Երեքշաբթի օր, NSW տեղեկացուց 23 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին որ Ապրիլ 4-էն օրական մահերու ամենաբարձր թիւն է:
Վիքթորիա արձանագրեց 12 մահեր և 482 մարդիկ կը մնան հիւանդանոցին մէջ: Տուեալները ցոյց կ'ուտան որ հիւանդանոց մնացողներու թիւը աճ կ'արձանագրէ նահանգին մէջ:
Ստուգեցէք ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալները :
Գալ շաբաթ, Australian Capital Territory կրնայ վերջ դնել պատուաստի պարտադրութեան առողջապահական և կրթութեան խնամքներուն մէջ աշխատողներուն համար:
South Australia յայտնաբերեց BA.4 և BA.5 վարակումներու իր առաջին դէպքերը միջազգային ճամբորդներու մօտ: BA.4 և BA.5 Omicron-ի տարբերակներ են որոնք արդէն յայտնաբերուած են NSW-ի և Victoria-ի մէջ:
Աւստրալիոյ Գլխաւոր Բժշկական Պաշտօնեայի տեղակալ, Dr Sonya Bennett, յայտնեց որ կը նախատեսուի որ քորոնա ժահրով և հարբուխով վարակումները աճ արձանագրեն ձմեռը: "Հարբուխի պատուաստը ստանալով հարբուխի շրջանէն առաջ, ամենաբարձր պաշտպանութիւնը պիտի տրամադրէ”, յայտնեց Dr Bennett: "Այս ընդհանրապէս կը պատահի Յունիսէն Սեպտեմբեր ամիսներուն Աւստրալիոյ մեծ մասերուն մէջ: Մինչեւ երկու շաբաթ կը տեւէ որպէսզի պատուաստը լրիւ ազդեցիկ ըլլայ, որով Յունիսէն առաջ պատուաստը ստանալը նախընտրելի է" ըսաւ Dr Bennett:
ԱՄՆ փոխ նախագահ Kamala Harris ետ աշխատանքի վերադարձաւ Սպիտակ Տուն ժխտական արդիւնք տալէ ետք ՔՈՎԻՏ-19-ի: Շաբաթ մը առաջ ան դրական արդիւնք սուած էր Քովիտ-19-ի:
Կարդացէք վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք