Սեմոնդին պարզապէս պատանի մըն էր երբ իր հոգեկան առողջութեան համար առաջին անգամ օգնութեան դիմեց դպրոցի խորհրդատուին:
Մելպուրնցի կինը, որ այժմ իր քսաններուն մէջ է, կ'ըսէ թէ կը պայքարէր իր կրթութեան եւ ապագային վերաբերեալ ճնշումներու դէմ:
«Մինակ էի եւ կը դժուարանայի կողմնորոշուիլ Աւստրալիական եւ Պանկլատէշի Հինտու դաստիարակութեան բախումներուն միջեւ», ըսաւ ան,» SBS News-ին:
Բայց վերջը, երբ ան իր մշակութային ծագումէն տարբեր ծագում ունեցող հոգեբան մը տեսաւ, ան գտաւ որ անոնք չէին հասկնար զինք եւ իր կացութիւնը:
«Թերեւս մեր մշակութային խոչընդոտներու պատճառով էր«, ըսաւ ան:
«Աւելի լաւ պիտի ըլլար ունենալ Հարաւ Ասիական ծագում ունեցող մէկը, որ նաեւ Հինտու ըլլար, որպէսզի կարենար օգնել ինձ լուծելու իմ մարտանրաւէրներս:»
Շաբաթ օրը գործարկուող նոր առցանց աղբիւրը / միջոցը նպատակ ունի ճիշդ այդ ընել: HeartChat-ը, Աւստրալիոյ մէջ մշակութային եւ լեզուականօրէն բազմազան ծագում ունեցող մարդոց կը զուգաւորէ իրենց յարմար մտային առողջութեան մասնագէտներու հետ:
Ծրագիրը նպատակ ունի դառնալ միակ ամբողջական վայրը, տրամադրելով խորհրդատուներու եւ հոգեբաններու առցանց ցուցակ, որոնք կրնան խօսիլ անձին լեզուն, կամ նոյն մշակոյթին կամ կրօնքին կը պատկանին, - անոնց ժամադրութիւններու տեւողութեան եւ վճարումներու հետ մէկտեղ - ինչպէս նաեւ հեռա-առողջութեան ժամադրութիւն ապահովելու տարբերակով:

هارتچت حاوی معلوماتی چون زبان و باورهای مذهبی متخصصان نیز میباشد. Source: HeartChat.com.au
Ատիկա գաղափարն է դարմանական ջղահոգեբան Տոքթոր ճուտի Թէնկի, որը նաեւ ծրագիրը ֆինանսաւորող Վիքթորիայի Բազմամշակութային յանձնաժողովի յանձնակատար է:
Աղբիւրը / միջոցը, այդ մարզին մէջ որպէս Ասիական ծագում ունեցող աշխատած անձի մը փորձառութեան արդիւնքն է:
«Ես յաճախորդներ ունեցած եմ որոնք ինծի գալով ըսած են, « Ինծի համար այնքան դժուար եղաւ քեզի նման մէկը գտնել, մէկը որ կարենայ իմ լեզուս խօսիլ կամ գիտնայ իմ մշակոյթս: Ինծի համար դարեր տեւեց այս ժամադրութիւնը ստանալու համար», » ըսաւ Տթր. Թէնկ- որ կը խօսի Մանտարին լեզուով:
«Ես պարզապէս ուզեցի (մտային առողջապահութեան աջակցութիւնը) աւելի մատչելի դարձնել մեր համայնքներուն համար:»
Մշակութային համապատասխան աջակցութիւն
Երբեմն, ունենալ մէկը որուն ստիպուած չէք ըլլար բացատրելու կրօնական կանոնները, մշակութային նրբերանգները, կամ քաղաքական կամ սեռային նախընտրութիւնները՝ կրնայ նշանակալից ըլլալ – եւ նոյնիսկ կեանք փրկող:
Տթր. Թէնկ հոգեբանի մը մասին պատմութիւն մը պատմեց, ով Ասիական ծագում ունեցող յաճախորդի մը ըսաւ «այդ ըրէ քեզ համար» երբ կը խրախուսէր զանոնք դրական փոփոխութիւններ կատարել իրենց կեանքին մէջ:
«Անձը ետ պատասխանեց «Իսկապէս, քանի որ ես Ասիական ծագում ունիմ, ան եթէ ինծի ըսած ըլլար այդ ընել իմ ընտանիքիս համար, աւելի շատ ազդեցիկ պիտի ըլլար», » ըսաւ Տթր. Թէնկ:
Ան նաեւ ներկայացուց աւելի տգէտ առաջարկներ որոնք կրնան ընել մշակութային ըմբռնում չունեցող մասնագէտներ:

Some of the professionals listed on HeartChat. Source: HeartChat.com.au
«Բնիկ ծագում ունեցող մէկուն...(ըսուած էր) «գնա անտառ ‘go out bush’ եւ եղիր քու ժողովուրդիդ հետ», եւ այդ պայման չէ որով այդ բնիկ անձը պիտի նոյնացուէր,» ըսաւ ան:
«Ցաւալի է որ երբեմն մտային առողջութեան մասնագէտներ պարզապէս ունին իրենց յատուկ ենթադրութիւնները որոնք կրնան սխալ դուրս գալ երբ խօսլը կը վերաբերի մշակոյթի կամ հաւատքի:»
Տթր. Թէնկ ըսաւ որ յաճախ մշակութային եւ լեզուական խոչընդոտները կրնան մարդոց ետ պահել օգնութիւն փնտռելէ:
«Որոշ պարագաներու, երբ անոնք այնքան սխալ կ'ըլլան, այն ատեն է որ անձը կը կորնցնէ մտային առողջութեան ծառայութիւնները ստանալու իր հետաքրքրութիւնն ու դրդապատճառը, եւ այդ է որ մենք հաստատօրէն չենք ուզեր տալ, այդ ժխտական փորձառութիւնը, մեր բազմամշակութային համայնքներուն»:
«Ես գիտեմ թէ անոնք ուրկէ կու գան»
Մշակութային բազմազանութիւն ունեցող Աւստրալիացիներ երկար ժամանակ դժուարութիւններ դիմագրաւած են աջակցութեան ծառայութիւններէ օգտուելու համար, ըլլայ ան լեզուական կամ մշակութային խոչընդոտներու պատճառով, իրենց համայնքներուն մէջ մտային հիւանդութեան շուրջ գոյութիւն ունեցող խարանին, կամ պարզապէս չգիտնալով թէ ուրկէ պէտք է սկսիլ ճանապարհը դէպի խնամք:
ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի ընթացքին, երբ մտային առողջութեան ծառայութիւններուն եղած կանչերը խստիւ բազմացած են, եւ մասնագէտ մը տեսնելու համար սպասման ժամանակները աւելցած, երբեք աւելի կարեւոր չէ եղած որ մարդիկ կարողանան օգնութիւն ստանալ:
«Այն ազդած է բոլորին եւ յատկապէս մեր բազմամշակութային համայնքներուն վրայ՝ ընտանիք այցելելու սահմանափակումներուն պատճառով, ինչը շատ մը մշակոյթներու համար իրենց կեանքին շատ կարեւոր մէկ երեւոյթն,» ըսաւ Տթր Թէնկ:
HeartChat-ին արձանագրուած հոգեբաններէն մէկն է, Սերպական ծագում ունեցող, Սիտնիաբնակ Եէլէնա Զէլէսքով Տորիչ:
Տթր Տորիչ – որը կը տիրապետէ հինգ Պալքանեան լեզուներու ինչպէս նաեւ Պուլկարերէնի – յաճախ կանչեր կը ստանայ յաճախորդներէ որոնք միայն կ'ուզեն մէկը որուն հետ իրենց լեզուով կարենան խօսիլ:

یکی از روانشناسانی که نامش را درج هارتچت کرده، جِلِنا زلسکوف دوریک است. Source: Supplied
«Անոնցմէ ոմանք, պարզապէս Անգլերէն չեն գիտեր եւ, գիտէք, անոնք չեն կրնար իրենք զիրենք լաւապէս արտայայտել» կ'ըսէ Տթր Տորիչ:
«Յատկապէս հոգեբանական տեսանկիւնէն, ինչպէս՝երբ կ'ուզէք խօսիլ ձեր զգացումներուն եւ յարաբերութիւններուն, յուզումներուն մասին, երբեմն իսկապէս դժուար է:»
Տթր Տորիչ կը յայտնէ թէ ինք կրնայ հասկնալ իր յաճախորդներուն՝առանց անոնց ստիպուած ըլլալու որ բացատրեն մշակութային սովորոյթներ կամ սովորութիւններ, կամ զգալու որ կը դատուին իրենց տարբերութիւններուն համար:
«Ինծի համար, աւելի հեշտ է հասկնալ որովհետեւ ես գիտեմ թէ անոնք ուրկէ կու գան,» ըսաւ ան:
«Դուք կրնաք կարդալ տարբեր մշակոյթներու մասին, բայց եթէ դուք որոշ մշակոյթէ մը չէք, երբեք պիտի չհասկնաք թէ այդ մարդիկը ինչ կը զգան:»
Տթր Տորիչը կ'աջակցի նաեւ Ասիական Ծագում ունեցող յաճախորդներուն որոնք յայտնած են որ իրենց կ'օգնէ խօսիլ մէկու մը հետ որ ներգաղթողի ծագում ունի:
«Անոնք ինծի մօտեցան որովհետեւ կ'ուզեն խօսակցիլ մշակութային ինքնութեան հարցերու շուրջ, որովհետեւ ես կու գամ տարբեր մշակոյթներէ – ես հոս կ'ապրիմ եւ հոն մեծցած եմ – այնպէս որ, գիտէք, կայ այդ բազմազանութիւնը:»
Մտային առողջութեան մասնագէտներու ամբողջական ցուցակի համար, կամ իբրեւ մասնագէտ արձանագրուելու համար, այցելէ՝
նաեւ կը թուարկէ Աւստրալիոյ մէջ մատչելի շարք մը լեզուներով մտային առողջութեան աջակցութեան ծառայութիւններ
Ընթերցողներ որոնք ճգնաժամային աջակցութիւն կը փնտռեն, կրնան կապուիլ Lifeline-ի հետ 13 11 14, Suicide Call Back Service 1300 659 467, եւ Kids Helpline 1800 55 1800 հեռախօսահամարներով (5-էն 25 տարեկան երիտասարդներու համար): Յաւելեալ տեղեկութիւն կարելի է գտնել համացանցի հետեւեալ էջերէն եւ .