ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Նիու Սաութ Ուելս կը քաջալերէ որ մարդիկ պատուաստուին, մինչ Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը (TGA) կը վաւերացնէ տան մէջ ստուգումը

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 28 Սեպտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

Mtu anaye vaa barakoa, avuka mtaa wa Melbourne.

Mtu anaye vaa barakoa, avuka mtaa wa Melbourne. Source: AAP

  • Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը յանձնարարեց որ Նոյեմբեր 1-էն հնարաւոր ըլլայ տան մէջ ստուգումը 
  • Վիքթորիա արձանագրեց իր ամենաբարձր օրական թիւը համաճարակի սկիզբէն ի վեր
  • Երկու նոր Քուինզլանտի բռնկումներ յայտնաբերուեցան NRL աւարտական խաղէն մի քանի օր առաջ 


Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 867 նոր ՔՈՎԻՏ-19 տեղական փոխանցումներ և չորս մահեր, գործօն դէպքերու թիւը հասցնելով 9,261-ի: 

Նահանգը կը փորձարկէ նոր app մը որ կրնայ գործածուիլ ստուգելու համար վիքթորիացիները, որոնք կը վերադառնան արտասահմանէն կամ այլ նահանգներէ:  

Այստեղ սեղմեցէք գտնելու համար:

Քուինզլանտ

Պրիզպընի մէջ յայտնաբերուեցաւ ՔՈՎԻՏ-19 երկու նոր խմբակներ NRL-ի աւարտական խաղէն մի քանի օր մնացած, ներառեալ մէկը որ կը կեդրոնանայ բեռնատարի վարորդի մը շուրջ, որ ութ օր համայնքին մէջ կը գտնուէր վարակիչ վիճակի մէջ:

Նահանգը արձանագրեց չորս նոր համայնքային դէպքեր: Դիմակներ կրկին պիտի պարտադրուին Պրիզպընի և Մորթըն Պէյ տեղական կառավարական շրջանի բնակիչներուն համար:  

Նիու Սաութ Ուելս

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 863 ՔՈՎԻՏ-19-ի  նոր տեղական փոխանցումներ և եօթը մահեր: Դէպքերու մեծամասնութիւնը South Western Sydney Local Health District-ի և Արեւմտեան Սիտնիի մէջ էին:

Իշխանութիւններ կը մտածեն արգելափակումի ենթարկել Port Macquarie-ի և Muswellbrook-ի բնակիչները, և երկարաձգել Kempsey-ի արգելափակումը, այս շրջաններուն մէջ աւելցող դէպքերու պատճառով:  

Սեղմեցէք առնելու համար այսօր

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս   

ACT արձանագրեց 13 նոր դէպքեր: Հողամասի Գլխաւոր Նախարար Անտրիու Պար յայտնեց որ արգելափակումէն դուրս գալու ճամբան աստիճանական պիտի ըլլայ: Վարակուած ութը անձեր հիւանդանոցին մէջ կը գտնուին, որոնցմէ երեքը վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Այստեղ սեղմեցէք ժամադրութիւն առնելու համար :

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին:

  •  Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը այժմ խորհուրդ կ'ուտայ որ Նոյեմբեր 1-էն մատչելի ըլլայ տան մէջ ստուգումները
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

 

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                          





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 28 September 2021 10:06pm
Updated 28 September 2021 10:09pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends