ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Նիու Սաութ Ուելս անցաւ պատուաստումներու 80 առ հարիւրի թիրախը մինչ Վիքթորիա յայտարարեց $21 միլիոն տոլարի արշաւ մը

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 19 Հոկտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

COVID-19 update

Sails of the Sydney Opera House were lit as a special tribute to frontline workers Source: AAP

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 19 Հոկտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

  • Վիքթորիա $21 միլիոն տոլար ծրարի մը մասին յայտարարութիւն կատարեց խթանելու համար պատուաստումները
  • Շրջանային Նիու Սաութ Ուելսի մէջ աւելցող դէպքերը մտահոգութեան առարկայ
  • Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը յայտնեց որ պիտի մեղմանան սահմանափակումները


Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 1,749 նոր տեղական COVID-19 փոխանցումներ և 11 մահեր:

Նահանգին մէջ 16 տարեկանէ վեր բնակչութեան 89.4 առ հարիւրը ստացած են պատուաստումի առաջին դեղաչափը և 67.2 առ հարիւրը զոյգ պատուաստումները:

Նահանգապետ Տանիել Անտրիուզ տեղեկացուց $21 միլիոն տոլար ծրարի մը մասին խթանելու համար պատուաստումները, ներառեալ շարժուն պատուաստումի բուժարաններ երբ կարիքը ըլլայ համայնքին մէջ:

Վիքթորիայի կառավարութիւնը հաստատեց որ մարդիկ աւելի կարճ ժամանակով մեկուսացումի պիտի ենթարկուին երբ նահանգը հասնի զոյգ պատուաստումներու 70 առ հարիւրին:

մը գտէք ձեր մօտը:

Նիու Սաութ Ուելս   

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 273 նոր տեղական փոխանցումներ և չորս մահեր:

12-15 տարեկան երեխաներու մոտ 75 առ հարիւրը ստացած են իրենց ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի առաջին դեղաչափը, մինչ 35.5 առ հարիւրը լրիւ պատուաստուած են:

Նահանգը նաեւ գերազանցեց 16 տարեկանէն վեր բնակչութեան պատուաստումի 80 առ հարիւր տոկոսի իր թիրախը:

Գլխաւոր Բժշկական Պաշտօնեայ Բժիշկ Քերրի Չանթ մտահոգութիւն յայտնեց շրջաններու մէջ վարակումի դէպքերու աւելնալով և խորհուրդ տուաւ շրջանի բնակչութեան որ պատուաստուին:

Սեղմել, այսօր ձեր առնելու համար:

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց 24 նոր դէպքեր, որոնցմէ 21-ը կաւպ ունին ներկայ բռնկումին հետ:

Հողամասը յայտարարեց որ պիտի մեղմանան ՔՈՎԻՏ-19 սահմանափակումները որովհետեւ 12 և աւելի վեր բնակչութեան 80 առ հարիւրը լրիւ պատուաստուած են:

Բոլոր մանրածախ առեւտուրի վայրերը, հիմնական կամ ոչ, պիտի կարենան բանալ Հինգշաբթի 21 Հոկտեմբեր ժամը 11:59-էն սկսեալ:

Այստեղ սեղմեցէք ժամադրութիւն առնելու համար :

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Քուինզլանտ, ներքին թէ միջազգային ճամբորդութեան երբ նահանգի բնակչութեան 70%, 80% և ապա 90% լրիւ պատուաստուի:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 
 


Share
Published 19 October 2021 9:16pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends