Latest

ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Վարչապետը կը խոստանայ հետազօտել թէ ինչպէս ղեկավարուած է համաճարակը, Պրիթանիա կը վաւերացնէ առաջին Օմիքրոն պատուաստը

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու Օգոստոս 16 2022-ի թարմացումն է:

ANTHONY ALBANESE COVID VACCINATION

Australian Prime Minister Anthony Albanese receiving his fourth vaccine dose in Sydney. (file) Source: AAP / DEAN LEWINS/AAPIMAGE

Հիմնական Կէտեր
  • • Աւստրալիա պիտի գործարկէ անմիջական խնամքի 50 բուժարաններ թեթեւ արտակարգ դրութիւններու համար
  • • Նախկին վարչապետ Սքոթ Մորիսըն պաշտպանեց իր "գաղտնի նշանակումները"
  • • Pfizer Գործադիր տնօրէն Ալպըրդ Պուրլա դրական արդիւնք տուաւ ՔՈՎԻՏ-19-ի
Երեքշաբթի օր Աւստրալիա տեղեկացուց նուազախգոյնը 73 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 24 New South Wales-ի, 20 Victoria-ի և 17 Queensland-ի մէջ:

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :


Առողջապահութեան նախարար Մարք Պաթլըր 10 News First-ին յայտնեց որ սկսած են գործարկել 50 անմիջական խնամքի բուժարաններ որ մարդոց հնարաւորութիւն պիտի տայ Մէտիքէրով խնամք ստանալ թեթեւ արտակարգ դրութիւններու համար:

Ան տեղեկացուց որ Մոտերնայի նոր mRNA յարմարութիւնը Մելպըրնի մէջ ամէն տարի 100 միլիոն պատուաստներ պիտի արտադրէ: Ան յայտնեց որ կառավարութիւնը կրնայ բանակցիլ ընկերութեան հետ պատուաստներ արտադրելու համար այլ շնչառական հիւանդութիւններու համար:

Վարչապետ Անթընի Ալպանեզէ հաստատեց որ նախկին վարչապետ Սքոթ Մորիսըն ինքզինք նշանակած է նուազագոյնը հինգ նախարարութիւններու, ներառեալ առողջապահութեան, ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի ժամանակ:

Պարոն Ալպանեզէ յայտնեց որ համաճարակէն ետք, կանոնաւոր քննութիւն պիտի կատարուի թէ ինչպէս ղեկավարուած է ՔՈՎԻՏ-19 ճգնաժամը:

Պարոն Մորիսըն Սիտնիի 2GB ռատիոկայանին տեղեկացուց որ այս նշանակումները կատարուած էին որպէս երաշխիք ՔՈՎԻՏ-19-ի դէմ:
Պրիթանիա հաւանութիւն տուաւ Մոտերնայի թարմացուած ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստին որ կը թիրախաւորէ սկզբնական և Օմիքրոն տարբերակները: Պատուաստը կարելի է օգտագործել 18 տարեկանէն վեր անձերու համար:

Pfizer-ի Գործադիր տնօրէն Ալպըրդ Պուրլա դրական արդիւնք տուաւ ՔՈՎԻՏ-19-ի:

Պարոն Պուրլա որ Pfizer պատուաստի բոլոր չորս դեղաչափերը ստացած է շատ թեթեւ ախտանիշներ ունի: Յայտարարութեամբ մը, ընկերութիւնը տեղեկացուց որ ան հակաժահրային Paxlovid դեղը կը գործածէ:

Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .




Share
Published 16 August 2022 5:02pm
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends