ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Օմիքրոն դէպքերը կը բազմանան Աւստրալիոյ մէջ

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 7 Դեկտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

Queensland Health Minister Yvette D'Ath.

Queensland Health Minister Yvette D'Ath Source: AAP

  • անձեր որոնք կապ ունեցած են Քանպերայի դպրոցի մը հետ, ստիպուած մեկուսացան Օմիքրոնի հետ շփում ունեցած ըլլալու կասկածանքով:
  • Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց վեց նոր Օմիքրոն դէպքեր այս տարբերակի վարակումներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 31-ի:
  • Դեկտեմբեր 17-էն, չպատուաստուած մարդիկ պիտի արգիլուին Քուինզլանտի մէջ
  • Քուինզլանտի առողջապահութեան նախարարը տեղեկացուց որ Gold Coast-ի մէջ դրական դէպք մը կապուած է տարեցներու խնամքի հաստատութեան մը հետ, սակայն մինչեւ օրս հաստատութեան մէջ ոչ մէկը դրական արդիւնք տուած է:
  • Աւստրալիական Կարմիր Խաչի հետազօտութիւնը ցոյց կ'ուտայ որ երեք անձերէն մէկը նուազ հետաքրքրուած է տօնական օրերէն բաղդատած նախորդ տարիներուն հետ և 61 առ հարիւրը մտահոգուած են խոցելի ընտանիքներէ և բարեկամներէ որոնք առանձին կրնան մնալ եթէ ճամբորդութեան արգելքները մնան:
ՔՈՎԻՏ-19 ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ.

Վիքթորիա արձանագրեց 1185 տեղական փոխանցումի դէպքեր և եօթը մահեր:
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 260 նոր համայքնային դէպքեր և երկու մահեր:  
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց երեք դէպքեր, Քուինզլանտ մէկ:

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դէմ առնուած քայլերու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելեցէք : 
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                          





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 7 December 2021 8:29pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends