- Կարմիր Խաչը նպաստներ կը տրամադրէ Մեծն Սիտնիի բնակիչներուն, որոնք ժամանակաւոր այցագիր ունին
- Վիքթորիայի մէջ առաջնահերթային պատուաստումի ծրագիր 12րդ տարուայ ուսանողներուն համար
- Աւելի պատուաստումներ և քննութիւններու ժամադրութիւններ անկարողութիւն ունեցող Քանպերացիներուն համար
- Ոչ մէկ նոր դէպք Հարաւային Աւստրալիոյ և Քուինզլանտի մէջ
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 1,220 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր և ութը մահեր:
St Vincent's հիւանդանոցի Aboriginal Health-ի տնօրէն Aunty Pauline Deweerd խնդրեց Ապօրիճին համայնքներէն որ պատուաստուին որչափ կարելի է շուտ մինչ իշխանութիւններ կը նախատեսեն որ Սեպտեմբերին 7 օրուայ միջինը 1,500 նոր դէպք պիտի ըլլայ:
Աւստրալիական Կարմիր Խաչը մէկ անգամուայ $400 տոլար վճարումներ կատարեց մարդոց, որոնք ժամանակաւոր այցագրով են կամ այցագիր չ'ունին որոնք ազդուած են Մեծն Սիտնիի արգելափակումէն ծրագրի միջոցով:
Վիքթորիա
Վիքթորիա երկրորդ օրը ըլլալով արձանագրեց 246 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, ընդհանուր դէպքերու թիւը հասցնելով 1,786-ի:
Ուրբաթ օրուընէ, որպէս 10 օրուայ նախապատուութեան ծրագիր, իշխանութիւններ նպատակ ունին պատուաստելու բոլոր 12րդ տարուայ ուսանողները նուազագոյնը մէկ դեղաչափով վերջնական քննութիւններէն առաջ: Ֆայզըր պատուաստի համար 12րդ տարուայ ուսանողներու, ուսուցիչներու, քննութեան վերակացուներու և քննիչներու համար արձանագրութիւնները բացուեցան Երկուշաբթի Սեպտեմբեր 6-ին:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս
ACT արձանագրեց 19 նոր տեղական փոխանցումներ որոնցմէ 6-ը համայնքին մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:
ACT կառավարութիւնը աւելի դիւրութիւններ տրամադրեց և քննութեան ժամադրութիւններ մարդոց համար որոնք անկարողութիւն ունին. Access and Sensory Clinic բուժարանը տեղափոխելով Weston Creek Community Health Centre:
Այստեղ սեղմեցէք ձեր :
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
- Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով.
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: