ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Նիու Սաութ Ուելս կը պրկէ սահմանափակումները

Աւստրալիոյ մէջ Քորոնաժահրի 17 Յուլիս 2021թ.ի թարմացումը

A general view of the central business district in Sydney, Saturday, July 17, 2021. The stay-at-home orders for coronavirus-hit Greater Sydney and surrounds have been tightened with the lockdown extended for a further 2 weeks. (AAP Image/Dan Himbrechts) N

Central business district in Sydney Source: AAP Image/Dan Himbrechts

  • Սիտնիի տարածքին, ոչ-անհրաժեշտ փոքրաքանակ առեւտուրի վայրեր պիտի փակուին այս գիշեր ժամը 11:59-էն սկսեալ
  • Վիքթորիայի նոր 19 դէպքերը կապուած են գոյութիւն ունեցող խմբակներուն հետ
Նիու Սաութ Ուելս

Այսօր երեկոյան ժամը 11.59-էն մինչեւ 30 Յուլիս, տեղական կառավարման և  շրջաններու բնակիչներ, իրաւունք պիտի չ'ունենան հեռանալու այդ շրջաններէն գործի համար բացի եթէ առողջապահութեան աշխատողներ են կամ արտակարգ ծառայութիւններու  անդամներ:

Սիտնիի տարածքին, Այսօր երեկոյան ժամը 11.59-էն սկսեալ, ոչ անհրաժեշտ փոքր առեւտուրի վայրերէն կը պահանջուի որ փակ մնան, թէեւ click and collect, տանովի ուտելիք, և տուն առաքումներու ծառայութիւնները տակաւին կրնան գործել:

Երկուշաբթի Յուլիս 19, առաւօտեան ժամը 12:01-էն սկսեալ, պիտի դադրին շինութեան և ոչ-անհրաժեշտ շինութիւններու բոլոր աշխատանքները, ներառեալ մաքրութեան ծառայութիւնները և բնակարաններու վերանարորգումի աշխատանքները:

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 111 նոր տեղական քորոնաժահրի դէպքեր և 80 տարեկանէն վեր տարեց մարդ մը մահացաւ Հարաւ-Արեւելեան Սիտնիի մէջ: Այստեղ գտիր, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ: Ներկայ արգելափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Ուրբաթ Յուլիս 30 երեկոյան ժամը 11:59:

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 19 նոր տեղական քորոնաժահրի դէպքեր: Բոլոր դէպքերը կապուած են գոյութիւն ունեցող խմբակներու հետ: Վիքթորիայի մէջ ընդհանուր դէպքերու թիւը 54 է:

Ներկայիտ 150-է աւելի շփումի վայրեր կան, ներառեալ որոշ վայրեր շրջանային Վիքթոիայի մէջ: Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ: Հինգերորդ արգելափակումը պիտի տեւէ մինչեւ Երեքշաբթի 20 Յուլիս երեկոյան ժամը 11:59:

Վերջին 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Անցած 24 ժամերուն, համայնքային փոխանցումի դէպքեր չկային Քուինզլանտի մէջ:
  • Առաջին անգամը ըլլալով, քորոնաժահրի բեկորներ յայտնաբերուեցան կեղտաջուրի մէջ Հիւսիսային Հողամասի Howard Springs և Royal Darwin Հիւանդանոցին դուրսը: 


Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 17 July 2021 7:15pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends