ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում: Վիքթորիա կ'երկարաձգէ արգելափակումը. Նիու Սաութ Ուելս կը հաստատէ 98 նոր դէպքեր

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 19 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

A person is seen crossing a quiet Flinders Street in Melbourne, Monday, July 19, 2021.  (AAP Image/Daniel Pockett) NO ARCHIVING

A person is seen crossing a quiet Flinders Street in Melbourne, Monday, July 19, 2021. Source: AAP Image/Daniel Pockett

  • Վիքթորիա երկարաձգեց 5 օրուայ արգելափակումը
  • Նիու Սութ Ուելս այսօր 98 տեղական դէպքեր արձանագրեց, 20 վարակումներով համայնքին մէջ
  • Service NSW սկսաւ ՔՈՎԻՏ արգելափակումի դրամաշնորհներու դիմումները փոքր և միջին ձեռներէցութիւններուն համար
  • Մէկ միլիոն Pfizer դեղաչափեր Աւստրալիա ժամանեցին խթանելու ՔՈՎԻՏ պատուաստումները
Վիքթորիա

Վիքթորիայի արգելափակումը վերջ պիտի չգտնէ Երեքշաբթի գիշեր ինչպէս որ կը ծրագրուէր: Նահանգապետ Տանիէլ Անտրիուս տակաւին պիտի որոշէ արգելափակումը վերացնելու օրէնքները և ժամանակաշրջանը:

Վիքթորիա արձանագրեց 13 տեղական քորոնաժահրի դէպքեր և մէկ արտասահմանէն վարակումի դէպք: Վիքթորիայի մէջ վարակումներու ընդհանուր թիւը 81 է:

Ներկայիս 15,800 առաջնային մոտիկ շփումներ կան քառանթինի կամ մեկուսացումի մէջ և 250-է աւելի շփումի վայրեր: Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:

Նիու Սաութ Ուելս  

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 98 նոր տեղական քորոնաժահրի դէպքեր, որոնց երկու երրորդը յայտնաբերուեցան Հարաւ-Արեւմտեան Սիտնիի մէջ: 61 դէպքեր կապուած էին ծանօթ խմբակներու հետ, 37 դէպքերու աղբիւրները տակաւին կ'ուսումնասիրուին: Նոր դէպքերու 20-ը համայնքին մէջ էին մէկ օրէ աւելի մինչ վարակիչ էին:

Այստեղ գտնել, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ:

Սիտնիի մէջ, նոր պարտադրուած սահմանափակումները կը ներառեն բոլոր շինութեան աշխատանքներու արգելք և փակումը ոչ անհրաժեշտ առեւտուրի խանութներու. բացառութեամբ սուբըրմարքէթներու, դեղարաններու, դրամատուներու և խմիչքի խանութներու:

Service NSW, ՔՈՎԻՏ արգելափակումի դրամաշնորհներու դիմումները սկսաւ փոքր և միջին ձեռներէցութիւններուն համար: Ձեռներէցութիւններ որոնք նախապէս ՔՈՎԻՏ-19 փոքր ձեռներէցութեան նպաստներ ստացան, ներառեալ 2020 Փոքր Ձեռներէցութեան ՔՈՎԻՏ-19 Օգնութեան և Վերականգնումի նպաստները, կրնան դիմել: Դիմումները պիտի փակուին 13 Սեպտեմբեր 2021 երեկոյան ժամը 11:59-ին: Յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել՝

Ներկայ արգելափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Ուրբաթ Յուլիս 30 երեկոյան ժամը 11:59:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Քուինզլանտ որեւէ համայնքային փոխանցում չ'արձանագրեց:
  • Բեռնատար նաւ մը, ՔՈՎԻՏ-19 ախտանշաններով եօթը անձնակազմով, Ֆրիմէնթըլի նաւահանգիստ կանգ առաւ:
  • 800,000-է աւելի Pfizer պատուաստանիւթեր հասան Սիտնի և գրեթէ 100,000 Մելպըրն:


ՔՈՎԻՏ-19 Առասպել

Առողջ երիտասարդներ չեն ազդուիր ՔՈՎԻՏ-19-էն: Միայն կը վնասէ տարեց կամ հիւանդ մարդոց:

ՔՈՎԻՏ-19 Փաստ.

Ժահրը աւելի շատ ազդեցութիւն կը գործէ տարեց մարդոց և անոնց վրայ որոնք նախապէս հիւանդութիւն ունին սակայն վնաս կը հասցնէ և կը սպաննէ նաեւ առողջ երիտասարդ անձեր եւս:  



Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

 


Share
Published 19 July 2021 6:02pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends