ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Հիւանդապահներ Նիու Սաութ Ուելսի մէջ գործադուլի կը դիմեն իսկ Novavax պատուաստը հնարաւոր է ստանալ

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 15 Փետրուար 2022-ի թարմացումն է:

Nurses hold placards during a nurses’ strike outside the NSW Parliament House in Sydney, Tuesday, February 15, 2022

Nurses protesting against understaffing and difficult work conditions outside NSW Parliament House in Sydney on 15 February 2022. Source: AAP Image/Bianca De Marchi

  • Նիու Սաութ Ուելսի մէջ, հիւանդապահներ գործադուլ սկսան պահանջելով աւելի լաւ վճարումներ և աւելի բարձր հիւանդապահ-հիւանդ համեմատութիւն: Գործադուլը սկսաւ առտու ժամը 7ին և պիտի շարունակուի 24 ժամ:
  • Բողոքի ցոյցերը տեղի կ'ունենան Սիտնիի մէջ, խորհրդարանին առջեւ:
  • Նիու Սաութ Ուելսի առողջապահութեան նախարարը յուսախաբիչ որակեց  գործադուլ կատարելու որոշումը մինչ Ճարտարարուեստական յարաբերութիւններու Յանձնախումբը հրահանգեց որ գործադուլը չնչուի:
  • Գործադուլի ժամանակ, կեանքեր բրկող ծառայութիւնները պահպանուեցան հանրային բոլոր հիւանդանոցներուն և առողջապահութեան  ծառայութիւններուն մէջ:
  • Novavax պատուաստը այժմ հնարաւոր է ստանալ բժիշկներու բուժարաններէն, դեղարաններէն և նահանգներու կողմէ ղեկավարուած պատուաստումներու կեդրոններուն մէջ:
  • Պատուաստը պիտի տրամադրուի անձերու որոնք 18 տարեկանէ վեր են իրենց առաջին և երկրորդ սրսկումներուն համար: Ներկայիս հնարաւոր չէ զայն տրամադրել 18 տարեկանէն վար երեխաներուն կամ խթանումի համար:
  • Դաշնային Առողջապահութեան նախարար Կրէկ Հանթ յոյս ունի որ պատուաստը նոր հնարաւորութիւն պիտի տայ անոնց որոնք սպասեցին կամ անկարող էին ուրիշ պատուաստներ ստանալ:
  • Պատուաստի բուժարան գտնող կայքը  այժմ հնարաւորութիւն կ'ուտայ փնտռելու թէ ուր կը տրամադրուի Novavax Աւստրալիոյ տարածքին:
  • Վիքթորիայի Ընդդիմութեան ղեկավար Մաթիու Կայ $100 տուգանք ստացաւ դիմակ չկրելու համար Նահանգային Խորհրդարանին մէջ: Չորս այլ Վիքթորիացի երեսփոխաններ նմանապէս տուգանք ստացան:
  • Վիքթորիայի մէջ ՔՈՎԻՏ-19ով վարակուած հիւանդներու թիւը ամենացածն է տարուայ սկզբնաւորութենրէն ի վեր:
  • Թազմանիայի վարչապետի տեղակալ և Առողջապահութեան նախարար Ճերեմի Ռոքլիֆ տեղեկացուց թէ Աւստրալիական Պաշտպանութեան Ուժը պիտի օգնէ երեք թազմանական տարեցներու խնամքի հաստատութիւններու, որոնք ՔՈՎԻՏ-19ով վարակուած են:
ՔՈՎԻՏ-19 Տուեալներ

Նիու Սաութ Ուելս տեղեկացուց թէ 1,583 հիւանդներ հիւանդանոց կը մնան որոնցմէ 96-ը վերակենդանացման բաժնին մէջ: 16 մահեր կային և ՔՈՎԻՏ-19-ի 8,201 նոր դէպքեր:

Վիքթորիայի մէջ, 441 մարադիկ հիւանդանոց կը մնան և 67 վերակենդանացման բաժնին մէջ: Կային 20 մահեր և 8,162 նոր վարակումներ:

Քուինզլանտի մէջ, 5,286 ՔՈՎԻՏ-19ի նոր դէպքեր կային և 10 մահեր: 462 հիւանդներ կը մնան հիւանդանոցին մէջ, 35 մարդիկ կը մնան վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Թազմանիա  արձանագրեց ոչ մէկ մահ և ՔՈՎԻՏ-19-ի 513 նոր դէպքեր: 10 մարդիկ հիւանդանոցին մէջ կը գտնուին ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած և մէկը վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ, 1,138 ՔՈՎԻՏ-19-ի նոր դէպքեր արձանագրուեցան, կան 219 մարդիկ հիւանդանոցին մէջ, 18 վերակենդանացման բաժնին մէջ:

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դէմ առնուած քայլերու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելեցէք : 

Որոշ նահանգներ հաստատեցին RAT արձանագրութեան հարցարաններ:  

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                          





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 15 February 2022 9:30pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends