Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 46 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 16 Victoria-ի մէջ, 14 New South Wales-ի (NSW) և 11 Queensland-ի մէջ:
ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդանոց մնացողներու թիւը կը շարունակէ աճ արձանագրել Աւստրալիոյ նահանգներու և հողամասերու մէջ:
Tasmania նոր վարակումներու ամենաբարձր թիւը արձանագրեց: Երեքշաբթի օր, նահանգին մէջ կային 1,588 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր բաղդատած 1,094 վարակումներու Երկուշաբթի օր:
Queensland տեղեկացուց որ Երեքշաբթի օր, 710 մարդիկ կային ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդանոցին մէջ բաղդատած 598-ի երկուշաբթի օր: Այս նաեւ, անցած չորս ամիսներու, Նահանգի հիւանդանոց մնացողներու ամենաբարձր թիւն է:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
NSW-ի Առողջապահութեան Նախարար Brad Hazzard յայտնեց որ յիմարութիւն է ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը զանց առնելը մինչ նոր տարբերակները (BA.4 և BA.5) կրնան վարակել մարդիկ, որոնք արդէն հիւանդացած են քորոնաժահրով:
Ան ընդունեց որ պատուաստները չեն կեցնէր փոխանցումները, սակայն խթանումի սրսկումներ կրնան պաշտպանել լուրջ հիւանդութիւններու դէմ:
“Եթէ ստացած էք երկու պատուաստները և չեք ստացած երրորդը, յիմարութիւն է," ըսաւ ան:
Պարոն Hazzard բնակիչներուն խորհուրդ տուաւ որ պարզ միջոցներ ձեռք առնեն ինչպէս յաճախ ձեռքերը լուալ, երեսի դիմակ կրել հանրային վայրերուն մէջ և տունը մնալ եթէ լաւ չեն զգար:
Ան յայտնեց որ այս տարի ՔՈՎԻՏ-ի հետ կապ ունեցող մահերու 56 առ հարիւրը (1,232 ) պատահեցաւ մարդոց, որոնք երկու կամ աւելի քիչ սրսկումներ ստացած էին: Ան յայտնեց որ նահանգը Օմիքրոնի երրորդ ալիքին առջեւ կը գտնուի, որ հնարաւոր է գագաթնակէտին հասնի Յուլիսի վերջաւորութեան կամ Օգոստոսի սկիզբը:
Աւստրալիոյ գլխաւոր պատուաստի խորհրդատուական խումբը այսօր կը հանդիպի մինչ կոչերը կը շատնան որ չորրորդ պատուաստը տրուի առողջապահութեան աշխատողներուն և ուրիշներուն:
Victoria-ի նահանգապետ Dan Andrews յայտնեց որ դիւրին պիտի չ'ըլլայ ATAGI-ի համար որ առաջարկէ չորրորդ պատուաստը երբ աւստրալիացիներ կրնան Օմիքրոնի յատուկ պատուաստ մը ստանալ յառաջիկայ ամիսներուն:
Պարոն Andrews յայտնեց որ ներկայ ճնշումը նահանգի առողջապահութեան դրութեան վրայ շատ սուր է: Ան կոչ ուղղեց որ չորրորդ պատուաստը տրուի առողջապահութեան աշխատողներուն:
Որոշ նահանգներ և հողամասեր կը քննեն եթէ կրկին պիտի պարտադրեն դիմակ կրելը մինչ կը շատնան հիւանդանոց մնացողներու, վարակուածներու և մահերու թիւերը:
South Australia և NSW կոչ ուղղեցին որ դաշնային կառավարութիւնը մեղմացնէ ՔՈՎԻՏ-19 դեղերու մատչելիութեան օրէնքները:
Ներկայիս, ժահրի դէմ խնամք կրնան ստանալ տարեցներ, Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներ որոնք 50 տարեկանէ վեր են կամ այլ հիւանդութիւններ ունին կամ 18 տարեկան և աւելի վեր անձեր որոնց վարակամերժ դրութիւնը տկարացած է:
Կարդացէք վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք