ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. TGA վերատեսութեան կ'ենթարկէ ՔՈՎԻՏ քննութիւններու ճշգրտութիւնը մինչ հիւանդանոց մնացողներու թիւերը մրցանշային աճ կ'արձանագրեն

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 26 Յուլիս 2022-ի թարմացումն է:

Healthcare workers administer COVID-19 tests at the St Vincent's Hospital drive-through testing clinic.

Healthcare workers administer COVID-19 tests at the St Vincent's Hospital drive-through testing clinic. (file) Source: (AAP Image/Bianca De Marchi)

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 100 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 40 Victoria-ի, 30 New South Wales-ի (NSW) և 21 Queensland-ի մէջ:

Երկուշաբթի օր, Աւստրալիա նոր մրցանիշ մը արձանագրեց, համաճարակի սկզբնաւորութենէն ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդանոց մնացողներու թիւով: 5,429 մարդիկ կային հիւանդանոցներու մէջ բաղդատած նախորդ բարձր թիւին Յունուարին որ 5390 էր:

Երեքշաբթի օր, թիւը յաւելում մը եւս կրեց 5,429-էն հասնելով 5,571-ի: 

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը, Therapeutic Goods Administration (TGA), ժամանակաւորապէս վաւերացուց protein—ի վրայ հիմնուած Nuvaxovid COVID-19 պատուաստը 12-էն 17 տարեկաններուն համար: 

Nuvaxovid կը պարունակէ քորոնա ժահրի սուր ծայրի protein-ի մէկ մասը: Մարդու մարմնի վարակամերժ դրութեան բջիջները սուր ծայրի protein-ը կը նկատեն որպէս վտանգ և կը սկսին վարակամերժ պատասխան մը անոր դէմ: Պատուաստը կենդանի ժահր չի պարունակէր և չի կրնար ՔՈՎԻՏ-19 փոխանցել: 

TGA վերատեսութեան կ'ենթարկէ բոլոր ՔՈՎԻՏ-19-ի իւրայատուկ տարրալուծարանի RAT քննութիւնները գիտնալու համար թէ որքան ճշգրտութեամբ կրնան բացայայտել Delta և Omicron տարբերակները: 

TGA չի հերքէր որ այս քննութիւնները կրնան սխալ բացասական պատասխան տալ որովհետեւ ժահրը արդէն փոխուած է մի քանի անգամ 2019 թուականին առաջին անգամ յայտնաբերուելէ ետք: 

"Այս պատճառով քննութեան սարքեր հնարաւոր է որ այլեւս չկարենան յայտնաբերել ժահրը, բացասական սխալ արդիւնք տալով" կ'ըսէ TGA: 

 տեղեկացուց որ Royal Children's և Royal Melbourne հիւանդանոցները աւելի երեխա հիւանդներ ունին շնչարական «respiratory syncytial virus» (RSV) ժահրով քան ՔՈՎԻՏ-19-ով կամ հարբուխով:  

Առողջապահութեան իշխանութիւններ կ'ըսեն որ RSV-ով կրնան վարակուիլ երեխաներ և չափահասներ: Կրնայ հարբուխ պատճառել վազող քիթով, փռնգտալով, կոկորդի ցաւով, ջերմութեամբ, գլխացաւով, և շնչառութեան դժուարութեամբ: Ներկայիս որեւէ պատուաստ չկայ RSV-ի դէմ: 

Վերջին տուեալները ցոյց կ'ուտան որ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի տոկոսը ցած է 5-11 տարեկան երեխաներու մօտ: Յուլիս 24-ին, 53 առ հարիւրը պատուաստուած էին մէկ դեղաչափով և 40 առ հարիւրը երկու դեղաչափով:
Կարդացէք վերաբերեալ

Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .

 


Share
Published 26 July 2022 2:54pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends