ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Երկու նոր ՔՈՎԻՏ-19 մահեր Նիու Սաութ Ուելսի մէջ

Այս, Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 25 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

Kiongozi wa NSW Gladys Berejiklian atoa taarifa mpya kuhusu COVID-19 mjini Sydney.

Kiongozi wa NSW Gladys Berejiklian atoa taarifa mpya kuhusu COVID-19 mjini Sydney, Jumapili, 25 Julai, 2021. Source: AAP Image/Lisa Maree Williams

  • Նիու Սաութ Ուելս ՔՈՎԻՏ-19-է երկու նոր մահեր արձանագրեց:  
  • Վիքթորիայի բոլոր նոր դէպքերը կապուած են ներկայ բռնկումին հետ: 
  • Դաշնակցային կառավարութիւնը կ'ապահովէ յաւելեալ 85 միլիոն Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 դեղաչափեր:
  • Հարաւային Աւստրալիա վերջ կրնայ դնել արգելափակումին: 

Նիու Սաութ Ուելս 

Նահանգապետ Պերեճիքլեան յայտնեց որ Նիու Սաութ Ուելս 141 նոր տեղական փոխանցումներ արձանագրեց: Երկու անձեր մահացան, 70-ական տարիքի կին մը և 30-ական տարիքի կին մը որ հաստատուած հիւանդութիւն չ'ունէր:  

Նիու Սաութ Ուելս պիտի ստանայ յաւելեալ 50,000 Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 դեղաչափեր: Մինչայն, ոստիկանական յատուկ ջոկատ մը ստեղծուեցաւ յայտնաբերելու համար անոնք որոնք մասնակցեցան երեկուայ բողոքի ցոյցին: Ոստիկանութիւնը արդէն 510 անձեր տուգանած է:  

Այստեղ գտէք, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ:   

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 11 նոր տեղական դէպքեր, որոնց բոլորն ալ քառանթինի մէջ էին իրենց վարակիչ եղած ժամանակ և կապուած են ներկայ բռնկումներու հետ:  

Իշխանութիւններ տակաւին պիտի հաստատեն եթէ վերջ պիտի դնեն ՔՈՎԻՏ-19 սահմանափակումներուն Երեքշաբթի Յուլիս 27-ին:  

Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:   

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Աւստրալիա պիտի ստանայ 85 միլիոն Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի դեղաչափեր 2022-ին և 2023-ին:
  • Հարաւային Աւստրալիա արձանագրեց երեք նոր տեղական դէպքեր, տակաւին հաւանականութիւն կայ որ վերջ դնէ արգելափակումներուն:   
  • Քուինզլանտ արձանագրեց հինգ նոր դէպքեր պանդոկի քառանթինի մէջ:

ՔՈՎԻՏ-19 Առասպել

Առողջ երիտասարդներ չեն ազդուիր ՔՈՎԻՏ-19-էն: Միայն կը վնասէ տարեց կամ հիւանդ մարդոց:

ՔՈՎԻՏ-19 Փաստ.

Ժահրը աւելի շատ ազդեցութիւն կը գործէ տարեց մարդոց և անոնց վրայ որոնք նախապէս հիւանդութիւն ունին սակայն վնաս կը հասցնէ և կը սպաննէ նաեւ առողջ երիտասարդ անձեր եւս: 


Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

 


Share
Published 25 July 2021 5:37pm
Presented by Vahe Kateb, SBS/ALC Content
Source: SBS


Share this with family and friends