ՔՈՎԻՏ-19 ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ. Նիու Սաութ Ուելս կ'ընդարձակէ անհրաժեշտ գործաւորներու ցանկը մինչ Վիքթորիայի շփումի վայրերը կը բազմանան

Այս Աւստրալիոյ մէջ Քորոնաժահրի լուրերու թարմացումն է, 18 Յուլիս 2021-ի համար:

Victorian health authorities have locked down the Isola apartment building in Richmond

The exterior of the Isola apartment block is seen in Richmond, Melbourne, Sunday, July 18, 2021. Source: AAP/James Ross

  • Նիու Սաութ Ուելս ընդլայնեց ցանկը լիազօրուած աշխատողներու, որոնք իրաւունք ունին հեռանալու Fairfield, Canterbury-Bankstown և Liverpool շրջաններէն
  • Վիքթորիայի մէջ ՔՈՎԻՏ-19 շփումի վայրերը կը շարունակեն աւելնան

Նիու Սաութ Ուելս

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 105 նոր տեղական քորոնաժահրի դէպքեր: 66 դէպքերը կապուած էին յայտնի խումբի մը հետ, 39 դէպքերու աղբիւրը տակաւին կ'ուսումնասիրուի: 90-ական տարիքի կին մը մահացաւ Հարաւ-Արեւելեան Սիտնիի մէջ:

Տեղական կառավարական  և  շրջաններու բնակիչներ իրաւունք չ'ունին հեռանալու այդ շրջաններէն բացի եթէ կ'աշխատին առողջապահութեան, արտակարգ դրութեան ծառայութիւններու կամ սուբըրմարքէթներու, խմիչքի խանութներու, լրագրավաճարատուներու, գրասենեակներու, կենդանիներու մատակարարումի խանութներու և պարտէզի կեդրոններու մէջ:  

Երկուշաբթի Յուլիս 19, առաւօտեան ժամը 12:01-էն սկսեալ, պիտի դադրին շինութեան և ոչ-անհրաժեշտ շինութիւններու բոլոր աշխատանքները, ներառեալ մաքրութեան ծառայութիւնները և բնակարաններու վերանարորգումի աշխատանքները: Կը նախատեսուի որ այս սահմանափակումը պիտի ազդէ 500,000 շինարարութեան գործաւորներու վրայ Նիու Սաութ Ուելսի մէջ:

Այստեղ գտնել, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ: Ներկայ արգելափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Ուրբաթ Յուլիս 30 երեկոյան ժամը 11:59:

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 16 նոր տեղական դէպքեր և 2 դէպքեր արտասահմանէն վարակուած: Վիքթորիայի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը 70 է:

Այժմ կան 215 նոր շփումի վայրեր: Վերջին աւելցած շրջաններն են` Altona Meadows, Kew և Truganina թաղամասերը: Phillip Island-ի բնակիչներուն խորհուրդ տուին որ ստուգուին: Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ: Հինգերորդ արգելափակումը պիտի տեւէ մինչեւ Երեքշաբթի 20 Յուլիս երեկոյան ժամը 11:59:

Վերջին 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Աւստրալիական Մայրաքաղաքի Հողամասը և Քուինզլանտ, համայնքային ոչ մէջ փոխանցում արձանագրեցին այսօր: 
  • Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ մոտ 100,000 պատուաստանիւթեր տրամադրեցին Adelaide Showground-ին  Wayville-ի մէջ:
  • Թազմանիա սահամանը փակեց Նիու Սաութ Ուելսի առջեւ:


ՔՈՎԻՏ-19 ԱՌԱՍՊԵԼ.

Առողջ երիտասարդներ չեն ազդուիր ՔՈՎԻՏ-19-էն: Միայն կը վնասէ տարեց կամ հիւանդ մարդոց:

ՔՈՎԻՏ-19 փաստ.

Ժահրը աւելի շատ ազդեցութիւն կը գործէ տարեց մարդոց և անոնց վրայ որոնք նախապէս հիւանդութիւն ունին սակայն վնաս կը հասցնէ և կը սպաննէ նաեւ առողջ երիտասարդ անձեր եւս:  


 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 18 July 2021 7:20pm
Updated 18 July 2021 7:31pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends