ՔՈՎԻՏ-19 ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ. Վիքթորիա համաճարակի բարեփոխումներ պիտի սկսի - Քուինզլանտ կրկին պիտի հիւրասիրէ միջազգային ուսանողներ

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 26 Հոկտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

File image of University of Queensland campus in Brisbane. Queensland announced its roadmap for the return of international students in 2022.

File image of University of Queensland campus in Brisbane. Queensland announced its roadmap for the return of international students in 2022. Source: Getty Images

  • Վիքթորիա հանրային առողջապահութեան նոր բարեփոխումներ սկսաւ համաճարակային կացութեան համար
  • Քուինզլանտ միջազգային ուսանողներու մասին նոր յայտարարութիւն կատարեց
  • Հիւսիսային Հողամասը նպատակ ունի ոչ մեկուսացումի քաղաքականութեան մը
 Վիքթորիա

Վիքթորիա համաճարակի նոր օրէնքներ ներկայացուց խորհրդարան մինչ նահանգը արձանագրեց ՔՈՎԻՏ-19-ի 1,510 նոր տեղական փոխանցումներ և չորս մահեր:

Նահանգապետը իրաւունք պիտի ունենայ համաճարակ յայտարարելու գլխաւոր առողջապահական պաշտօնեայի և հանրային առողջապահութեան խումբի խորհուրդը ստանալէ ետք:

Նահանգի Առողջապահութեան Նախարար Մարթին Ֆոլի յայտնեց որ օրէնքները պիտի փոխարինեն ներկայ համակարգը ուր արտակարգ դրութիւններու կարգադրութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին և երկարաձգուին ամէն չորս շաբաթը մէկ:  

Տուգանքներու մասին նոր արտօնեալ ծրագրի մը մասին եւս յայտարարութիւն կատարուեցաւ, ուր մարդիկ որոնք կը տառապին ֆինանսական դժուարութիւններէ կրնան դիմել որ իրենց տուգանքի գումարը նուազի:

Վիքթորիա անհամբեր կը սպասէ Ուրբաթ Հոկտեմբեր 29-ի վերաբացումին երբ նահանգը պատուաստումի իր 80 առ հարիւր թիրախին պիտի հասնի:

մը գտէք ձեր մօտը:

Քուինզլանտ

Նահանգապետ Անասթազիա Փալուշէ  յայտարարեց որ միջազգային ուսանողներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան նահանգը վերադառնալու 2022-ին մինչ նահանգը արձանագրեց երկու նոր տեղական փոխանցումներ որոնք շատ վտանգաւոր չեն:

Նիու Սաութ Ուելս   

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 282 նոր տեղական փոխանցումներ և մէկ մահ:

Նահանգը այժմ լրիւ պատուաստած է 16 տարեկանէն վեր իր բնակիչներու 85 առ հարիւրը:

մը գտէք ձեր մօտը:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց 12 նոր քորոնա ժահրի դէպքեր:
  • Հիւսիսային Հողամասը նպատակ ունի ‘ոչ մեկուսացումի’ քաղաքականութիւն մը ունենալ լրիւ պատուաստուած մարդոց համար Յունուար 18-էն:
 BREAKING: International students will return to study in Queensland in 2022.


They will be the first to use the Regional Quarantine Facility at Wellcamp.

Students will be required to be fully vaccinated and a proportion of students will study at universities outside of Brisbane.

— Annastacia Palaszczuk (@AnnastaciaMP)
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 
 

 


Share
Published 26 October 2021 10:07pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends