ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Հիւսիսային Հողամասը կ'երկարաձգէ արգելափակումը նոր դէպքերու պատճառով

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 23 Նոյեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

Kiongozi wa Wilaya ya Kaskazini Michael Gunner azungumza na waandishi wa habari katika bunge la NT mjini Darwin

Kiongozi wa Wilaya ya Kaskazini Michael Gunner, azungumza na waandishi wa habari katika bunge la NT mjini Darwin. Source: AAP Image/Aaron Bunch

  • Հիւսիսային Հողամասը արգելափակումի մէջ պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 4, պատճառը 3 նոր տեղական դէպքերն են, որոնցմէ մէկը երեխայ մըն է:
  • Քուինզլանտի նահանգապետ Անասթազիա Փալուշէ յայտնեց որ ճամբորդութիւններ դէպի Սիտնի հնարաւոր չէ մինչեւ որ Քուինզլանտ չհասնի 90 առ հարիւր պատուաստումի թիրախին:
  • Նիու Սաութ Ուելս կոչ ուղղեց որ բարեփոխուի տեղական ճամբորդներու քննութեան դրութիւնը:
  • Հարաւային Աւստրալիա թոյլատրեց առանց մեկուսացումի ճամբորդութիւն Նիու Սաութ Ուելսէն, Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասէն և Վիքթորիայէն ճամբորդներու համար: Ուրբաթ օրուընէ, 43,000 ճամբորդներ դիմած էին  կայքին միջոցով: 
  • Մարդիկ որոնք կը ճամբորդեն Տեղական Կառավարական Շրջաններէ ուր պատուաստումի տոկոսը 80 առ հարիւրէն պակաս է տակաւին պէտք է որ մեկուսանան Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ:
ՔՈՎԻՏ-19 ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ.  

Վիքթորիա արձանագրեց 827 տեղական փոխանցումի դէպքեր և 19 մահեր: Ասոնցմէ 17 պատուաստուած չէին:
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 173 նոր համայնքային դէպքեր և երկու մահեր:  
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց 19 նոր տեղական դէպքեր:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 23 November 2021 9:21pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends