- Նիու Սաութ Ուելսի դէպքերը աճ կ'արձանագրեն:
- Արգելափակումի դէմ ցոյցեր Սիտնիի և Մելպըրնի մէջ:
- Վիքթորիա ամբողջ Նիու Սաութ Ուելսը կը յայտարարէ ՔՈՎԻՏ-19 “ծայր աստիճան վտանգաւոր գոտի:”
- Հարաւային Աւստրալիա շիտակ ուղիի վրայ կը գտնուի վերջ դնելու մէկ շաբաթ տեւող արգելափակումին:
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս 163 տեղական դէպքեր արձանագրեց որ ամենաբարձր օրական նոր դէպքերու թիւն է Յունիսին Տելթա բռնկումի սկզբնաւորութենէն ի վեր: Նիու Սաութ Ուելսի ոստիկանութիւնը 246 անձեր տուգանեց, հանրային առողջապահութեան օրէնքները, անտեսելու համար: Տելթա բռնկումի մահերու թիւը այժմ վեց է:
Աւելի խիստ սահմանափակումներու պիտի ենթարկուին Սիտնիի տեղական կառավարման յաւելեալ երկու վայրեր, Cumberland և Blacktown: Միայն կրնան հեռանալ այս շրջաններէն:
Վիքթորիա
Վիքթորիա տեղական փոխանցումներու 12 նոր դէպքեր արձանագրեց, որոնցմէ միայն երկու հատը համայնքին մէջ էին փոխանցիկ վիճակի մէջ:
Առողջապահութեան Գլխաւոր Պաշտօնեայ Պրեթ Սաթթըն Ուրբաթ օր ուշ ատեն Նիու Սաութ Ուելսը “ծայրայեղ վտանգի գօտի” յայտարարեց, որ ուժի մէջ մտաւ ժամը 11,59-էն:
Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ: Ներկայ արգելաբակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59:
Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին
- Հարաւային Աւստրալիոյ Նահանգապետ Սթիվըն Մարշալ յայտնեց որ նահանգը շիտակ ուղիի վրայ կը գտնուի Երեքշաբթի օր դուրս գալու արգելափակումէն իսկ դպրոցները պիտի բացուին Չորեքշաբթի օր:
- Արգելափակումի դէմ հազարաւոր ցուցարարներ խախտեցին ՔՈՎԻՏ-19 սահմանափակումները և հաւաքուեցան Սիտնիի և Մելպըրնի մէջ:
ՔՈՎԻՏ-19 Առասպել.
Առողջ երիտասարդներ չեն ազդուիր ՔՈՎԻՏ-19-էն: Միայն կը վնասէ տարեց կամ հիւանդ մարդոց:
ՔՈՎԻՏ-19 Փաստ.
Ժահրը աւելի շատ ազդեցութիւն կը գործէ տարեց մարդոց և անոնց վրայ որոնք նախապէս հիւանդութիւն ունին սակայն վնաս կը հասցնէ և կը սպաննէ նաեւ առողջ երիտասարդ անձեր եւս:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: