Քովիտ-19 Թարմացում. Վիքթորիա և Քուինզլանտ դէպի "նոր բնական"

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 22 Փետրուար 2022-ի թարմացումն է:

Mhudumu ndani ya mgahawa anayevaa barakoa, akizungumza kwa simu

Masharti ya uvaaji wa barakoa yanabadilika nchini Australia. Sheria tofauti zita tumiwa katika majimbo na wilaya tofauti. Source: Getty Images / andresr E+

  • Քուինզլանտի մէջ Ուրբաթ Մարտ 4էն երեսի դիմակներ պիտի չպարտադրուին վայրերու մեծամասնութեան մէջ: Սակայն տակաւին պիտի պահանջուին հիւանդանոցներու մէջ, տարեցներու խնամքի, անկարողներու կացարաններու, բանտերու, օդակայաններու, հանրային փոխադրամիջոցներու և օդանաւերու մէջ:
  • Նոյն թուականէն Քուինզլանտի մէջ այլեւս տարողութեան սահմանափակումներ պիտի չ'ըլլան:
  • Մարտէն օրական ՔՈՎԻՏ-19 մամուլի ասուլիսները, որոնք կը կազմակերպուին Քուինզլամտի իշխանութիւններուն կողմէ, պիտի չշարունակուին:  
  • Վիքթորիայի մէջ Ուրբաթ 25 կէսգիշերէն տունէն աշխատելու և սորվելու հանրային առողջապահութեան յանձնարարութիւնները պիտի վերցուին և երեսի դիմակի պարտադրութիւնը պիտի վերցուի շատ մը վայրերէն:  
  • Երեսի դիմակ կրելը տակաւին պարտադիր պիտի մնայ հանրային փոխադրամիջոցներու, թաքսիներու, օդանաւերու և օդակայաններու, հիւանդանոցներու և խնամքի հաստատութիւններուն մէջ:
  • Վիքթորիայի դպրոցներուն մէջ դիմակ կրելը պիտի չպարտադրուի միայն երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Երրորդ տարուայ ուսանողներ և մանկապարտէզներու մէջ գործաւորներ ինչպէս նաեւ նախապատրաստական դպրոցներու մէջ, դիմակ կրելը տակաւին պարտադիր պիտի ըլլայ 5-11 տարեկան երեխաներու ցած պատուաստումի տոկոսին պատճառով:
  • Դիմակ կրելը տակաւին պարտադիր է մարդոց համար որոնք կ'աշխատին Վիքթորիայի հիւրասիրութեան և մանրածախ առեւտուրի վայրերուն մէջ, դատական համակարգին մէջ, ինչպէս նաեւ արդարութեան և ուղղիչ հաստատութիւններուն մէջ:
  • Գալ շաբաթէն, Վիքթորիայի հիւանդանոցներուն մէջ գործողութիւնները պիտի վերսկսին:
  • Դաշնային Առողջապահութեան նախարար Կրեկ Հանթ յայտնեց որ ՔՈՎԻՏ-19 դէպքերու թիւերը 90 առ հարիւր աւելի ցած են քան Օմիքրոնի առաւելագոյն վարակումի ժամանակաշրջանին:
  • Հիւանդանոց մնալու դէպքերը կէսէն պակաս են և նախարար Հանդի համաձայն աւելի պիտի նուազին:


ՔՈՎԻՏ-19 աւստրալիական Տուեալներ

Նիու Սաութ Ուելսի մէջ 1,293 հիւանդներ հիւանդանոց կը մնան և 71 վերակենդանացման բաժնին մէջ են: 14 մահեր կային և ՔՈՎԻՏ-19-ի 8,752 նոր դէպքեր:

Վիքթորիայի մէջ, 345 մարդիկ կը մնան հիւանդանոցի մէջ, 48-ը վերակենդանացման բաժնին մէջ և 8 օդափոխիչի վրայ: 14 մահեր կային և 6,786 նոր վարակումներ:

Քուինզլանտի մէջ, 5,583 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր կային և 5 մահեր: 394 մարդիկ հիւանդանոց կը մնան ՔՈՎԻՏ-19ով և 34 հիւանդներ վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Թազմանիա  արձանագրեց 820 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր և ոչ մէկ մահ: 11 մարդիկ կը մնան հիւանդանոցին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ով որոնցմէ երկուքը վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասին մէջ ներկայիս 41 հոգի հիւանդանոց կը մնան ՔՈՎԻՏ-19ով և մէկ հիւանդ կը գտնուի վերակենդանացման բաժնին մէջ: Կան 583 նոր դէպքեր և ոչ մէկ մահ:




Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը



Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք



Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .

 


Share
Published 22 February 2022 8:57pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends