ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Նիու Սաութ Ուելս և Վիքթորիա կ’արձանագրեն վարակումի աւելի բարձր օրական թիւեր

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 22 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

Cleaners are seen at work inside of the Prahran Market in Melbourne, Thursday, July 22, 2021.

Prahran Market is undergoing a deep clean after it was revealed a customer, who tested positive for COVID-19, visited on July 17 between 9.40am and 11.15am. Source: AAP Image/James Ross

  • Նահանգապետը զգուշացուց որ Նիու Սութ Ուելսի մէջ կ'ակնկալուի որ ՔՈՎԻՏ-19 թիւերը շատնան:
  • Մելպըրնի հարաւ-արեւելեան Prahran Market շուկան յայտարարուեցաւ առաջին կարգի շփումի վայր:
  • Այժմ 71 շփումի վայրեր կան Ատըլայտի մէջ:
  • Թազմանիայի մէջ, 40-ական տարիքի մարդ մը մահացաւ ստանալէ ետք AstraZeneca պատուաստը:

Նիու Սաութ Ուելս  

Նիու Սաւթ Ուելս արձանագրեց 124 տեղական փոխանցումներ, որոնցմէ մինչեւ 87 փոխանցիկ էին մինչ համայնքին մէջ կը գտնուէին: 30 դէպքեր յայտնաբերուեցան Fairfield տեղական կառավարման շրջանին մէջ:  

Ուրբաթ 23 Յուլիսէն, առողջապահութեան և տարեցներու խնամքի աշխատողներ, որոնք կ'ապրին Canterbury-Bankstown շրջաններուն մէջ, պէտք է ՔՈՎԻՏ-19-ի քննութիւն կատարեն երեք օրը մէկ որպէսզի կարենան հեռանալ իրենց տեղական կառավարման շրջանէն աշխատելու համար:

Այստեղ գտէք, ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ:  Ներկայ արգելափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Ուրբաթ Յուլիս 30 երեկոյան ժամը 11:59:

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 26 տեղական նոր դէպքեր, այս տարուայ ամենաբարձր օրական թիւը: Ներկայիս նահանգի ընդհանուր վարակումներու թիւը 146 է:

Մոտ 18,000 նախնական մոտիկ շփումներ ինքնամեկուսացումի մէջ են նահանգի տարածքին, մինչ շփումներու վայրերը աւելցան 380-ի:

Այստեղ գտէք, ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:  Ներկայ արգելաբակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59:  

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Հարաւային Աւստրալիա արձանագրեց երկու նոր դէպքեր, ներկայ բռնկումի նահանգի վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 14-ի:
  • Քուինզլանտ իր սահմանները պիտի փակէ մնացեալ Նիու Սաութ Ուելսի հետ Ուրբաթ, 23 Յուլիսին:  
  • 40-ական տարիքի Թազմանիայէն մարդ մը, մահացաւ ստանալէ ետք AstraZeneca-ի իր առաջին պատուաստը:

 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 22 July 2021 8:29pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends