- Նիու Սաութ Ուելս նպատակ ունի 6 միլիոն պատուաստումներ կատարել մինչեւ Օգոստոսի վերջաւորութիւնը
- Քուինզլանտի վարակումներու թիւը կը բարձրանայ 47-ի:
- Վիքթորիա կ'արձանագրէ չորս նոր դէպքեր:
- Դաշնակցային կառավարութիւնը կը տրամադրէ յաւելեալ ՔՈՎԻՏ աջակցութեան վճարումներ:
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 199 նոր տեղական փոխանցումի դէպքեր, որոնցմէ նուազագոյնը 50-ը համայնքին մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:
Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Տոքթ. Քերրի Չանթ յիշեցուց որ մարդիկ չ'այցելեն ութը տեղական կառավարական շրջաններ բացի եթէ բացարձակապէս անհրաժեշտ է:
Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիքլեան կ'ուզէ որ նահանգը 6 միլիոն պատուաստումներ արձանագրէ մինչեւ Օգոստոսի վերջը: Մինչեւ օրս, 3,9 միլիոն պատուաստումներ կատարուած են:
Քուինզլանտ
Քուինզլանտ արձանագրեց 16 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, բոլորն ալ կապուած առկայ բռնկումին հետ:
Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Տոքթ. Ժանէթ Եանկ կոչ ուղղեց բնակիչներուն, որ տուն մնան և քննուին անմիջապէս որ ախտանշաններ նշմարեն:
Ոստիկանութեան Յանձնակատարի Տեղակալ Սթիւ Կոլշեւսքի յայտնեց որ ոստիկանութիւնը 70 անձեր տուգանեց և 21 ուրիշներ ձերբակալեց որոնք չէին հնազանդէր հանրային առողջապահութեան հրահանգներուն:
Այստեղ գտէք : Այստեղ գտէք
Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին
- Վիքթորիա արձանագրեց չորս նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, բոլորն ալ կապուած առկայ բռնկումներու հետ և մեկուսացումի մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:
- Անոնք որոնք կորսնցուցին գործի նուազագոյնը 8 ժամեր նահանգի հանրային առողջապահութեան հրահանգներուն պատճառով, իրենց սովորական վճարումէն դուրս, իրաւունք ունին օգտուելու , Այս նոր յաւելեալ օգնութեան դիմումները բացուեցան այսօր:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: