- Նիու Սաութ Ուելս կը յայտարարէ ՔՈՎԻՏ-19 նպաստի ծրարի մը մասին ձեռներէցութիւններուն համար
- Վիքթորիա մեծ ներդրումներ պիտի կատարէ առողջապահութեան ոլորտին մէջ
- Դաշնային կառավարութիւնը երեխաներու մտային հիւանդութեան ծրարի մը մասին յայտարարութիւն կատարեց
Վիքթորիա
Վիքթորիա արձանագրեց 1,466 նոր ՔՈՎԻՏ-19 տեղական փոխանցումներ և ութը մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ գտնուող 675 անձերէն միայն 7 առ հարիւրը լրիւ պատուաստուած են:
Նահանգապետ Տանիել Անտրիուզ քաջալերեց վիքթորիացիները որ առաջ բերեն իրենց երկրորդ ժամադրութեան թուականը, եթէ հնարաւոր է:
Նահանգի վերաբացումէն առաջ, նահանգային կառավարութիւնը յայտարարեց առողջապահութեան խնամքի բազմամիլիոն տոլար ներդրումներու մասին:
$255 միլիոն պիտի տրամադրուի օգնելու համար առաջնագիծի ՔՈՎԻՏ հիւանդանոցի աշխատակազմին և $2.5 միլիոն պիտի տրամադրուի հաւաքագրելու համար 1000 առողջապահական խնամքի աշխատողներ, որոնք արտասահման կը բնակին:
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 360 նոր տեղական դէպքեր և հինգ մահեր:
Նահանգապետ Տոմինիք Փերրոթէ յայտարարեց ձեռներէցութեան օգնութեան ծրարի մը մասին:
Իրաւունք ունեցող առեւտրականներ պիտի կարենան $2,000 տոլար ետ պահանջել որոշ ծառայութիւններու և ծախքերու համար: Զգալի զեղչեր պիտի յատկացուին որոշ ձեռներէցութիւններու, որոնք կը գործեն շուտով փճացող ապրանքներու հետ Քրիսթմըսէն առաջ:
“Կ'ուզենք որ գործարարներ գիտնան որ իրենց դիկունքը կանգնած ենք” ըսաւ Պարոն Փերրոթէ:
Կը նախատեսուի որ նահանգը հատէ 80 առ հարիւր լրիւ պատուաստումի թիրախը մինչեւ Երկուշաբթի, յաջորդ նախաշեմը, յաւելեալ սահմանափակումներ մեղմացնելու համար:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց 28 նոր դէպքեր որոնցմէ 22ը կապուած յայտնի դէպքերու հետ:
Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին
- Քուինզլանտ ՔՈՎԻՏ-19-ի ոչ մէկ դէպք արձանագրեց:
- Իրաւունք ունեցող աւստրալիացի բնակիչներու 82.8 առ հարիւրը ստացած են իրենց պատուաստի առաջին դեղաչափը և 63.4-ը լրիւ պատուաստուած են:
- Դաշնակցային Առողջապահութեան նախարար Կրեկ Հանթ տեղեկացուց որ Հոկտեմբերի վերջաւորութենէն առաջ խորհուրդ պիտի ստանան չափահասներու խթանիչ սրսկումի մասին:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
- Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով.
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: