Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա արձանագրեց 37 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր, ներառեալ 11 New South Wales-ի, 12 Victoria-ի, 6-ական Queensland-ի և South Australia-ի մէջ, և երկու Tasmania-ի մէջ: Western Australia տեղեկացուց նաեւ երեք պատմական մահերու մասին որոնք աւելի կանուխէն տեղի ունեցած էին:
Անցեալ ամսուայ ընթացքին Queensland-ի մէջ հիւանդանոց մնացողներու թիւը աճ արձանագրեց: 12 Ապրիլին, 572 մարդիկ հիւանդանոցի մէջ էին բաղդատած 247 հոգիի ամիս մը առաջ:
Աւստրալիական կառավարութիւնը միայն-դեղագիրով Մայիս 1-էն մատչելի պիտի դարձնէ Pharmaceutical Benefits Scheme (PBS) դեղագործական ցանկին վրայ աւստրալիացիներու համար որոնք ՔՈՎԻՏ-19-ով լրջօրէն վարակուելու վտանգի տակ կը գտնուին:
Թեթեւ թէ չափաւոր ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած հիւանդներ որոնք աւելի լուրջ վարակումի վտանգի տակ կը գտնուին կրնան գործածել 'Paxlovid' դեղահատը: Կը նախատեսուի որ դեղը նուազեցնէ հիւանդանոց մնացողներու թիւը:
Ներգաղթի և տնային հարցերու Labor-ի խօսնակ Kristina Keneally դրական արդիւնք տուաւ ՔՈՎԻՏ-19-ի: Ան պիտի մեկուսանայ եօթը օր:
Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը (ՀԱԿ) սկսաւ արձանագրել Օմիքրոնի նոր տարբերակները: Կազմակերպութիւնը ցանկին վրայ աւելցուց BA.4 և BA.5 վերահսկողութեան համար: ՀԱԿ արդէն արձանագրած է BA.1 (սկզբնական տարբերակը) և BA.2, BA.1.1 և BA.3:
Միացեալ Նահանգներու մէջ մտահոգութիւնները կ'աճին որովհետեւ 50-է աւելի կառավարական պաշտօնեաներ ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տուին այս ամսուայ սկզբնաւորութեան: Վարակուած անդամները կ'ընդգրկեն նախագահի և փոխ նախագահի գրասենեակներու անդամները:
Կարդացէք վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք