ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Արեւմտեան Աւստրալիա կը պայքարի Օմիքրոնի դէմ աւելի շատ ձրի RAT-երով և նոր վերակենդանացման բաժինով մը

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 15 Մարտ 2022-ի թարմացումն է:

Vifaa vya vipimo vya rapid antigen vyatolewa ndani ya boxi.

Serikali ya Magharibi Australia kwa sasa inatoa vifaa vya vipimo vya RAT 15 bure kwa kila nyumba jimboni humo. Source: AAP Image / Joel Carrett

  •  Այսօրուընէ սկսեալ, Արեւմտեան Աւստրալիոյ, տուներու բնակիչներուն պիտի տրամադրուի մինչեւ 15 ձրի անհատական  -եր
  • 10 յաւելեալ քննութեան սարքեր ինքնաբերաբար պիտի ուղարկուին անոնց, որոնք արձանագրուած էին երբ նահանգային կառավարութիւնը սկզբնական շրջանին նուիրած էր 5 RAT-եր իւրաքանչիւր տան համար:
  • Արեւմտեան Աւստրալիոյ Առողջապահութեան նախարար Ամպըր-Ճէյտ Սանտըրսըն երէկ բացումը կատարեց նոր 24 անկողին ունեցող վերակենդանացման բաժինի մը Royal Perth հիւանդանոցին մէջ, որ հիւանդներ պիտի ընդունի վաղուընէ:
  • Նախարար Սանտըրսըն յայտնեց որ "այս հաստատութեան բացումը ժամանակին տեղի կ'ունենայ վերջին շրջանին Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-ի դէպքերու բազմացումի լոյսին տակ և նահանգի վերակենդանացման բաժնի անկողիններու թիւը կը հասցնէ 145-ի:"
  • Քուինզլանտի Առողջապահութեան նախարար Իվէթ Տաթ երէկ ընկերային մամուլով տեղեկացուց որ ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տուած է:
  • Քուինզլանտի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Սքոթ ՄքՏուկալ խորհրդարանին մէջ մարտահրաւէր ուղղեց նախարար Տաթի պահանջին դէմ երկարաձգելու գլխաւոր առողջապահական պաշտօնեայի արտակարգ դրութեան իշխանութիւնները մինչեւ Հոկտեմբեր:
  • Հարաւային Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-Պատրաստ Յանձնախումբը կը հանդիպի այս առտու քննարկելու համար սահմանափակումներու յաւելեալ թեթեւացումը նահանգին մէջ, ներառեալ դիմակներու կրումը և մեկուսացումի պահանջները մօտիկ շփումներու համար:
ՔՈՎԻՏ-19 Աւստրալիական Տուեալներ

Նիու Սաութ Ուելս տեղեկացուց որ 1,032 հիւանդներ կան հիւանդանոցին մէջ որոնցմէ 38 վերակենդանացման բաժնին մէջ: 6 մահեր կան և 10,689 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր:

Վիքթորիայի մէջ, 197 հիւանդներ կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ որոնցմէ 24 վերակենդանացման բաժնին մէջ և 6 օդափոխիչներու վրայ: 4 մահեր կան և 7,460 նոր վարակումներ:

Թազմանիա արձանագրեց 1,376 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր: ՔՈՎԻՏ-19-ով 14 հիւանդներ կան հիւանդանոցին մէջ, որոնցմէ երեքը վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասին մէջ (ACT) 40 հիւանդներ այժմ կը գտնուին հիւանդանոցին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ով, որոնցմէ չորսը վերակենդանացման բաժնին մէջ կը գտնուին: Կայ մէկ մահ և 786 նոր վարակումի դէպքեր:

Քուինզլանտի մէջ, կան 5,589 ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքեր և տասը մահեր: 246 հիւանդներ կը մնան հիւանդանոցին մէջ ՔՈՎԻՏ-19ով վարակուած և 19 հիւանդներ կը մնան վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ, 129 մարդիկ ներկայիս հիւանդանոցի մէջ են ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած և անոնցմէ տասը վերակենդանացման բաժնին մէջ են և մէկը օդափոխիչի վրայ: 2,380 նոր դէպքեր կան և 3 մահեր:

Հիւսիսային Հողամասին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի 295 նոր դէպքեր կան : 31 մարդիկ ներկայիս կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ և 2 հիւանդներ վերակենդանացման բաժնին մէջ:





Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը



Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք


Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու


Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .


Share
Published 15 March 2022 7:16pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends