Քովիտ-19 թարմացում. Նիու Սաութ Ուելս "ազգային արտակարգ իրավիճակ" կը յայտարարէ

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 23 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

NSW Premier Gladys Berejiklian and Chief Health Officer Dr Kerry Chant

NSW Premier Gladys Berejiklian and Chief Health Officer Dr Kerry Chant at a press conference to provide a COVID-19 update Source: AAP Image/POOL/Mick Tsikas

  • Նիու Սաութ Ուելսի Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Բժ. Քերրի Չանթ "ազգային արտակարգ իրավիճակ" յայտարարեց:
  • Նահանգապետ Պերեճիքլեան խնդրեց աւելի Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստանիւթեր հարաւ-արեւմտեան և արեւմտեան Սիտնիի համար:  
  • Հակառակ Վիքթորիայի ցած թիւերուն, նահանգապետ Անտրիուզ չկրցաւ կանխատեսել արգելափակումի վերջը:  
  • Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը պիտի թոյլատրուի 12-էն 15 տարեկաններու համար:

Նիու Սաութ Ուելս 

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 136 նոր տեղական դէպքեր, որոնցմէ 53-ը վարակիչ էին համայնքին մէջ և մէկ հաստատուած մահ երեկ գիշեր: 

Cumberland և Blacktown տեղական կառավարման շրջաններու բնակիչներ, պիտի չկարենան իրենց տուներէն հեռանալ աշխատելու համար, բացի եթէ առողջապահութեան և արտակարգ դրութիւններու հատուածին մէջ կ'աշխատին վրայ են:

Այստեղ գտէք, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ:  

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 14 նոր դէպքեր, որոնցմէ չորսը վարակիչ էին մինչ կը գտնուէին համայնքին մէջ: Նահանգին մէջ ներկայ վարակուածներու թիւը 158-ն է:

19.000-է աւելի նախնական մոտիկ շփումներ կան նահանգի տարածքին որոնք ինքնա-մեկուսացումի մէջ են:

Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:  Ներկայ արգելաբակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59:  

Վերջին 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Հարաւային Աւստրալիա արձանագրեց միայն ՔՈՎԻՏ-19 մէկ դէպք, 23,500 քննութիւններէ ետք:  
  • Qantas-ի թռիչք սպասարկող մը դրական արդիւնք տուաւ Քուինզլանտի մէջ վեց շրջանային թռիչքներ կատարելէ ետք:  
  • 40 տարեկանէ վար անձեր տակաւին մինչեւ Սեպտեմբեր կամ Հոկտեմբեր պիտի սպասեն ստանալու համար Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը, մինչ Աւստրալիոյ բժշկական կարգաւորիչը, Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը, հաւանութիւն տուաւ որ պատուաստանիւթը օգտագործուի 12-էն 15 տարեկաններու համար: 

 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 23 July 2021 7:48pm
Updated 23 July 2021 7:51pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends