ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. NSW Health կը նուազեցնէ առողջապահութեան աշխատողներու մեկուսացումի ժամանակը

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 28 Դեկտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

The Exterior of St Vincent’s Hospital is seen at Darlinghurst in Sydney, Monday, December 27, 2021.  (AAP Image/Mick Tsikas) NO ARCHIVING

The Exterior of St Vincents Hospital is seen at Darlinghurst in Sydney, Monday, December 27, 2021. Source: AAP/Mick Tsikas

  • NSW Health նուազեցուց մեկուսացումի ժամանակը առողջապահութեան անձնակազմին համար որոնք այժմ կարող են մեկուացումը լքել և գործի վերադառնալ 7 օր ետք փոխանակ 14 օրերու:
  • Սիտնիի St Vincent's հիւանդանոցը ընդունեց որ վերջին օրերուն երկու քննութիւններու ծանր սխալներ գործած է, Երկուշաբթի օր յայտնելով որ 1000 մարդոց տեղեկացուցած էին որ արդիւնքները ՔՈՎԻՏ-ժխտական են մինչ իրականութեան մէջ անոնց արդիւնքները տակաւին յայտնի չէին:
  • Նիու Սաութ Ուելսի առողջապահութեան նախարար Պրատ Հազարտի համաձան, Քուինզլանտի ճամբորդութեան պահանջները պատճառ կը դառնան PCR քննութիւններու համար մեծ խճողումներու:  
  • Առողջապահութեան նախարար Իւէթ Եանկ յայտնեց որ Քուինզլանտ պիտի չնչէ հինգերորդ օրուայ քննութիւնը մարդոց համար որոնք ճամբորդած են այլ նահանգներէ, հակառակ որ սահմանի թոյլտուութեան դիմումները տակաւին կը պահանջեն որ ճամբորդներ համաձայնին քննութեան:  
  • Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ, Փըրթ և Փիլ շրջանները պիտի շարունակեն թիրախաւորուած հանրային առողջապահութեան և ընկերային միջոցներու մինչեւ առտուայ ժամը 6, Երեքշաբթի 4 Յունուար 2022:
  • Երէկ, Աւստրալիա առաջին անգամը ըլլալով գերազանցեց 10,000 նոր ՔՈՎԻՏ-19 վարակումներու թիւը մէկ օրուայ մէջ: Պատճառը Նիու Սաութ Ուելսի, Վիքթորիայի և Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ բարձր թիւերն են: Նիու Սաութ Ուելս արձանագրելով իր առաջին Օմիքրոն մահը:
ՔՈՎԻՏ-19 ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ. 

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց ՔՈՎԻՏ-19-ի 6,062 նոր դէպքեր, մինչ Վիքթորիա արձանագրեց 2,738 նոր վարակումներու դէպքեր և չորս մահեր:

Քուինզլանտ արձանագրեց 1,158 համայնքային դէպքեր և վեց մարդիկ կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ խնամք ստանալով ՔՈՎԻՏ ախտանիշներու համար:

Թազմանիա արձանագրեց 43 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր:

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դէմ առնուած քայլերու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելեցէք : 


 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                          





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 28 December 2021 10:07pm
Updated 28 December 2021 10:10pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends