ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում: Վիքթորիա երկարաձգեց արգելափակումը եւս մէկ շաբաթով, Հարաւային Աւստրալիա յայտարարեց հինգերորդ աստիճանի սահմանափակումներ

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 20 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

Wynyard railway station

Commuters wait for buses at Wynyard railway station in the central business district in Sydney, Tuesday, July 20, 2021. Source: AAP Image/Mick Tsikas

  • Վիքթորիայի սահմանափակումները երկարաձգուեցան մինչեւ Երեքշաբթի, 27 Յուլիս:
  • Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց իր հինգերորդ մահը ՔՈՎԻՏ-19 Տելթա բռնկումէն:
  • 5րդ աստիճանի սահմանափակումներ յայտարարուեցան Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ այս գիշեր ժամը 6-էն սկսեալ:
  • 10.1 միլիոնէ աւելի աւստրալիացիներ ստացան պատուաստի առաջին դեղաչափը, մինչ 2.8 միլիոն լրիւ պատուաստուած են:

 

Վիքթորիա

Նահանգապետ Տանիէլ Անտրիուզ յայտարարեց որ ներկայ արգելաբակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59:  

Վիքթորիա արձանագրեց 13 նոր տեղական ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքեր, ներառեալ մէկ խորհրդաւոր դէպք մը: Այս դէպքերէն ինը մեկուսացումի մէջ էին իրենց վարակիչ եղած շրջանին: Վիքթորիայի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը 96 է:

Դէպի Վիքթորիա ճամբորդութիւնը, օգտագործելով կարմիր շրջանի թոյլտուութիւնը, ժամանակաւորապէս պիտի դադրի: Ձեռներէցութիւններու յաւելեալ օգնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կը նախատեսուի որ տեղի ունենայ վաղը:  

Այժմ կան 15,800 մոտիկ շփումներ և 300-է աւելի շփումի վայրեր, ներառեալ վայրեր Ֆիլիբ Այլընտի մէջ, նահանգի հարաւային մասին մէջ, մինչեւ Միլտուրա հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ: Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:   

Նիու Սաութ Ուելս 

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 78 նոր տեղական ձեռք բերուած դէպքեր, այս դէպքերէն 21ը համայնքին մէջ: 50-ական տարեկան կին մը մահացաւ հարաւ-արեւմտեան Սիտնիի մէջ: Անոր մահը 61-րդն է Նիու Սաութ Ուելսի մէջ կապուած ՔՈՎԻՏ-19-ի հետ և հինգերորդը ներկայ բռնկումի ժամանակ:

Service NSW, ՔՈՎԻՏ արգելափակումի դրամաշնորհներու դիմումները սկսաւ փոքր և միջին ձեռներէցութիւններուն համար: Դիմումները պիտի փակուին 13 Սեպտեմբեր 2021 երեկոյան ժամը 11:59-ին: Յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել՝ :

Այստեղ գտնէք, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ: Ներկայ արգելափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Ուրբաթ Յուլիս 30 երեկոյան ժամը 11:59:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Հարաւային Աւստրալիա արձանագրեց հինգ նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր համայնքին մէջ: Նահանգապետ  Սթիվըն Մարշալ յայտարարեց 5րդ աստիճանի սահմանափակումներու մասին այս գիշեր ժամը 6-էն մինչեւ նուազագոյնը Երեքշաբթի 27 Յուլիս: Ներկայիս կան 16 շփումի վայրեր: Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ:
  • Քուինզլանտ արձանագրեց քորոնաժահրի մէկ նոր տեղական փոխանցումի դէպք:
  • Արեւմտեան Աւստրալիոյ Ֆրիմանթըլ նաւահանգիստին մէջ խարիսխ նետած բեռնատար նաւուն ախտանշաններ ունեցող 8 անձնակազմը ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տուին:
կրկնուող շաբաթական վճարում մըն է որ կը տրուի անհատներու, որոնք կ'ապրին Հասարակապետութեան կողմէ յայտարարուած թէժ կէտերու մէջ, ուր եօթը օրէ աւելի սահմանափակումները պատճառ կը դառնան աշխատանքի նուազած ժամերու և եկամուտի կորուստի: Տեղեկութիւն առկայ է մինչ բազմալեզու հեռաձայնի ծառայութիւն առկայ է 131202 համարով:



ՔՈՎԻՏ-19 ԱՌԱՍՊԵԼ.

ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը ապահով չէ որովհետեւ արագ կերպով ստեղծուեցաւ:

ՔՈՎԻՏ-19 ՓԱՍՏ.

Իրաքանչիւր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստ, թոյլատրուելէ առաջ որ սրսկուի, պէտք է համապատասխանէ Աւստրալիոյ Բուժական Ապրանքներու Վարչութեան ապահովութեան, որակի և արդիւնաւէտութեան խիստ պահանջներուն: Աւստրալիոյ Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը պիտի շարունակէ մոտիկէն հսկել պատուաստները, արագօրէն յայտնաբերելու և պատասխանելու առաջ եկող ապահովութեան հարցերու թէ Աւստրալիոյ և թէ արտասահմանի մէջ: Թողարկելէ առաջ, Աւստրալիոյ Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը կը հսկէ նաեւ իւրաքանչիւր պատուաստի խմբաքանակի վրայ, որ Աւստրալիա կը փոխադրուի:

Միացեալ Նահանգներու մէջ, ցոյց տուաւ որ երկրին մէջ գրեթէ բոլոր ՔՈՎԻՏ-19 մահերը մարդիկ էին որոնք պատուաստուած չէին:

Յունիսին, ցոյց տուաւ որ Փետրուար ամիսէն հիւանդանոց ընդունուած Տելթա տարբերակի 223 դէպքերէն 103-ը պատուաստուած չէին կամ միայն պատուաստի մէկ դեղաչափ ստացած էին:


 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 20 July 2021 9:32pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends