ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Նիու Սաութ Ուելսի որոշ շրջանային մասեր առաջին անգամ սահմանափակումի կ'ենթարկուին

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 21 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

NSW Premier Gladys Berejiklian arrives at a press conference to provide a COVID-19 update in Sydney, Wednesday, July 21, 2021.

NSW Premier Gladys Berejiklian arrives at a press conference to provide a COVID-19 update in Sydney, Wednesday, July 21, 2021. Source: AAP Image/Mick Tsikas

  • Նիու Սաութ Ուելս սկսաւ առաջին շրջանային արգելափակումը Orange, Cabonne և Blayney քաղաքապետարաններու շրջաններուն համար:
  • Վիքթորիա արձանագրեց 22 նոր տեղական ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր, բոլոր նոր դէպքերը կապ ունին ներկայ բռնկումներու հետ:
  • Նիու Սաութ Ուելսի և Վիքթորիայի բնակիչներ մեծ թիւերով կը քննուին:
  • Հարաւային Աւստրալիա արձանագրեց ՔՈՎԻՏ-19-ի նոր դէպք մը, ներկայ խմբակը հասցնելով վեցի:
Նիու Սաութ Ուելս 

Նիու Սաութ Ուելս արձանացրեց ՔՈՎԻՏ-19-ի 110 տեղական փոխանցումներու նոր դէպքեր, որոնցմէ 43-ը վարակիչ էին համայնքին մէջ: Այսօրուընէ սկսեալ, գործատէրեր որոնք կը ստիպեն իրենց գործաւորները որ գրասենեակ գան, տեղւոյն վրայ $10,000 տոլար տուգանքի պիտի ենթարկուին:  

Առաջին շրջանային տունը մնալու հրահանգը տրուեցաւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը բնակին Orange, Cabonne և Blayney քաղաքապետարաններու շրջաններուն մէջ կամ անոնց համար որոնք այդ շրջանները գտնուած են Շաբաթ Յուլիս 17-ին կամ այդկէ ետք: Շրջանին մէջ բաց են Քննութեան բուժարաններ:

Այստեղ գտէք, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ:  Ներկայ արգելափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Ուրբաթ Յուլիս 30 երեկոյան ժամը 11:59:

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 22 նոր տեղական քորոնաժահրի դէպքեր, բոլորն ալ կապուած ներկայ բռնկումներու հետ: Նահանգին մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը 118-ն է:

Վիքթորիայի բնակիչներ որոնք կը գտնուին Նիու Սաութ Ուելսի և Աւստրալիական Մայրաքաղաքի Հողամասին մէջ, իրաւունք չ'ունին տուն վերադառնալու երկու շաբաթ, որովհետեւ երկու շաբաթով պիտի դադրին կարմիր շրջանի արտօնագիրները:

Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:  Ներկայ արգելաբակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59:  

Վերջին 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Ներկայիս 82 քննութեան վայրեր կան Հարաւային Աւստրալիոյ տարածքին, և
  • Վաղուընէ, որեւէ մէկը որ Հարաւային Աւստրալիա եղած է թոյլ պիտի չտրուի որ Քուինզլանտ մտնէ բացի եթէ վերադարձող բնակիչ մըն է: 
  • Արեւմտեան Աւատրալիա եւս 14 օրուայ քառանթին սահմանեց Հարաւային Աւստրալիայէն ճամբորդներուն համար:

 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

 


Share
Published 21 July 2021 8:25pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends