Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 75 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 26 New South Wales-ի, 25 Վիքթորիայի և 18 Queensland-ի մէջ:
Queensland տեղեկացուց որ 983 անձեր կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած – նահանգի ամենաբարձր թիւը համաճարակի սկզբնաւորութենէն ի վեր:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը Therapeutic Goods Administration (TGA) ժամանակաւորապէս վաւերացուց Մոտերնայի Spikevax պատուաստը 6 ամսականէն 5 տարեկան երեխաներու համար: Երկու դեղաչափերը կարելի է տալ իրարմէ 28 օր տարբերութեամբ:
Վարչութիւնը տեղեկացուց նաեւ որ "Դարմանական փորձերը ցոյց տուին որ երեխաներու մօտ ապահովութեան ուրուագիծը նման է չափահասերու ուրուագիծին: Դարմանական փորձերու ժամանակ, 6 ամսականէն 6 տարեկան երեխաներու մօտ, հակազդեցութիւններու մեծ մասը թեթեւէն-չափաւոր էին և տեղի ունեցան երկրորդ դեղաչափի սրսկումէն ետք":
"Այս կը ներառէր դիւրագրգռութիւն/լաց, կարմրութիւն և/կամ ուռուցք սրսկումի վայրը, հոգնութիւն, ջերմութիւն, մկանի ցաւ, աճուկի ուռուցք կամ ցաւ:
Սակայն, երեխաներուն տրամադրելէ առաջ, պատուաստը տակաւին պէտք է վաւերացուի Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբին կողմէ Australian Technical Advisory Group on Immunisation (ATAGI):
ATAGI յայտնեց որ տարեց անձերու ՔՈՎԻՏ-19 ձմեռային խթանումի մեծ թիւով պատուաստումները, ներառեալ անոնք որոնք 50-էն 64 տարեկան են, յառաջիկայ ամիսներուն կրնայ նուազեցնել քորոնաժահրի հետ կապուած հիւանդանոց մնացողներու թիւերը:
Կառավարական Ծառայութիւններու նախարար Bill Shorten գործաւորներէն խնդրեց որ իրենց հիւանդութեան արձակուրդները օգտագործեն դիմելէ առաջ համաճարակի վճարումներու:
Աւստրալիոյ տարածքին, առողջապահութեան և դպրոցական իշխանութիւններ, ուսանողներէն և դպրոցներու անձնակազմէն խնդրեցին որ դիմակ կրեն 3-րդ դպրոցական շրջանի նուազագոյնը առաջին չորս շաբաթներու ընթացքին:
NSW կրնայ ժամանակաւորապէս վերստին յատուկ միջոցներ որդեգրել դպրոցներուն համար:
Այս միջոցները կ'ընդգրկեն դադրեցնել ներքին մեծ հաւաքոյթները, դադրեցնել դպրոցէ դուրս և միջ-դպրոցական գործունէութիւնները, դադրեցնել կամ յետաձգել զբօսարշաւները:
Պարտադրել որ չափահասներ և բարձրագոյն դպրոցի ուսանողներ դիմակ կրեն, սահամանափակել դպրոցներ այցելութիւնները, բաժնել ուսանողներու խումբերը, տունէն կամ հեռակայ սորվիլ:
Տարեցներու Խնամքի նախարար Anika Wells յայտնեց որ իր գերատեսչութիւնը պիտի հրապարակէ անհատական տարեցներու խնի կեդրոններու պատուաստումի տոկոսները Օգոստոս 1-էն սկսեալ:
Կարդացէք վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք