ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. 12,390 վարակումի դէպքեր Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ; Վիքթորիայի մէջ հիւանդանոց մնացողներու թիւերը կը բարձրանան

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 10 Մայիս 2022-ի թարմացումն է:

People wearing face masks walk in the Melbourne CBD, Thursday, July 15, 2021. Victoria has reported two new locally acquired COVID-19 cases, on top of the 10 reported in Thursday's official figures. (AAP Image/Luis Ascui) NO ARCHIVING

The number of new COVID-19 surged in most Australian states and territories. Source: AAP Image/Luis Ascui

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիոյ մէջ կային նուազագոյնը 43 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր, ներառեալ 18 Վիքթորիայի մէջ և 17 Նիու Սաութ Ուելսի մէջ:  

Համաճարակի սկզբնաւորութենէն ի վեր, Արեւմտեան Աւստրալիա արձանագրեց իր ամենաբարձր օրական ՔՈՎԻՏ-19 դէպքերը (12,390): Նահանգը տեղեկացուց նաեւ 6 պատմական մահերու մասին:

Նոր դէպքերու թիւերը բարձրացան Աւստրալիոյ տարածքին մինչ Վիքթորիա արձանագրեց Ապրիլ 4-էն ի վեր, օրական նոր վարակումներու ամենաբարձր թիւը (12,722) և հիւանդանոց մնացողներու ամենաբարձր թիւը (519):

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը կը հետեւի տեղեկութիւններու, որոնց համաձայն սրտամկանաբորբ յառաջացած է երիտասարներու մօտ որոնք Ֆայզըր և Մոտերնա պատուաստները ստացած են:

Սրտամկանաբորբը (myocarditis) շատ հազուագիւտ կողմնակի ազդեցութիւն մըն է: Ընդհանրապէս ժամանակաւոր, և հիւանդներու մեծամասնութիւնը կը բուժուին մի քանի օրէն:  Աւելի յաճախ կը պատահի 12-էն 17 տարեկան տղոց մօտ երկրորդ սրսկումէն ետք:

Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (Australian Technical Advisory Group on Immunisation) նկատի կ'առնէ 4րդ (ձմեռային) դեղաչափը որոշ խումբերու համար:

Ներկայիս, 4րդ դեղաչափը խորհուրդ կը տրուի 65 տարեկանէ վեր չափահասներուն համար, տարեցներու խնամքի բնակիչներուն և անկարողութեան խնամքի հաստատութիւններուն մէջ գտնուողներուն համար, 16 տարեկանէն վեր անձերու համար որոնք լուրջ բժշկական խնդիրներ ունին և Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի կղզեցիներուն համար որոնք 50 տարեկան են կամ աւելի վեր:
Կարդացէք վերաբերեալ



Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .


Share
Published 10 May 2022 3:47pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends