- Նիու Սաութ Ուելսի մէջ ընտանեկան հաւաքոյթները գլխաւոր պատճառներէն մէկն են որ կը նպաստեն բարձր թիւերուն:
- Վիքթորիայի մէջ սահմանափակումներու նուազեցումը տակաւին պէտք է վերջնականացուի:
- Հարաւային Աւստրալիա կը հաստատէ արգելափակումի վերջը:
- Քուինզլանտ բարձր ահազանգի մէջ է. վարակուած անձ մը Սիտնիէն մտած է նահանգ:
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 145 նոր տեղական վարակումի դէպքեր: Ֆէրֆիլտի մէջ դէպքերը նուազում արձանագրեցին: Ոստիկանութեան Յանձնակատար Միք Ֆուլլըր զգուշացուց որ անոնք որոնք կը ծրագրեն Սիտնիի մէջ բողոքել արգելափակումի ժամանակ, պիտի ձերբակալուին:
Յառաջիկայ օրերուն, տեղական դեղարաններ հնարաւորութիւն պիտի ունենան տրամադրելու ԱսդրաԶենեքա պատուաստը 60 տարեկանէ վեր անձերուն, յայտնեց Նիու Սաութ Ուելսի Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Տոքթ. Քերրի Չանթ, շեշտելով որ Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի պակաս կայ:
Վիքթորիա
Վիքթորիա արձանագրեց 11 նոր տեղական դէպքեր: Բոլոր դէպքերն ալ կապուած են ներկայ Տելթա տարբերակի բռնկումին հետ և քառանթինի մէջ էին մինչ վարակիչ էին: Նահանգի վարակուածներու ընդհանուր դէպքերը 190 էին:
Հինգերորդ արգելափակումը պէտք է վերջ գտնէ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59-ին, սակայն իշխանութիւններ կ'ըսեն որ "տակաւին վերջնական որոշում առնուած չէ”:
Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին
- Պարտադիր երեսի դիմակ կրելը ուժի մէջ կը մնայ Հարաւ Արեւելեան Քուինզլանտի մէջ: Այստեղ գտէք
- Հարաւային Աւստրալիա շիտակ ուղիի վրայ կը գտնուի սահմանափակումները վերացնելու Չորեքշաբթի առտուայ ժամը 12:01-ին, սակայն որոշ օրէնքներ պիտի մնան:
- Դաշնակցային առողջապահութեան Գերատեսչութեան համաձայն, Աւստրալիոյ մէջ 2117 ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքեր կան:
ՔՈՎԻՏ-19 Առասպել
Առողջ երիտասարդներ չեն ազդուիր ՔՈՎԻՏ-19-էն: Միայն կը վնասէ տարեց կամ հիւանդ մարդոց:
ՔՈՎԻՏ-19 Փաստ.
Ժահրը աւելի շատ ազդեցութիւն կը գործէ տարեց մարդոց և անոնց վրայ որոնք նախապէս հիւանդութիւն ունին սակայն վնաս կը հասցնէ և կը սպաննէ նաեւ առողջ երիտասարդ անձեր եւս:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ