալ:
- Ճամբորդներու համար Արեւմտեան Աւստրալիոյ բացառութիւններուն մասին իմացէ՛ք աւելին.
Ծրագրուած թուականը 5րդ հանգրուան մտնելու Օգոստոս 15-ն է, սակայն առողջութեան խորհրդատուներ կրնան առաջարկել, որ աւելի հետաձգուի:
Ճամբորդութեան սահմանափակումներ
- Երկուշաբթի 5 Հոկտեմբերէն սկսեալ.-
Վիքթորիայի բնակիչները պիտի կարենան ինքնամեկուսանալ 14 օրուայ համար «յարմար վայրերու» մէջ օրինակ, տուն մը որ պիտի գնահատուի ՀԱ-ի Ոստիկանութեան կողմէ, օգտագործելով G2G բացառութեան app-ը [application]: Անոնք, երբ ժամանեն, քննութեան պիտի ենթարկուին, եւ դարձեալ՝ իրենց 14 օր ինքնամեկուսացման 11րդ օրը:
- Նիու Սաութ Ուէյլզի մարդիկ միեւնոյն օրէնքին պիտի հետեւին ինչպէս միւս նահանգները եւ հողամասերը, անոնք նոյնպէս իրենց մեկուսացման 11րդ օրը պէտք է ներկայանան ՔՈՎԻՏ-19-ի քննութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւն.
Դպրոցներ
- Արեւմտեան աւստրալիական հանրային դպրոցներ բացուեցան 2րդ դպրոցական շրջանի սկզբնաւորութեան բոլոր ընտանիքներուն համար, որոնք որոշեցին իրենց զաւակները դպրոց ուղարկել:
- Ուսանողներու համար, որոնք տունէն կը սորվին, հեռակայ կրթութեան ծրարներ և միջոցներ կը տրամադրուին:
- Ծնողքներ/խնամակալներ կրնան դպրոց մտնել ձգելու կամ առնելու իրենց երեխաները:
Արեւմտեան Աւստրալիոյ դպրոցներու յաւելեալ տեղեկութիւն՝
Յաւելեալ տեղեկութիւն`
Թազմանիա
Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ
- Հաւաքոյթներ պիտի աւելնան մինչեւ 20 անձերու փակ և բացօթեայ վայրերու մէջ, ներառեալ ճաշարաններ/սրճարաններ, շարժապատկերի սրահներ, թանգարաններ, պատկերասրահներ, պատմական վայրեր, կրօնական հաւաքոյթներ և հարսանիքներ
- Թաղումներ կրնան մինչեւ 50 մասնակցողներ ունենալ
Ձեռներէցութիւններ և զբօսանք
- Անսահմանափակ կացարանի յարմարութիւններ
- Բաց են ճամբարատեղիները, մէկ գիշերուայ նաւավարութիւնը և հիւղակները
- Բաց տուներ և աճուրդներ կրնան վերսկսիլ մինչեւ 20 հոգիով
- Մարզասրահներ և boot camp-եր մինչեւ 20 մարդիկ
- Գեղեցկութեան ծառայութիւններ (ներառեալ դաջուածք, եղունգներ) կրնան բացուիլ մինչեւ 20 անձերով
- Զբօսայգիներու մէջ մարզանքի սարգաւորումներ և խաղավայրեր բացեն են մինչեւ 20 անձերու համար
- Բացօթեայ համայնքային մարզանքը կրնայ վերսկսիլ մինչեւ 20 մարզիկներով/անձնակազմով
- Փակ մարզանք և զուարճանք, ներառեալ փակ լողաւազաններ մինչեւ 20 մարդոց առանց հանդիսատեսի:
Ճամբորդութեան սահմանափակումներ
- Սահմանները պիտի շարունակուին փակ մնալ նուազագոյնը մինչեւ Օգոստոս 31:
- Արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ նուազագոյնը մինչեւ Օգոստոս 31:
- Թազմանիայի պետական սահմանը, որ պէտք էր վերաբացուիլ որոշ նահանգներու և հողամասերու այցելուներու առջեւ Օգոստոս 7-ին, փակ պիտի մնայ շարունակուող Վիքթորիայի քորոնա ժահրի ճգնաժամին պատճառով:
- AFL մրցումներ, որոնք տեղի պիտի ունենային Թազմանիայի մէջ, տեղի պիտի չ'ունենան:
- Որեւէ անձ, որ մտադրութիւն ունի Թազմանիա ճամբորդելու երկրի ուրիշ մասէ մը կամ արտասահմանէն պէտք է արձանագրուի նոր առցանց ճամբորդութեան դրութեան մոտ, որ կը կոչուի G2G PASSմ այցելելով , առաջ որ իրենց դիմումը ներկայացնեն մուտքի թոյլտուութեան համար:
- Good to Go App-ը պէտք է ճշգրտութեամբ ամբողջացուի, թէ ճամբորդը ուր եղած է անցած 14 օրերու ընթացքին և մինչեւ 16,800 տոլարի տուգանք պիտի տրուի կամ մինչեւ 6 ամիս բանտարկութիւն անոնց համար, որոնք սխալ տեղեկութիւններ կը տրամադրեն:
Առցանց Ճամբորդութեան Արձանագրութիւն
- Որեւէ անձ, որ մտադրութիւն ունի Թազմանիա ճամբորդելու երկրի ուրիշ մասէ մը կամ արտասահմանէն պէտք է արձանագրուի նոր առցանց ճամբորդութեան դրութեան մոտ, որ կը կոչուի G2G PASS այցելելով , առաջ որ իրենց դիմումը ներկայացնեն մուտքի թոյլտուութեան համար:
- Good to Go App-ը պէտք է ճշգրտութեամբ ամբողջացուի, թէ ճամբորդը ուր եղած է անցած 14 օրերու ընթացքին և մինչեւ 16,800 տոլարի տուգանք պիտի տրուի կամ մինչեւ 6 ամիս բանտարկութիւն անոնց համար, որոնք սխալ տեղեկութիւններ կը տրամադրեն:
Դպրոցներ
- Բոլոր դասերը վերսկսան և բոլոր ուսանողները դպրոց կը յաճախեն:
Յաւելեալ տեղեկութիւն
Հիւսիսային Հողամաս
Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ
- Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ չկան Հիւսիսային Հողամասին մէջ, սակայն մարդոցմէ կը պահանջուի, որ համակերպին ընկերային հեռաւորութեան 1,5 մեդր պահանջներուն
- Հարսանիքներ և թաղումներ թոյլատրուած են
Ձեռներէցութիւններ և զբօսանք
- Մարզանք, բացօթեայ հաւաքոյթներ, լող, ձկնորսութիւն և նաւարկութիւն թոյլատրուած են
- Չմուշկի զբօսայգիներ, լողաւազաններ, խաղավայրեր և բացօթեայ մարզանքի վայրեր կրնան բացուիլ
- Ճաշարաններ, խմիչքատուներ, սփորդի մարզումներ, փակ շուկաներ, մարզանքի սրահներ, գրադարաններ, պատկերասրահներ և թանգարաններ թոյլտուութիւն ունին բանալու:
- Աշխատցնել բոլոր արտօնուած բախտախաղերու գործողութիւններ ներառեալ TAB:
- Խմբային մարզաձեւեր, ինչպէս աւստրալիական ոտնագնդակ, պասքէթպօլ, սոքքըր և նէթպօլ:
- Շարժապատկերի սրահներ կամ թատրոններ, համերգասրահներ, երաժշտութեան և պարի սրահներ, գիշերային ակումբներ:
- Գարեջրատուն այցելել առանց կերակուր ուտելու:
- Գեղեցկութեան խնամքի և/կամ գեղագիտական ծառայութիւններու նախապէս սահմանափակուած բոլոր ծառայութիւնները:
- Դաջուածքի կամ մարմնի արուեստի կամ ծակող ծառայութիւններու՝ նախապէս սահմանափակուած բոլոր ծառայութիւնները:
- Յաճախել զուարճանքի այգի մը, համայնքային կեդրոն մը, հանգստեան կեդրոն մը կամ խաղի կեդրոն մը:
- Մասնակցիլ համայնքային և մարզական հանդիսատէսներով մրցումներու նստելու վաւերացուած կարգադրութեամբ: Եթէ 500 անձերէ աւելի է ձեռնարկը պէտք է առանձին վաւերացուի ՔՈՎԻՏ Ապահովութեան ծրագրով մը:
- Նախապէս սահմանափակուած բոլոր ձեռներէցութիւնները, յարմարութիւնները և ծառայութիւնները այժմ կրնան վերսկսիլ ապահովելով, որ հաւատարիմ կը մնան հիմնական սկզբունքներուն:
- Հիմնական իրադարձութիւնները պիտի վաւերացուին առանձին քննարկումներէ ետք:
Ճամբորդութեան սահմանափակումներ
- Հիւիսային Հողամաս ժամանողներ, ինքնամեկուսացումի պիտի ենթարկուին Howard Springs քառասունքի վայր և պիտի վճարեն $2500:
- Հիւսիսային Հողամաս միջնահանգային ժամանողներ, որոնք յայտարարուած վարակուած կեդրոնէ մը չեն, պէտք չ'ունին ինքզինքնին ինքնամեկուսացումի ենթարկելու
- Ուրբաթ 9 Հոկտեմբերէն սկսեալ Հիւսիսային Հողամասը վերցուց Մեծն Սիտնին իր վտանգաւոր կէտերու ցանկէն:
- Հիւսիսային Հողամաս միջնահանգային ճամբորդներ, որոնք կը ժամանեն կամ նախորդ 14 օրերուն անցած են յայտարարուած վարակուած վայրէ մը, պէտք է պարտադիր 14 օր վերահսկուած քառասունքի ենթարկուին
- Բոլոր միջնահանցային ժամանողներ պէտք է լրացնեն սահմանի մուտքի փաստաթուղթը մինչեւ 72 ժամ ժամանումէն առաջ:
Անդր-Թասմանեան ճամբորդութեան պղպջակ.
- 16 Հոկտեմբերէն սկսեալ Նոր Զելանտայէն մարդիկ կրնան Ճամբորդել դէպի Հիւսիսային Հողամաս առանց մեկուսացման ենթարկուելու:
- Ճամբորդողներ նախորդ 14 օրերուն Նոր Զելանտայի մէջ ՔՈՎԻՏ-19 վտանգաւոր կէտի մը մէջ պէտք չէ գտնուած ըլլան:
Հիւսիսային Հողամասին մէջ զբօսայգիներու մուտքի պայմանները կրնան փոխուիլ կարճ ժամանակի մէջ: Ստուգեցէք հետեւեալ կայքերը այցելելէ առաջ՝
- Ստուցեցէք եթէ զբօսայգի մը բաց է Darwin-ի շրջանին մէջ
- Ստուգեցէք եթէ զբօսայգի մը բաց է Katherine շրջանին մէջ
- Ստուգեցէք եթէ զբօսայգի մը բաց է Tennant Creek և Barkly շրջանին մէջ
- Ստուգեցէք եթէ զբօսայգի մը բաց է Alice Springs շրջանին մէջ
Դպրոցներ
- Հիւսիսային Հողամասի բոլոր աշակերտները ֆիզիքապէս դպրոց յաճախեն
- Եթէ ընտանիքներ կը որոշեն իրենց երեխաները դպրոց չ'ուղարկել, երեխան պէտք է տունէն սորվի:
Հիւիսային Հողամասի դպրոցներու յաւելեալ տեղեկութիւն`
Յաճախ տրուող հարցեր`
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս
Հաւաքոյթներու սահմանափակումներ
- Ոչ մէկ սահմանափակում տնային այցելութիւններու
- Հանրային բոլոր հաւաքոյթները կը թոյլատրուին մինչեւ 100 անձերով (1 մարդ 4 քառակուսի մեդր իւրաքանչիւր փակ և բացօթեայ վայրի մէջ), ներառեալ թաղումները
- Աւելի փոքր վայրեր պիտի կարենան հիւրասիրել 2 յաճախորդներ, կամ 1 անձ 4 քառակուսի մեդր օգտագործելի տարածութիւն
Հաւաքոյթներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւն՝
Ձեռներէցութիւններ և զբօսանք
- Ամբողջվին հպումային մարզաձեւերու մրցում, ներառեալ պար և մարտարուեստ, կրնան վերսկսիլ ( ծրագրով մը):
- Մրցում և խմբային լող կրնան վերսկսիլ լողաւազաններու համար հաւաքոյթներու սահմանափակումներու համաձայն, և սահմանափակում չկայ թէ քանի հոգի կը լողան աւազանին մէջ:
- Հիւրասիրութեան հատուածին համար (սրճարաններ, ճաշարաններ, ըմպելարաններ, գարեջրատուներ և ակումբներ) հաւաքոյթները կը սահմանափակուին 100 յաճախորդներու իւրաքանչիւր փակ կամ բացօթեայ վայրի համար, կամ մէկ անձ 4 քառակուսի մեդր, որը որ աւելի նուազագոյնն է: Այս չափը չի ներառէր անձնակազմը:
- Խմիչքատուներ, գարեջրատուներ և ակումբներ կրնան ոգելից ըմպելիքներ հրամցնել 10 անձերէ բաղկացած խումբերով նստած յաճախորդներու կամ սեղան մը առանց ուտելիքի:
- Պարը և ամբողջովին հպումային մարզաձեւերը կը թոյատրուին
- Հետեւեալները կրնան բանալ, յարգելով մէկը չորս քառակուսի մեդր օրէնքը մինչեւ 100 մարդոց համար (ներառեալ անձնակազմը)
- Պաշտամունքի վայրեր և կրօնական արարողութիւններ
- Շարժապատկերի սրահներ
- Փակ և բացօթեայ զբօսանքի և խաղի կեդրոններ
- Մարզասրահներ, առողջութեան ակումբներ, տոկունութեան, պար
- Լողաւազաններ
- Համայնքային մարզական և կազմակերպուած մարզական գործունէութիւններ
- Երգչախումբեր, նուագախումբեր, և երաժշտախումբեր
- Անձնական ծառայութիւններ (գեղեցկութեան և եղունգի սրահներ, դաջուածքի, մարզումի սրահներ ևն)
- Կարաւանի կայանատեղիներ և բանակումի ճամբարներ:
Առողջութեան Ծառայութիւններու պաշտպանութիւն
Նոր թուային ստուգումի գործիք մը մատչելի է որոշելու համար, եթէ ապահով է, որ մէկը մտնէ առողջութեան հիմնարկ մը: Պէտք է պատասխանել շարք մը պարզ հարցումներու: Կանաչ նշում կամ կարմիր խաչ պիտի նշեն, եթէ ապահով է մտնել-
Աւելի խիստ այցելուներու սահմանափակումներ առողջապահութեան կեդրոններ.
- Իւրաքանչիւր հիւանդի օրական մէկ այցելու
- Թոյլ տրուած մանուկներ կամ երեխաներ կրնան մէկ ծնողք/խնամող ունենալ:
Կրթութիւն
- Հանրային դպրոցներու բոլոր աշակերտները վերադարցան դպրոց:
- Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը առաջին նահանգը պիտի ըլլայ, որ պիտի վերսկսի միջազգային ուսանողներ ընդունիլ Յուլիս 2020-էն, համապատասխան դաշնակցային կառավարութեան միջազգային ուսանողներու հանգրուաններով վերադարձին:
Ճամբորդութիւն
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի Առողջապահութիւնը խորհուրդ կ'ուտայ մարդոց, որոնք կ'աշխատին վտանգաւոր միջավայրի մէջ և որոնք վերջերս այցելած են Նիու Սաութ Ուելսի Տեղական Կառավարական Fairfield, Campbelltown և Liverpool շրջաններ, որ այս շրջաններէն հեռանալէ ետք 14 օր գործի չվերադառնան:
Որեւէ մէկը, որ եղած է Նիու Սաութ Ուելս Առողջապահութեան կողմէ ճանչցուած վարակուած այս շրջաներէն մէկուն մէջ, պէտք է ինքնաքառասունքի ենթարկուի 14 օր այն թուականէն, որ այնտեղ էին․ նոյնիսկ եթէ որեւէ ախտանշան չ'ունին: Յաւելեալ տեղեկութիւն –
Որեւէ մէկը (բացի Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի բնակիչէ մը) որ Վիքթորիայէն կը ճամբորդէ Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս, թոյլ պիտի չտրուի, որ մուտք գործէ բացի, եթէ բացառութիւն շնորհուած է իրեն:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի բնակիչներ, կրնան տուն վերադառնալ բայց պէտք է ինքնամեկուսանան 14 օր, և պէտք է տեղեկացնեն ACT Health իրենց ժամանումէն առաջ, որ կ'ուզեն վերադառնալ
Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ: Ստուգեցէք ձեր նահանգի սահմանափակումները հաւաքոյթներու չափերու շուրջ:
Մելպըրնի բնակիչներ 4րդ կարգի սահմանափակումներու կ'ենթարկուին և պէտք է ենթարկուին պարետային ժամի մը գիշերուայ ժամը 8-էն մինչեւ առտուայ ժամը 5-ը: Սահմանափակումներու ամբողջական ցանկը կրնաք գտնել այստեղ՝
Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք, ստուգում կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծ- 1800 020 080.
· Յաւելեալ տեղեկութիւն https://www.servicesaustralia.gov.au/individuals/services/centrelink/pandemic-leave-disaster-payment-victoria
Յաւելեալ տեղեկութիւն այստեղ. https://www.dhhs.vic.gov.au/summary-of-the-changes-to-restrictions-for-metropolitan-melbourne-and-regional-victoria