ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Վիքթորիա արձանագրեց օրական դէպքերու ազգային մրցանիշ մը

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 5 Հոկտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

Source: AAP Image/Daniel Pockett

A general view inside the Royal Exhibition Building COVID19 Vaccination Hub in Melbourne, Thursday, September 2, 2021. (AAP Image/Daniel Pockett) Source: Source: AAP Image/Daniel Pockett

  • Հազարաւոր պատուաստի ժամադրութիւններ ազատ են Վիքթորիայի մէջ
  • Նիու Սաութ Ուելսի բնակչութեան 67.5 առ հարիւրը լրիւ պատուաստուած Են
  • 12 տարեկանէն վեր Քանպերացիներու  94 առ հարիւրը մասնակի պատուաստուած են
  • Քուինզլանտ կ'արձանագրէ երկու նոր տեղական փոխանցումներ


Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 1,763 նոր տեղական փոխանցումներ, համաճարակը սկսելէն ի վեր աւստրալիական որեւէ  նահանգի կամ հողամասի ամենաբարձր թիւը: Չորս անձեր մահացան:

Նահանգապետ Տանիել Անտրիուզ յայտնեց որ հազարաւոր ազատ ժամադրութիւններ կան Ֆայզըր, ԱսդրաԶենեքա և Մոտերնա պատուաստներու համար:

Այսօրուընէ, շինարարութեան հատուածը կը վերսկսի և միայն պատուաստուած անձնակազմը թոյլտուութիւն ունի վերադառնալու գործի վայրեր պայմանով որ հետեւին խիստ ՔՈՎԻՏ-19 նախազգուշութիւններու:  

Latrobe Valley շրջանը արգելափակումէ դուրս պիտի գայ այսօր կէս գիշերին:  

մը գտէք ձեր մօտը:

Նիու Սաութ Ուելս 

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 608 նոր տեղական փոխանցումներ և եօթը մահեր:

16  տարեկանէն վեր բնակչութեան  88.5 առ հարիւրը ստացած են  պատուաստի առաջին դեղաչափը, մինչ 67.5 առ հարիւրը լրիւ պատուաստուած էին Կիրակի 3 Հոկտեմբեր  2021 կէս գիշերին:

Տունը մնալու հրահանգները երկարաձգուեցան մինչեւ 11 Հոկտեմբեր Taree, Forster-Tuncurry և Muswellbrook շրջաններուն համար աւելցած վարակումի դէպքերու հետեւանքով  

Սեղմել այսօր ձեր առնելու համար:

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս

Հողամասը արձանագրեց 33 տեղական փոխանցումներու դէպքեր, որոնց նուազագոյնը 14-ը համայնքին մէջ կը գտնուէին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:

12 տարեկանէն վեր անձերու 94 առ հարիւրը ստացած են պատուաստի մէկ դեղաչափ, մինչ բնակչութեան 65 առ հարիւրէն աւելին ստացած են երկրորդ դեղաչափը:

Այստեղ սեղմեցէք ժամադրութիւն առնելու համար :

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

Նոյեմբերի կէսերուն, Աւստրալիա պիտի կարենայ պատուաստել 16 տարեկանէն վեր իր բնակչութեան 80 առ հարիւրէն աւելին:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 5 October 2021 9:29pm
By SBS/ALC Content
Source: SBS


Share this with family and friends