ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Հիւսիսային Հողամասի արգելափակումը երկարաձգուած մինչեւ եօթը օր

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 16 Նոյեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

Michael Gunner

Source: SBS

  • Երեք օրուայ արգելափակումը Հիւսիսային Հողամասի Քաթըրին շրջանին մէջ, երկարաձգուեցաւ եօթը օրուայ, ինը նոր դէպքերէ ետք: Հիւսիսային Հողամասին մէջ բոլոր դէպքերը Ապօրիճին են: Գլխաւոր Նախարար Մայքըլ Կաննըր քաջալերեց Հողամասի բնակչութիւնը որ պատուաստուին:
  • Քուինզլանտ վերաբացաւ իր սահմանները Նիու Սաութ Ուելսէն ճամբորդներու առջեւ տնային մեկուսացումով:
  • Հինգ Շաբաթուայ հետազոտութիւն մը սկսաւ St Basil's Homes for the Aged տարեցներու խնամքի կեդրոնին մէջ քորոնաժահրի մահերու հարցով, որ նահանգի ամենամահացու բռնկումներէն մէկն է:
  • Ազգային գրագիտութեան թէժ գիծը, Կարդալու Գրելու Թէժ Գիծը, Հոկտեմբերին 46 առ հարիւր զանգերու յաւելում արձանագրեց շփոթեցուցիչ տեղեկութիւններու պատճառով, որոնք կը վերաբերին առողջապահական ՔՈՎԻՏ պատուաստումներուն:
  • Վիքթորիայի խորհրդարանը կը քննարկէ իր առաջարկած համաճարակի օրէնքները մինչ բողոքները կը շարունակուին:
ՔՈՎԻՏ-19 ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ.

Վիքթորիա արձանագրեց 797 տեղական փոխանցումներու դէպքեր և ութը մահեր: 
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 212 նոր համայնքային դէպքեր և երկու մահեր: 
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց 12 նոր տեղական դէպքեր իսկ Հիւսիսային Հողամասը ինը:
Նոր Զելանտա արձանագրեց իր ամենաբարձր 222 ցուցանիշը համաճարակը սկսելէն ի վեր և մէկ մահ:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 16 November 2021 8:12pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends