- ՔՈՎԻՏ-19-ի մրցանշային 74 մահեր արձանագրուեցան, Նիու Սաութ Ուելսի, Վիքթորիայի և Քուինզլանտի մէջ: Համաճարակի ամենաբարձր օրական մահերը Աւստրալիոյ մէջ:
- Վիքթորիա յայտարարեց Սրճագոյն Իրավիճակ բոլոր հիւանդանոցներուն համար մինչ Օմիքրոն կ'ազդէ առողջապահական ծառայութիւններուն վրայ:
- Վիքթորիայի վարչապետի տեղակալ Ճէյմս Մերլինո յայտնեց որ առողջապահական դրութեան մէջ աշխատուժի լուրջ պակաս կայ:
- Հրահանգը, որ պիտի գործէ նաեւ վեց շրջանային հիւանդանոցներուն համար, կը նշանակէ որ հիւանդանոցի անձնակազմը կրնայ ետ գործի կանչուիլ արձակուրդէն և ոչ անհրաժեշտ խնամքը կրնայ հետաձգուիլ:
- Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 29,830 նոր դէպքեր – մեծամասնութիւնը արձանագրուեցաւ PCR ստուգումներու հետեւանքով – մինչ 2,850 մարդիկ հիւանդանոցի մէջ են որոնցմէ 209 վերակենդանացման բաժնին մէջ:
- Sydney Morning Herald տեղեկացուց որ նահանգի 1.2 միլիոն աշակերտները պէտք է RAT ստուգումներ կատարեն շաբաթը երկու անգամ դպրոց վերադառնալու համար:
- Թազմանիայի մէջ կէս գիշերէն, լրիւ պատուաստուած ճամբորդներ պէտք չ'ունին արձանագրելու իրենց ճամբորդութիւնը կամ ՔՈՎԻՏ-19 ստուգում կատարեն ճամբորդելէ առաջ, սակայն, օրէնքները անփոփոխ կը մնան չպատուաստուածներուն համար:
- Դպրոցական նոր տարին երկու շաբաթ ուշ պիտի սկսի Քուինզլանտի մէջ մինչ առողջապահական իշխանութիւններ ուշացնելու որոշում կայացուցին տիրող կացութեան հետեւանքով:
- Մինչ Քուինզլանտ արձանագրեց 16 մահեր, Առողջապահութեան նախարար Իվէթ Տ'աթ, հիւանդանոցներ այցելողներուն համար օրէնքներու փոփոխութիւններ կատարեց նուազեցնելու համար ժահրի տարածումի հնարաւորութիւնը առողջապահական հաստատութիւններուն մէջ:
- Աճող դէպքերու հետեւանքով, Եւրոպական Միութիւնը պիտի խստացնէ ՔՈՎԻՏ-19 ճամբորդութեան օրէնքները Աւստրալիայէն, Արժենթինէն և Քանատայէն չպատուաստուած ժամանողներուն համար:
Որոշ նահանգներ հաստատեցին RAT արձանագրութեան հարցարաններ:
ՔՈՎԻՏ-19 Տուեալներ.
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 29,830 նոր դէպքեր և 36 մահեր, մինչ Վիքթորիա արձանագրեց 20,180 նոր դէպքեր և 22 մահեր:
Քուինզլանտ արձանագրեց 15,962 դէպքեր և 16 մահեր, մինչ Թազմանիա արձանագրեց 1,310 դէպքեր:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով.
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: